ՄԵՐ ՈՍԿԵՏԱՌ ԱՅԲՈՒԲԵՆԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ի՜նչպէս անուանել մեր այբուբենը՝ աստուածատո՞ւր, ոսկետա՞ռ, թէ՝ անգի՛ն։ Ի՛նչպէս անուանել ան, յայտնի եւ յստակ է, որ թանկագին գանձ մըն է այբուբենը։ Արժէք մը՝ որ հետզհետէ կ՚աւելնայ, կը բարդուի արժէքը գիտցող, արժէքաւոր միտքերու եւ հոգիներու մէջ։