«ԴՐԱԽՏ»ԻՆ ՄԱՆՐԱՆԿԱՐԸ
Երկինք ու երկիր Աստուծոյ փառքը կը պատմեն անտարակոյս։ Միանգամայն՝ յետին մասնիկը «ստեղծագործութեան մեծ ծրագրին»։ Ցորենահատիկ մը, մէկ հատիկ գեղեցիկ ծաղիկ մը, դեղնած կամ կանաչ տերեւ մը, ձիւնի փաթիլ մը, խոտի աննշան շեղբ մը, եւ հազար ու մէկ, տեսակ տեսակ բնութեան հրաշալիքներ, վերջապէս այն միլիոնաւոր միաւորները՝ որոնցմով կը ստեղծուի, կը յօրինուի բնութեան հիանալի՜ համայնապատկերը։
«Դրախտ»ը՝ մարդուն վերջնական նպատակակէտը, երջանկութեան իրականացման վայրը, ո՞ւր է սա մէկ հատիկ գեղեցիկ ծաղիկէն անդին՝ եթէ չէ՛ «ծաղիկ»ի մը պէս, կամ նոյն ինքն գեղեցիկ ծաղիկը…։ Արդարեւ ստեղծագործութեան մեծ ծրագրին ամբողջ պատմութիւնը ծաղիկներու սա մէկ ածուին մէջ ամփոփուած է։
Բնութեան «Ծննդոց Գիրք»ն է ծաղիկներու ածուն եւ կամ «Դրախտ»ին մանրանկարը։ Սիրելինե՜ր, այդ մէկ հատիկ գեղեցիկ ծաղիկը, երբեմն աննշան, երբեմն սիրուն, երբեմն անուշ այդ մէկ հատիկ ծաղիկը՝ «Դրախտ»ին մանրանկա՛րն է, անշուշտ եթէ մարդ նայիլ գիտնայ, սիրով նայի եւ տեսնել ուզէ…։
Դրախտը Աստուծոյ մտքին, աստուածային իմաստութեան արտացոլացեալ պատկե՛րն է։ Մարդ ո՛ւր որ տեսնէ այդ արտացոլացումը՝ հոն է դրախտը։
Ուրեմն դրախտը՝ «երեւցած»ն է «չերեւցած»ին, կամ ըսենք՝ «հագուստ»ը խորհուրդին, կամ երեւակայե՞նք՝ «մարմին»ը՝ Աստուծոյ։ Այսինքն՝ չերեւցածին երեւցածը…։ Սա ծաղկաստանը՝ բազմատեսակ եւ բազմագունի ծաղիկներովը, մարդկային մտքին համար շա՜տ աւելի համոզիչ փա՛ստ մըն է Աստուծոյ նկարագրին յատկանշական գիծերուն, զոր օրինակ՝ իր բարութիւնը, սէրը, իմաստութիւնը կը ցոլանայ հոն, քան գրատուն մը գիրք՝ աստուածաբանութեան ու բնազանցութեան խրթին նիւթերու շուրջ կատարուած ուսումնասիրութիւն։ Աստուած այդ ծաղկաստանին մէջ, հոն անձա՛մբ կը յայտնուի կարծես իր ամբողջական էութեամբ, գիրքը ինք՝ որ գիրքերը աւելորդ կ՛ընծայէ, մարմնացեա՛լ Բանը։
Եւ խորհող մարդը՝ նստած ծաղիկներու այն մէկ ածուին դէմ, ծաղկաստանին եզերքը, խորասուզուած անոր խորհուրդին մէջ, զարմանքով եւ հիացումով կը դիտէ, որ ո՛չ նուազ խորունկ է եւ իմաստալից քան բո՛ւն ինքն Աստուծոյ իրականութիւնը։ Եւ մարդուս, խորհող մարդուն միտքը կը տարուի սա խորհուրդով, թէ՝ Աստուած «դրախտ» մը ստեղծած է «մարդոց» համար, եւ զարդարած ու ճոխացուցած է զայն բազմագունի ծաղիկներով, որպէս սա մէկ հատին փոքր ածուն, բայց միթէ ինքն իրեն համար ալ «դրախտ» մը չունի՞…։
Եւ եթէ ունի Աստուած իրեն համար ալ դրա՛խտ մը՝ ապա ինչպէ՞ս զարդարած է Ան իր ածուները եւ ի՞նչ տեսակ ծաղիկներ տնկած է անոնց մէջ։ Այս մասին շատ խորհելու պատճառ մը չկա՛յ, քանի որ պատասխանը պարզ է. Աստուած իր ածուները ունի եւ իր ածուներուն ծաղի՛կ ըլլալու կոչեր է մարդիկը։ Այո՛, մարդը Աստուծոյ ծաղկաստանին մէջ ընտիր ծաղիկ մըն է. ա՜հ, եթէ Աստուծոյ դրախտին «մարդատիպ» ծաղիկները այնքան գեղեցիկ են, ո՛րքան մարդոց հասցուցած ծաղիկները իրենց պարտէզներուն ածուներուն մէջ, անպատճա՛ռ Աստուծոյ հոգին ալ՝ կը ցնծայ, կ՚ուրախանայ ա՛յնքան երանութեամբ իր դրախտին վայելքովը, որքան մարդոց հոգին կը հրճուի իրեններովը։
