ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ԽՕՍԻ ՄԵԶԻ

Աս­տուած մի՛շտ կը խօ­սի մե­զի հետ, բայց քի­չեր կ՚անդ­րա­դառ­նան այդ աս­տուա­ծա­յին խօս­քին եւ քի­չեր կը լսեն զԱյն։ Ե­րա­նի՜ այն «քիչ»ե­րուն՝ որ կ՚անդ­րա­դառ­նան Աս­տու­ծոյ խօս­քին ու կը լսեն զայն։ Աս­տուած կը խօ­սի մե­զի Իր խօս­քին մէջ։ Այդ խօս­քին մէջ ո­րոշ եւ յստակ կեր­պով յայտ­նուած կը գտնենք Իր նկա­րա­գի­րը, Իր Էու­թիւ­նը եւ Իր բնու­թիւ­նը։ Եւ վեր­ջա­պէս, այդ խօս­քին մէջ է որ կը յայտ­նուի Իր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը մար­դոց հետ եւ կը տես­նուի փրկու­թեան մե՛ծ գոր­ծը։

Եւ դար­ձեալ այդ «խօսք»ին մէջ մեր առ­ջեւ կը պար­զուի մար­գա­րէ­նե­րու եւ նա­հա­պետ­նե­րու եւ հին ժա­մա­նակ­նե­րու ու­րիշ սուրբ մար­դոց պատ­մու­թիւ­նը։ Ինչ­պէս կ՚ը­սէ Ա­ռա­քեա­լը, ա­նոնք «մե­զի նման կիր­քե­րու են­թա­կայ մար­դիկ էին», (ՅԱ­ԿՈ­ԲՈՍ, Ե 17), դժուա­րու­թիւն­նե­րու, նե­ղու­թիւն­նե­րու եւ վհա­տու­թիւն­նե­րու դէմ պայ­քա­րե­ցան՝ մե­զի նման փոր­ձու­թիւն­նե­րու մէջ ին­կան՝ ինչ­պէս մենք բո­լորս կ՚իյ­նանք, ու նո­րէն սրտապն­դե­ցին ա­նոնք ու Աս­տու­ծոյ շնորհ­քո­վը յաղ­թե­ցի՛ն։ Ա­նոնք շար­ժե­ցան Քրիս­տո­սի օ­րի­նա­կով, որ կ՚ը­սէ. «Աշ­խար­հի վրայ նե­ղու­թիւն­ներ պի­տի ու­նե­նաք, բայց քա­ջա­լե­րուե­ցէ՛ք, քա­նի որ ես յաղ­թե­ցի աշ­խար­հին» (ՅՈՎ­ՀԱՆ­ՆԷՍ, ԺԶ 33)։­

Այս քա­ջե­րուն օ­րի­նա­կը մեզ կը քա­ջա­լե­րէ ար­դա­րու­թեա՛ն հե­տամ­տե­լու։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով ա­նոնց շնոր­հուած թան­կա­գին փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը, լոյ­սը, սէ­րը եւ օրհ­նու­թիւն­նե­րը, զորս ա­նոնք վա­յե­լե­ցին, եւ ի­րենց հա­ղոր­դուած շնորհ­քո­վը, կա­տա­րած գոր­ծե­րը, զա­նոնք ներշն­չող Հո­գին մեր մէջ կ՚ար­ծար­ծէ սուրբ նա­խան­ձախնդ­րու­թեան մը բո­ցը, եւ ջերմ փա­փաք մը՝ ա­նոնց նկա­րագ­րին նման նկա­րա­գիր մը ու­նե­նա­լու՝ ա­նոնց նման Աս­տու­ծոյ հետ քա­լե­լու…։

Ար­դա­րեւ Յի­սուս ը­սաւ Հին Կտա­կա­րա­նի Գիր­քե­րուն մա­սին, եւ ո՛ր­քան ա­ւե­լի ճշմա­րիտ է Նոր Կտա­կա­րա­նին նկատ­մամբ. «Քննե­ցէ՛ք Սուրբ Գիր­քե­րը, քա­նի կը կար­ծէք թէ ա­նոնց­մով յա­ւի­տե­նա­կան կեանք պի­տի ու­նե­նաք. եւ նոյն գիր­քերն են որ կը վկա­յեն իմ մա­սիս» (ՅՈՎՀ. Ե 39)։ Փրկ­չի՛ն հա­մար. Ան՝ ո­րուն վրայ կեդ­րո­նա­ցած են յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի մեր յոյ­սե­րը։

