«ՄԵԾ» ԸԼԼԱԼՈՒ ՁԳՏՈՒՄԸ

Մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս ա­մէն յարգ ու պա­տիւ ի­րենց յար­մար կը նկա­տեն եւ միշտ ա­ւե­լի մե՛ծ ըլ­լա­լու ձգտում մը ու­նին։

Ար­դա­րեւ, մար­դուս հո­գե­բա­նու­թիւ­նը ան­հասկ­նա­լի է շատ ան­գամ, թէ ին­չո՞ւ կ՚ու­զէ իր ե­ղա­ծէն տար­բեր ե­րե­ւիլ։ Չէ՞ որ մարդ ի­րա­կա­նին ի՛նչ որ է, ա՛ն է՝ ո՛չ ա­ւե­լի մեծ եւ ոչ ալ փոքր։ Ար­տա­քին ե­րե­ւոյ­թը ի՛նչ կ՚ու­զէ ըլ­լայ՝ մարդ ներք­նա­պէս, նկա­րագ­րով ինչ որ է, ա­տի­կա ե­րե­ւոյ­թով չի՛ փո­խուիր. թե­րեւս կը խա­բէ ժա­մա­նա­կի մը հա­մար, եւ սա­կայն խա­բած ա­տեն, իս­կու­թեան մէջ ա­մե­նէն շատ ի՛նք կը խա­բուի եւ կը վնա­սուի։ Յու­սա­խա­բու­թեան շար­ժա­ռիթ մըն է՝ «տար­բեր ե­րե­ւել»ու մո­լու­թիւ­նը։

Ան­գամ մը, որ մարդ իր ե­րե­ւա­կա­յած դիր­քին ի՛նք ալ հա­ւա­տայ, կար­ծէ թէ «մեծ» է, ա­հա­ւա­սիկ սկսած է ան­կու­մը՝ նախ տա­րա­կու­սան­քի շրջան մը, եւ յե­տոյ յու­սա­խա­բու­թիւն եւ յու­սալ­քում։ Հո­գե­պէս մարդ ինք­զինք պա­րա­պու­թեան մէջ կը զգայ, երբ ար­տա­քին ե­րե­ւոյ­թը եւ ներ­քին աշ­խար­հը ի­րա­րու չեն հա­մա­պա­տաս­խա­ներ։ Ո՜ր­քան ցա­ւա­լի վի­ճակ մըն է ան, իս­կա­կան ան­կո՛ւմ։

Նիւ­թա­կան, գի­տու­թեան կամ հո­գե­ւոր ո­րոշ դիր­քի մը հա­սած մար­դը երբ չէ կրցած իւ­րաց­նել իր վի­ճա­կը, իր վի­ճա­կին պա­հանջք­նե­րուն ան­յար­մար է մտա­պէս եւ հո­գե­պէս, ա­հա­ւա­սիկ դժբախ­տու­թիւ­նը կը սկսի տի­րա­կան հան­դի­սա­նալ ամ­բողջ կեան­քին մէջ, եւ պա­րա­պու­թիւն մը կը զգայ մարդ։ Ա­նո­րո­շու­թիւն, խա­ւար եւ մտա­հո­գու­թի՛ւն։

Մինչ­դեռ երբ մարդ կա­րե­նայ ներ­դաշ­նա­կել իր ար­տա­քին աշ­խար­հը՝ նե­րաշ­խար­հին հետ, խա­ղա­ղու­թիւն կը տի­րէ ա­նոր հո­գիին մէջ՝ հա­մե­րաշ­խու­թիւն, ան­դոր­րու­թիւն կ՚ա­պա­հո­վեն բա­րիք­նե­րով լե­ցուն կեանք մը։

Թէ ի՛նչ է խա­ղաղ ըլ­լա­լու ճամ­բան։ Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ՝ պար­զու­թիւն է, չա­փա­ւո­րու­թիւն եւ բա­ւա­րա­րու­թիւն։ Այս ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը կա­րե­լի է ամ­փո­փել խո­նար­հու­թեան հո­գե­վի­ճա­կին մէջ։ Խո­նար­հու­թեան զգա­ցու­մը դեղ ու դար­մա՛նն է ա­մէն չա­փա­զան­ցու­թեան՝ ո­րոնք կը վնա­սեն մար­դուս թէ՛ հո­գե­կան եւ թէ ֆի­զի­քա­կան էու­թեան։ Յա­ճախ կը կրկնենք՝ ա­ռա­ծը կ՚ը­սէ, թէ՝ չա­փա­ւո­րու­թիւ­նը կէս Աս­տուած է։ Մտա­յին ու հո­գե­կան ա­մէն ապ­րում­նե­րու մէջ չափ ու կշիռ ու­նե­նալ, մարմ­նա­կան-ֆի­զի­քա­կան ապ­րում­նե­րու մէջ սահ­մա­նը գիտ­նալ, ըստ այնմ ապ­րիլ, թէ՛ մարմ­նա­կան, թէ՛ հո­գե­կան ա­ռող­ջու­թեան նա­խա­պայ­ման­ներն են։ Ա­սոր հա­մար ալ անհ­րա­ժե՛շտ է՝ խո­նար­հու­թեան ո­գիով շար­ժիլ։ Եւ թէ՛ ան­հա­տա­կան, թէ՛ հա­ւա­քա­կան-ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ հար­ցեր կը սկսին, երբ խո­նար­հու­թեան ո­գին ա­նէա­նայ եւ գո­ռո­զու­թեան ու հպար­տու­թեան նկա­րա­գի­րը ե­րե­ւան գայ մար­դուս մէջ։

