Հոգե-մտաւոր

ՀՐԱՇՔԸ՝ ԿԵԱՆՔԻ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հրաշ­քը՝ բնու­թեան օ­րէնք­նե­րուն, սո­վո­րա­կան կա­նոն­նե­րու այն­պի­սի բա­ցա­ռու­թիւն­ներ են՝ ո­րոնց մարդ ան­մի­ջա­պէս կ՚անդ­րա­դառ­նայ, քա­նի որ ա­նոնք զգա­լի դէպ­քեր են եւ ուղ­ղու­թիւն կու տան սո­վո­րա­կան կեան­քին ան­սո­վոր կեր­պով ըն­թացք մը ստա­նա­լուն։

ԽԱՂԱՂԱՒԷՏ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Քրիս­տո­սի մէջ՝ Քրիս­տո­սով ապ­րուած կեանք մը խա­ղաղ ու հանգս­տա­ւէտ կեանք մըն է։ Եւ այս խա­ղաղ կեան­քը վստա­հու­թիւն կը ներշն­չէ մար­դուն՝ որ կա­րօ­տը ու պա­հանջ­քը ու­նի ա­պա­հո­վու­թեան եւ պէտ­քը կը զգայ միշտ վստա­հե­լի անձ­նա­ւո­րու­թեան մը։

ՆԱԽ ԵՐԵՔ ԱՆԳԱՄ ԽՈՐՀԻԼ՝ ԵՒ ՅԵՏՈՅ ՄԷԿ ԱՆԳԱՄ ԽՕՍԻԼ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ի­մաս­տու­թիւն է՝ նախ խոր­հիլ եւ յե­տոյ խօ­սիլ։ Իսկ ան­խո­հե­մու­թիւն է՝ ա­ռանց դա­տե­լու, կշռե­լու խօ­սիլ։ Ի­րաւ է, որ խօս­քը միտ­քը, մտա­ծու­մը կը յայտ­նէ, բայց խօս­քին ու խօ­սա­ծին ու­շա­դիր ըլ­լալ՝ կեն­ցա­ղա­վա­րա­կան պա­հանջք մըն է, որ կ՚են­թադ­րէ յար­գել դի­մա­ցի­նին, խօ­սա­կի­ցին ան­ձը եւ մա­նա­ւանդ խու­սա­փիլ ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւն վի­րա­ւո­րե­լէ։

​ԲԱՐԻՔՆԵՐՈՒ ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ո՜վ գի­տէ որ­քան բա­րիք, որ­քան գե­ղեց­կու­թիւն կ՚ան­տե­սենք՝ ո­րոնք կը գտնուին մեր շուր­ջը, ան­մի­ջա­պէս մեր մօ­տը, եւ մեր ու­շադ­րու­թիւ­նը կը կեդ­րո­նաց­նենք ա­ւե­լի չա­րիք­նե­րու, տգե­ղու­թիւն­նե­րու։ Եւ ա­ւե­լի ցա­ւա­լին՝ սու­տը, սխա­լը ան­մի­ջա­պէս կը հրա­պու­րէ մեզ, բայց ճշմա­րի­տը, շի­տա­կը կը վրի­պի մեր ու­շադ­րու­թե­նէն։

ԵՐԵՔ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կը պատ­մուի, թէ մարդ մը ե­րեք ըն­կեր­ներ ու­նէր։ Ան ե­րեք ըն­կեր­նե­րէն եր­կու­քը շատ կը սի­րէր, իսկ եր­րոր­դին հան­դէպ ան­տար­բեր էր, հա­կա­ռակ ա­նոր որ եր­րորդ ըն­կե­րը ա­ւե­լի կա­պուած էր ի­րեն։

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երբ կը տօ­նենք Յի­սուս Քրիս­տո­սի Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան հրա­շա­լի դէպ­քը՝ Ե­կե­ղե­ցին, մա­նա­ւանդ կը շեշ­տէ Ա­նոր ճա­ռա­գող աս­տուա­ծա­յին փառ­քը ու փայ­լը։ Ինչ­պէս կը վկա­յէ Ա­ւե­տա­րա­նը, Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան ըն­թաց­քին Յի­սու­սի ամ­բող­ջո­վին լոյ­սով ո­ղո­ղուի­լը եւ Ան­կէ լոյ­սի ճա­ռա­գու­մը կը հաս­տա­տէ Ա­նոր աս­տուա­ծա­յին բնու­թիւ­նը։

ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թիւն կամ Այ­լա­կեր­պու­թիւն՝ «Վար­դա­վառ»ը՝ հինգ Տա­ղա­ւար­նե­րու եր­րորդն է։ Քրիս­տո­նէա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ Պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան տօ­նը՝ Քրիս­տո­սի աս­տուա­ծու­թեան բա­ցա­յայտ­ման տօ­նախմ­բու­թիւնն է։

ԱՊԵՐԱԽՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ կեան­քի ըն­թաց­քին զա­նա­զան դէպ­քե­րու ա­կա­նա­տես կ՚ըլ­լայ, կ՚ապ­րի, կ՚ազդուի ու կը տպա­ւո­րուի, ո՛ր մէ­կը հա­ճոյք, ու­րիշ մէ­կը ցաւ կը պատ­ճա­ռէ. ո՛ր մէ­կը կ՚անց­նի կ՚եր­թա՜յ, ու­րիշ մէ­կը տեղ կը գրա­ւէ մտքին ու սրտին մէկ ան­կիւ­նը, միշտ կը մնայ որ­պէս ան­բու­ժելի վէ՛րք մը…։

ՄՏՔԻ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մար­դուս սե­փա­կա­նու­թիւ­նը հո­գի՛ն է, եւ ա­նոր զօ­րու­թեան մի­ջո­ցով կը հաս­նի ի­մաս­տա­սի­րա­կան ու գա­ղա­փա­րա­յին վե­րելք­նե­րու եւ մտքին կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը կը ծա­ռա­յեց­նէ մարդ­կա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան յա­ռաջ­դի­մու­թեան ու լու­սա­ւո­րու­թեան։

Էջեր