Ա­յո՛, ի­րա­կա­նու­թիւն մըն է ա­սի­կա, ամ­բողջ Սուրբ Գիր­քը Քրիս­տո­սի մա­սին կը խօ­սի։ Ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ա­ռա­ջին պատ­մու­թե­նէն, քա­նի որ «Ա­նով էր որ Աս­տուած ա­մէն ինչ ստեղ­ծեց. ա­ռանց ա­նոր ո՛չ մէկ բան ստեղ­ծեց» (ՅՈՎՀ. Ա 3), մին­չեւ վեր­ջին խոս­տու­մը. «Ա­հա շու­տով կու գամ» (ՅԱՅՏ. ԻԲ 12), Իր գոր­ծե­րուն մա­սին կը կար­դանք եւ Իր ձայ­նը կը լսենք։

Ուս­տի ե­թէ կ՚ու­զես ճանչ­նալ Փրկի­չը՝ ա­հա­ւա­սիկ քննէ՛ Սուրբ Գիր­քե­րը։ Աս­տու­ծոյ խօս­քե­րով լե­ցո՛ւր սիրտդ հա­մակ, ո՜վ սի­րե­լի բա­րե­կամ։

Աս­տու­ծոյ ա­մէն մէկ խօս­քը «կեն­դա­նի ջուր»եր են՝ որ մար­դուս հրա­տո­չոր ծա­րա­ւը կը մա­րեն։ Նաեւ եր­կին­քէն ի­ջած «կեն­դա­նի հաց»ն են՝ որ կը յա­գեց­նեն քաղ­ցը մար­դոց։ Մեր մար­մին­նե­րը կը կազ­մուին մեր կե­րած ու խմած բա­նե­րով, այն­պէս է եւ հո­գե­ւո­րին մէջ. մեր խորհր­դա­ծու­թեան նիւթ կազ­մող բա­ներն են, որ մեր հո­գե­ւոր բնու­թիւ­նը կը դաշ­նա­ւո­րեն ու կը զօ­րաց­նեն։

«Փրկա­գոր­ծու­թեան Խոր­հուրդ»ը նի՛ւթ մըն է՝ ո­րուն հրեշ­տակ­նե­րը կը ցան­կան ակն­կա­ռոյց նա­յիլ, եւ որ փրկուած­նե­րուն գի­տու­թիւնն ու եր­գը պի­տի կազ­մէ յա­ւեր­ժու­թեան ան­վախ­ճան ու ան­ժա­մա­նակ դա­րե­րու մի­ջո­ցին։

Չ՚ար­ժե՞ր մի­թէ ու­շադ­րու­թեամբ ու­սում­նա­սի­րել զայն հի­մա։ Քրիս­տո­սի ան­սահ­մա՜ն ո­ղոր­մու­թիւ­նը եւ ան­կեղծ սէ­րը, մե­զի հա­մար կա­տա­րուած զո­հա­բե­րու­թիւ­նը, ա­մե­նէն վերջ թա­ղու­մը, ա­մե­նէն լուրջ եւ հան­դի­սա­ւոր խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րու նիւթ պէ՛տք է ըլ­լան։

Ուս­տի պար­տինք պի՛շ նա­յիլ մեր Փրկչին եւ Բա­րե­խօ­սին նկա­րագ­րին։ Պէ՛տք է խո­կալ պաշ­տօ­նին վրայ Ա­նոր՝ որ Իր ժո­ղո­վուր­դը ի­րենց մեղ­քե­րէն փրկե­լո՛ւ ե­կաւ։

Երբ՝ ա՛յս­պէս հո­գե­պիշ նա­յինք երկ­նա­յին ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րուն, մեր հա­ւատ­քը եւ սէ­րը ա­ւե­լի՛ պի­տի ա­ճին ու զօ­րա­նան, եւ մեր ա­ղօթք­նե­րը հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի՛ ըն­դու­նե­լի պի­տի դառ­նան Աս­տու­ծոյ, քա­նի որ ա­նոնք եր­թա­լով ա­ւե­լի հա­ւատ­քով ու սի­րով պի­տի խառ­նուին, եւ ի­մաս­տուն ու ջեր­մե­ռանդ պի­տի ըլ­լան։