Եւ երբ խո­նար­հու­թիւ­նը ա­նէա­նայ՝ իր բո­լոր ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րով, հպար­տու­թիւ­նը կու գայ տեղ գրա­ւե­լու մար­դուս կեան­քին մէջ։ Հպար­տու­թիւ­նը, ար­դա­րեւ նկա­տուած է «մա­հա­ցու մեղք» ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պե­տու­թեան հա­մա­ձայն։ Ան «մա­հա­ցու մեղք» նկա­տուած է, քա­նի որ հպարտ մար­դը դուռ կը բա­նայ զա­նա­զան մեղ­քե­րու, ու­րիշ խօս­քով՝ հպար­տու­թիւ­նը մա՛յրն է ու­րիշ շատ մեղ­քե­րու։ Նախ, հպարտ մար­դը կը խա­բէ թէ՛ իր շուր­ջին­նե­րը, եւ թէ ինք­զինք։ Ան ինք­նա­խա­բէու­թեամբ կը խա­բէ եւ խա­բա­ծին ի՛նքն ալ հա­ւա­տա­լով ինք­նա­խա­բէու­թեամբ կը շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ իր կեան­քը։

Խա­բել՝ սուտ խօ­սիլ կը նշա­նա­կէ եւ «մեղք» կը նկա­տուի։ Ա­հա­ւա­սիկ հպար­տու­թեան ա­ռա­ջին «զա­ւակ»ը՝ մայ­րը «հպար­տու­թիւն», զա­ւա­կը՝ «խա­բէու­թիւն» եւ «սո՛ւտ»։ Տա­կա­ւին կա­րե­լի է բազ­մաց­նել օ­րի­նակ­ներ՝ ուր «մայր»ը՝ հպար­տու­թիւ­նը կը ծնի «զա­ւակ»ներ, այ­սինքն՝ մեղ­քեր…։

Թե­րեւս պի­տի ը­սէք՝ մարդ ե­թէ ու­նի իս­կա­պէս ինք­զինք հպարտ զգա­լու պատ­ճառ մը, ա­տի­կա ար­դար հպար­տու­թիւն կա­րե­լի՞ է հա­մա­րել։ Ո՛չ սի­րե­լի­ներ, ե­թէ մէ­կը ի­րա­պէս ար­ժէք մը ու­նի, այդ ար­ժէ­քը իր հետ կը բե­րէ խո­նար­հու­թիւ­նը, հա­մես­տու­թիւ­նը եւ իս­կա­կան ար­ժէք­ներ, ար­ժա­նիք­ներ ի­րենց էու­թիւ­նը կը գտնեն հա­մես­տու­թեան եւ խո­նար­հու­թեան մէջ։ Կեղծ ու կար­ծե­ցեալ ար­ժէք­ներ, սուտ ար­ժա­նիք­ներ են, որ հպար­տու­թեամբ ծած­կել եւ քօ­ղար­կել կը ջա­նան ի­րենց կեղ­ծի­քը, ի­րենց սուտ աշ­խար­հը։ Դի­տե­ցէք ձեր շուր­ջը, խնդրեմ, սի­րե­լի­նե՛ր, պի­տի տես­նէք բազ­մա­թիւ սուտ եւ կեղծ ար­ժէք­ներ՝ բո­լորն ալ հպարտ ի­րենց սուտ եւ կեղծ աշ­խար­հով։

Եւ դար­ձեալ պի­տի տես­նէք ի­րա­կան ար­ժէք­ներ եւ ար­ժա­նիք­ներ՝ ո­րոնք զո­հուած են ի­րենց հա­մես­տու­թեան ու խո­նար­հու­թեան՝ ան­տե­սուած ի­րենց ար­ժէքն ու ար­ժա­նի­քը, մէկ կողմ քա­շուած՝ ա­ռանձ­նա­ցած են։ Եւ դար­ձեալ յա­ճախ կը կրկնեմ՝ շատ ան­գամ ի­րա­կան ար­ժէք­ներ կ՚ան­տե­սուին, բայց ա­նար­ժէք եւ ա­նար­ժան մար­դիկ մեծ յարգ ու պա­տիւ կը վա­յե­լեն։

