ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (ԺԹ.)
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաջողութեան մէջ առաջնահերթ պէտք է ըլլայ ինքնագոհացումը. մարդ պէտք չէ՛ յաջողի ուրիշները «գոհացնելու» եւ կամ ուրիշներու մօտ «նախանձ» ստեղծելու համար, այլ պէտք է յաջողի նախ եւ առաջ ինքն իր անձին համար եւ չբաւարարուի այդ յաջողութեամբ, որովհետեւ իւրաքանչիւր յաջողութիւն նոր յաջողութիւններու փնտռտուքին կ՚առաջնորդէ մարդ արարածը, ինչ որ զինք հեռու կը պահէ լճացումէ.