ԵՐԿՆԱԿԱՄԱՐԻՆ ԿԱՊՈՅՏԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երկինքի անբիծ կապոյտը հրաւէ՛ր է մարդկութեան հաւատքի, մաքուր կեանքի, բարի ապրելու, ճշմարիտ արժէքներ ճանչնալու եւ վերջապէս՝ յաւիտենական կեանքի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երկինքի անբիծ կապոյտը հրաւէ՛ր է մարդկութեան հաւատքի, մաքուր կեանքի, բարի ապրելու, ճշմարիտ արժէքներ ճանչնալու եւ վերջապէս՝ յաւիտենական կեանքի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ որքա՞ն անտարբեր կրնայ ըլլալ՝ ապրած կեանքը որքա՞ն կրնայ ապրիլ անգիտակցաբար, մեքենայի մը միօրինակութեանը մէջ։ Արդարեւ, մարդուն բնութիւնը կը մղէ զինք հետաքրրքուելու, ուսումնասիրելու, գիտնալու եւ երբեմն խորը թափանցելու եւ հասկնալու իր եւ իր շուրջ պատահած իրադարձութիւններուն նկատմամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Շողոքորթութիւն» կեղծաւորութեան արտայայտութիւնն է, որ ընդհանրապէս չարամտութեամբ կը գործածուի։ Կերպով մը խաբէութիւն է՝ որուն միջոցով կը մտադրուի շահ մը ապահովել կամ ապօրինի օգուտ քաղել։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Թշնամութիւն» բառը ամենէն նողկալի բառն է ամէն լեզուի բոլոր բառարաններուն մէջ։ Երանի՜ թէ չըլլար թշնամութեան զգացումը մարդոց մէջ եւ չգործածուէր այդ բառը՝ բոլոր լեզուներու մէջ անխտիր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Սուտ»ը կը կայանայ սխալ բան մը ըսելու մէջ՝ խաբելու դիտաւորութեամբ, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս։ Ուստի սուտին մէջ ճշմարտութիւն չի գտնուիր։ Սուտը, այս իմաստով, ճշմարտութեան դէմ ամենէն մեծ եւ ուղղակի թշնամին է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Խոհեմութիւն» զգուշաւոր եւ շրջահայեաց ըլլալ, որեւէ գործի մը սկսելէ առաջ լա՛ւ մը խորհիլ եւ մէկ անգամէն որոշում չտա՛լ, կը նշանակէ։ Այս իմաստով «խոհեմութիւն»ը առաքինութիւն մըն է, յատկութիւն մը՝ որ մարդս կը պահէ շատ մը վտանգներէ եւ արգելք կը հանդիսանայ հաւանական վնասներու իրականացման։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բարկութիւն, «ցասում», «զայրոյթ», զգացում մը՝ որ յաճախ կը դիմաւորուինք մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ։ Զգացո՛ւմ մը՝ որ թէ՛ կը զգանք եւ թէ կը դիմաւորուինք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնական երեւոյթ մըն է՝ մարդ, ընդհանրապէս իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ իր իսկ գործերուն «մեծութեան» ու «կարեւորութեան» վրայ եւ ինքզինք «մե՛ծ» ու «կարեւո՛ր» անձ մը կը նկատէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բարեկամութիւն»ը իր իսկական իմաստով, մարդկային ամէն յարաբերութիւններու մէջ գերադաս զգացում մըն է՝ գլխաւորը, անհրաժեշտը եւ լրացուցիչը անոնց։ Մարդկային յարաբերութիւններու գագաթնակէ՛տն է բարեկամութիւնը, քանի որ անոր ազդակները ո՛չ թէ նիւթական կամ մարմնաւոր, այլ բարոյական բարձր արժէքներ են՝ բարին, գեղեցիկը եւ ճշմարիտը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ուժը՝ ո՛ւժ է, զոր նոյն աղբիւրը կը հայթայթէ ամէն տեղ եւ ամէն ատեն, համեմատաբար՝ երբեմն տկար, երբեմն ալ շատ զօրաւո՛ր։ Ուստի ամէն ուժ իր ժամանակին եւ տեղին մէջ մե՛ծ է եւ զօրաւոր, կարեւոր, եւ ազդակ մըն է մարդկային յառաջդիմութեան եւ լուսաւորութեան։