Բայց ար­ժէք ու­նե­ցող­նե­րու տկա­րու­թիւ­նը կամ թե­րու­թիւ­նը չէ՛ ա­տի­կա, այլ՝ ար­ժէք չգիտ­ցող­նե­րու ան­խո­հե­մու­թիւ­նը եւ պար­զամ­տու­թիւնն է պատ­ճա­ռը, եւ ու­րեմն ի վեր­ջոյ ի­րենք դա­տա­պար­տուած են կորսըն-ց­նե­լու՝ մինչ իս­կա­կան ար­ժէք­ներ ի­րենց ար­ժա­նի տե­ղը գրա­ւե­լու հա­ւա­քա­կան կեան­քին մէջ…։

Ա­նոնք որ քիչ բան ու­նին, կը կար­ծեն, որ ի­րենց ու­նե­ցա­ծը ա­մէն ինչ է։ Գի­տու­թիւնն ալ նոյնն է՝ քիչ բան գիտ­ցո­ղը կը կար­ծէ, թէ ա­մէն ինչ միայն իր գիտ­ցածն է, եւ կը հպար­տա­նայ…։

Իսկ ան, որ գի­տէ իր չա­փը եւ կշի­ռը, գի­տէ եւ կը ճանչ­նայ իր սահ­մա­նը՝ խո­նարհ է եւ հա­մեստ, չի հպար­տա­նար եր­բեք, քա­նի որ գի­տէ, թէ հպար­տա­նա­լու պատ­ճառ մը չկայ եւ եր­բեք պի­տի չըլ­լա՛յ։

Կան ո­մանք որ ստո­րա­կա­յա­կան բար­դոյ­թով, ի­րենց պա­կա­սը ծած­կել կ՚աշ­խա­տին։ Ա­նոնց ալ ա­մե­նա­կա­րե­ւոր մի­ջո­ցը հպա՛րտ ե­րե­ւալն է՝ միշտ վեր կը նա­յին, բարձր կը բռնեն ի­րենց վի­զը, վախ­նա­լով վա­րը գտնուին ի­րենց իս­կա­կան դի­մա­գի­ծը նշմա­րող­ներ։

Դար­ձեալ պի­տի կրկնենք՝ մա՛րդ վե­րէն նա­յե­լով բարձր չ՚ըլ­լար, եւ մա՛րդ խո­ժոռ, մռայլ ե­րե­ւոյթ մը պար­զե­լով ո՛չ լուրջ, ո՛չ պատ­կա­ռե­լի կ՚ըլ­լայ, այլ թե­ւերս՝ ծաղ­րա­ծու մի­մոս կը դառ­նայ։ Եւ ե­թէ մարդ ծաղ­րան­քի ա­ռար­կայ ըլ­լալ չ՚ու­զեր՝ պէտք է ե­րե­ւի ա՛յն­պէս՝ ինչ­պէս որ է։ Չա­փա­զան­ցու­թիւն­ներ եւ ծայ­րա­յե­ղու­թիւն­ներ, միշտ, մար­դուս վնաս պատ­ճա­ռած են փո­խա­նակ օ­գու­տի։ Մեծ ըլ­լա­լու ձգտու­մը ար­մա­տա­ցած՝ մար­դիկ, ի վեր­ջոյ պար­տա­ւո­րուած են խո­նար­հեց­նել ի­րենց գլու­խը հա­մեստ ի­րա­կան ար­ժէք­նե­րու եւ ար­ժա­նիք­նե­րու առ­ջեւ։ Կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը եւ զա­նա­զան վկա­յու­թիւն­ներ ցոյց կու տան այս ճշմար­տու­թիւ­նը՝ որ պա­տա­հած է շա­տե­րու կեան­քին մէջ։

Ու­շադ­րու­թիւն ը­րա՞ծ էք սի­րե­լի­ներ, ո­րե­ւէ հա­ւա­քոյ­թի ա­տեն կամ հրա­ւէ­րի մը ըն­թաց­քին՝ շա­տե­րու մօտ «գլխա­ւոր սե­ղան»նե­րը եւ պա­տուա­կան սե­պուած դիր­քե­րու վրայ ե­րե­ւիլ, եւ այդ տե­ղե­րը բազ­մե­լու տենչ մը, փա­փաք մը կը տես­նուի, եւ ո՜ր­քան վէ­ճեր կը ծա­գին հոն կամ հոս բազ­մե­լու եւ յար­գուած ու պա­տուըուած ըլ­լա­լու հա­մար…։

Մարդս ե­թէ նստած ա­թո­ռը պի­տի բարձ­րաց­նէ, ա­տի­կա «բարձ­րու­թիւն» չէ, թե­րեւս խեղ­ճու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն. թո՛ղ, որ վրան բազ­մո­ղը ա­թո­ռին ար­ժէ­քը ա­ւելց­նէ, ո՛ւր որ ալ ըլ­լայ ան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 27, 2015, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2015