Յի­սու­սի վրայ ա­ւե­լի՛ հաս­տա­տուն վստա­հու­թիւն պի­տի ու­նե­նանք, եւ ա­մէ­նօ­րեայ, կեն­դա­նի, մշտա­նո­րոգ փոր­ձա­ռու­թիւն մը Իր զօ­րու­թեան՝ որ կա­րո՛ղ է բո­լո­րո­վին փրկել զա­նոնք, որ Իր­մով Աս­տու­ծոյ կու գան։

Փրկչին կա­տա­րե­լու­թիւն­նե­րուն վրայ խորհր­դա­ծե­լով՝ պի­տի ցան­կանք ի սպառ բա­րե­փո­խուիլ եւ Ա­նոր մաք­րու­թեան պատ­կե­րին վե­րա­նո­րո­գուիլ։ «Հո­գիի ա­նօ­թու­թիւն» մը եւ «ծա­րաւ» մը պի­տի ու­նե­նանք նմա­նե­լու Ա­նո՛ր, զոր կը պաշ­տեանք։ Ո՛ր­քան ա­ւե­լի մեր մտա­ծու­թիւն­նե­րը հանգ­չին Քրիս­տո­սի վրայ, ա՛յն­քան ա­ւե­լի պի­տի խօ­սինք ու­րիշ­նե­րու Ա­նոր նկատ­մամբ, եւ Ա­նի­կա պի­տի ծա­նօ­թաց­նենք ու ներ­կա­յաց­նենք հա­մայն աշ­խար­հի։

Սուրբ Գիր­քը գի­տուն­նե­րու հա­մար չէ՛ գրուած միայն. ան՝ ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ հա­սա­րակ, պարզ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար է սահ­մա­նուած։ Փրկու­թեան հա­մար անհ­րա­ժեշտ ճշմար­տու­թիւն­նե­րը օր ցե­րե­կուան պէս պայ­ծառ ներ­կա­յա­ցու­ցած են հոն, ու ո՛չ ոք պի­տի սխա­լի եւ իր ճամ­բան կորսնց­նէ՝ ե­թէ ոչ ա­նոնք որ կը հե­տե­ւին ի­րենց դա­տո­ղու­թեան՝ փո­խա­նակ յստա­կօ­րէն յայտ­նուած Աս­տու­ծոյ կամ­քին։

Ո՛­չինչ ա­ւե­լի յար­մար է ի­մա­ցա­կա­նու­թեան զօ­րաց­ման, քան Սուրբ Գիր­քե­րուն ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը, քա­նի որ հոս կա՛յ Աս­տու­ծոյ խօս­քը։ Ե­թէ Աս­տու­ծոյ խօս­քը ու­սում­նա­սի­րուէր պէտք ե­ղա­ծին պէս, մար­դիկ պի­տի ու­նե­նա­յին մտքի լայ­նու­թիւն մը, նկա­րագ­րի ազ­նուու­թիւն մը եւ հաս­տա­տամ­տու­թիւն մը, որ ա՜յն­քան հա­զուա­դէպ է տես­նել այս ժա­մա­նակ­նե­րուն մէջ եւ դժբախ­տա­բար…։

Ար­դա­րեւ կա­րե­լի չէ՛ ի­մաս­տու­թիւն ստա­նալ՝ ա­ռանց ամ­փոփ ու­շադ­րու­թեան եւ ա­ղօթ­քով ու­սում­նա­սի­րու­թեան։ Ուս­տի ա­ռանց ա­ղօթ­քի բնա՛ւ պէտք չէ՛ ու­սում­նա­սի­րել Սուրբ Գիր­քը։ Կար­դա­լէ ա­ռաջ պէ՛տք է Սուրբ Հո­գիին լու­սա­ւո­րու­թիւ­նը հայ­ցել, եւ պի­տի տրուի՛ այդ լոյ­սը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 12, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2015