Հոգե-մտաւոր

ՆՈՐ ՍԻՐՏ ԵՒ ՆՈՐ ՀՈԳԻ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Զե­զի նոր սիրտ պի­տի տամ, ու ձեր ներ­սի­դին նոր հո­գի պի­տի դնեմ» (Ե­ԶԵԿ. ԼԶ 26)։ Ներ­քին խա­ղա­ղու­թիւ­նը անհ­րա­ժե՛շտ է մար­դուս հա­մար։ Խոր­հե­ցէք, սի­րե­լի­նե՜ր, ան­գամ մը՝ ա­մէն ի՛նչ ու­նիք, բայց չու­նիք խա­ղա­ղու­թիւն, ի՜նչ պի­տի ար­ժեն ձեր ու­նե­ցած­նե­րը, երբ զա­նոնք չէք կրնար վա­յե­լել խա­ղա­ղու­թեամբ։

ՅԻՍՈՒՍԻ ԼԵՐԱՆ ՔԱՐՈԶԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յի­սուս, լե­րան վրայ խօ­սած քա­րո­զին մէջ՝ թան­կա­գին դա­սեր սոր­վե­ցուց Իր ա­շա­կերտ­նե­րուն՝ Աս­տու­ծոյ ա­պա­ւի­նե­լու, վստա­հե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան նկատ­մամբ։ Այս դա­սե­րը նպա­տակ ու­նէին քա­ջա­լե­րե­լու Աս­տու­ծոյ զա­ւակ­նե­րը բո­լոր դա­րե­րու եւ շրջան­նե­րու մէջ, ու մին­չեւ մեր օ­րե­րը՝ մե­զի կը հաս­նին ա­նոնք, մեզ խրա­տե­լու եւ սփո­փե­լու հա­մար։

ԱՊՐԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ ա­նի­րաւ­ներ կը քա­լեն մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ, իսկ ար­դար­ներ եւ ի­րա­ւա­ցի­ներ նկուն են ընդ­հան­րա­պէս։ Հին շրջան­նե­րէ ի վեր այս ի­րո­ղու­թիւ­նը չէ՛ փո­խուած՝ չա­րա­միտ­ներ կը յա­ջո­ղին եւ ար­դար­ներ կը ձա­խո­ղին։

«ԴՐԱԽՏ»ԻՆ ՄԱՆՐԱՆԿԱՐԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Եր­կինք ու եր­կիր Աս­տու­ծոյ փառ­քը կը պատ­մեն ան­տա­րա­կոյս։ Միան­գա­մայն՝ յե­տին մաս­նի­կը «ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան մեծ ծրագ­րին»։ Ցո­րե­նա­հա­տիկ մը, մէկ հա­տիկ գե­ղե­ցիկ ծա­ղիկ մը, դեղ­նած կամ կա­նաչ տե­րեւ մը, ձիւ­նի փա­թիլ մը, խո­տի անն­շան շեղբ մը, եւ հա­զար ու մէկ, տե­սակ տե­սակ բնու­թեան հրա­շա­լիք­ներ, վեր­ջա­պէս այն մի­լիո­նա­ւոր միա­ւոր­նե­րը՝ ո­րոնց­մով կը ստեղծուի, կը յօ­րի­նուի բնու­թեան հիա­նա­լի՜ հա­մայ­նա­պատ­կե­րը։

ԹԱՂՈՒԱԾ ԱՐԺԷՔՆԵՐ

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բնաւ խոր­հա՞ծ էք, թէ կեան­քի մէջ ի՜նչ ար­ժէք­ներ, բա­րիք եւ գե­ղեց­կու­թիւն­ներ կան՝ ո­րոնք թա­ղուած ու ծած­կուած՝ կը սպա­սեն, որ մէ­կը անդ­րա­դառ­նայ ի­րենց գո­յու­թեան եւ յայտ­նուին։ Ի՜նչ գան­ձեր կան պա­հուած, քօ­ղար­կուած՝ ան­յայտ, ո­րոնք կը սպա­սեն օգ­տա­կար ըլ­լա­լու, բայց ան­յայտ կը մնան՝ ան­տար­բեր ու ան­հոգ մար­դոց աչ­քին։

ՀԱՒԱՏՔԻ ԱՌԱՐԿԱՆԵՐԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ կը փոր­ձենք խորհր­դա­ծել հա­ւատ­քի մա­սին։ Սա­կայն ըստ էու­թեան, հա­ւատ­քը բա­ցատ­րել դժուար է, քա­նի որ իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ տար­բեր հաս­կա­ցո­ղու­թիւն մը ու­նի ա­նոր մա­սին, եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռով հա­ւատ­քը ըմբռ­նել, ի­ւրաց­նել եւ հաս­տա­տա­պէս թա­փան­ցել ա­նոր ի­մաս­տին դիւ­րին չ՚ըլ­լար շատ ան­գամ։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ԽՕՍԻ ՄԵԶԻ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աս­տուած մի՛շտ կը խօ­սի մե­զի հետ, բայց քի­չեր կ՚անդ­րա­դառ­նան այդ աս­տուա­ծա­յին խօս­քին եւ քի­չեր կը լսեն զԱյն։ Ե­րա­նի՜ այն «քիչ»ե­րուն՝ որ կ՚անդ­րա­դառ­նան Աս­տու­ծոյ խօս­քին ու կը լսեն զայն։

ՆՈՐ ԿՏԱԿԱՐԱՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Միեւ­նոյն յու­նա­րէն բա­ռը կը նշա­նա­կէ թէ՛ «ուխտ» եւ թէ «կտակ»։ Այն նոր ու վերջ­նա­կան ուխ­տը՝ զոր Աս­տուած ը­րաւ մար­դոց հետ, կտա­կի մը յատ­կու­թիւ­նը ստա­ցաւ, կտա­կա­րա­րին մա­հուամ­բը, եւ այս­պէս այն քսան եւ եօթ գրու­թիւն­նե­րը՝ ո­րոնք ա­նոր նուի­րա­կան վա­ւե­րա­գիր­նե­րը կը հա­մա­րուին, «Նոր Կտա­կա­րան» ա­նու­նը ստա­ցան։

ԴԱՏԵԼ ԵՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼ

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ու­րի­շը դա­տե­լու ե՛ւ դա­տա­պար­տե­լու ա­րար­քը՝ զայն ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կը մղէ եւ են­թա­կան ան­գի­տակ­ցա­բար կը յա­մա­ռի իր սխա­լին մէջ։ Ուս­տի դա­տե­լու եւ դա­տա­պար­տե­լու ա­րար­քը պէտք է ար­դար եւ ի­րա­ւա­ցի ըլ­լայ՝ որ­պէս­զի ա­ռիթ մը չներ­կա­յա­նայ են­թա­կա­յին, իր սխա­լին մէջ յա­մա­ռե­լու։

Էջեր