Արդարեւ գոյները եւ բոյրերը կը տարբերին, ինչպէս նաեւ ձեւերը՝ ածուներու ծաղիկներուն, բայց ի՛նչ որ ամէնուն հասարակաց յատկանիշ մըն է, կարեւորը, քան թէ ի՛նչ տեսակ՝ ի՛նչ անունով, կամ բոյրով կամ թոյրով ծաղիկ մը ըլլալը։ Ու եթէ մարդ գեղեցիկ ըլլայ իր նկարագրովը, ծաղիկներուն գեղեցկագոյնին գեղեցկութիւնն իսկ կը նսեմանայ մարդկային գեղեցկութեան քով։
Աստուծոյ դրախտը ըլլա՛լ է մարդոց կոչումը, եւ աւա՜ղ, ոչ թէ դրախտը՝ հապա յաճախ՝ չորցած անապատը միայն կ՚ըլլանք. ոչ թէ «փառք»ը՝ հապա՝ ամօթը եւ անարգանքը։
Եւ երբ կ՚աղօթենք, «Արքայութիւնդ թող գայ…», այսինքն կը խնդրենք Աստուծոյ թագաւորութիւնը՝ այն կ՚իրականանայ, երբ «երկնաւոր դրախտ» մը ըլլայ, մարդը «երկրաւոր դրախտ»ին մէջ։ Բայց կրնա՞յ ըլլալ, ահաւասիկ, ա՛յդ է խնդիրը։ Մարդ միշտ կասկածի, տարակուսանքի մէջ եղած է այդ մասին, եւ իր կոչումը իրագործելու, կոչումին հաւատարիմ մնալու համար բաւական ջանք ու խանդ չէ՛ ցուցուցած։
Քրիստոս եկաւ, մարմնացաւ ու մարդացաւ, որպէսզի այդ տարակուսանքը վերջացնէ՝ այդ անապատային մեռելութենէն արթնցնէ մարդս, եւ անոր մէջ հոգեւոր ծայրագոյն կարելիութիւններու հաւատքը եւ կամքը վերահաստատէ, այդ մասին մարդուն տարողութիւնը աւելցնէ, եւ անոր անբերրի ապարդիւն կեանքը անգամ մըն ալ պարարտացնէ, ու գոյնզգոյն ծաղիկներու գեղեցիկ պարտէզի մը վերածէ։
Ո՜հ, ի՜նչ երջանկութիւն Աստուծոյ դրախտին մէջ ծաղիկ ըլլալ… ահաւասիկ ա՛յդ է մարդուն կոչումը երկրի վրայ, ա՛յդ է որ մարդս կ՚արժանացնէ՝ երկնային դրախտի վայելումին։
Եւ եթէ կայ կարելիութիւնը «ծաղիկ» ըլլալու, եթէ ա՛յդ է մարդուն կոչումը, ապա ուրեմն ինչո՞ւ սէզ ու փուշ ու ցախ ըլլալ… ինչո՞ւ նախընտրել ատելութիւնը եթէ կա՛յ սէրը, ինչո՞ւ տգեղը՝ փոխանակ գեղեցկութեան, ինչո՞ւ…։
Խորհի՛նք լրջութեամբ սիրելինե՜ր, խորհուդը շատ խորունկ ու խորհրդաւոր տեղեր կը տանի մեզ. մինչեւ իսկ մարդկային ճակատագրին՝ որ է, աստուածային ստեղծագործութեան ընդհանուր անայլայլելի ծրագիրը, անոր մշտնջենականութեան ու յաւիտենականութեան սահմանները։
Մարդ, այնքան ատեն որ չունի մեծ ու լուրջ հարցերու հետ զբաղելու ջանադրութիւն՝ ճակատագրական համեմատութիւններ կու տայ այն մանր, աննշան, անկարեւոր խնդիրներուն, որոնք իր դէմը կ՚ելլեն։ Փոխանակ սկզբունքներու, վեհ գաղափարներու, մարդ կը սկսի ուշադրութիւն դարձնել եւ ժամանակը վատնել մանր մունր, հասարակ, պարզ գործերով. վա՜յ մէկը հայհոյեր է երեսին… ի՛նչ պատահեցաւ… երկի՞նքը փլաւ գլխուն…։ Ինչո՞ւ առնէ, անցնի վիրաւորիչ ու անարգական խօսք մը։ Կ՚արժէ՞։ Ինչո՞ւ համար մարդ ինքը ինք չըլլայ՝ անկախ ու ազատ տէրը իր խաղաղութեան, իր երջանկութեան, փոխանակ այդպէս իրմէ դուրս ուրիշ մը ընելու մատակարարը իր երջանկութեանը եւ կամ ապերջանկութեանը… «հոգեւոր խորունկութիւն» ունենալով է որ մարդ հաւատարիմ կը մնայ իր կոչումին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 10, 2015, Իսթանպուլ