ԱՆՏԱՐԲԵՐ ՉԸԼԼԱԼ ԿԵԱՆՔԻՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքին նկատմամբ անտարբեր ըլլալ՝ «կեանքին պարտուիլ» կը նշանակէ։ Մինչդեռ կեանքը իր ամբողջութեամբ ծնունդէն մինչեւ մահ, պայքա՛ր մըն է տեւական։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքին նկատմամբ անտարբեր ըլլալ՝ «կեանքին պարտուիլ» կը նշանակէ։ Մինչդեռ կեանքը իր ամբողջութեամբ ծնունդէն մինչեւ մահ, պայքա՛ր մըն է տեւական։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդու մը իրական արժէքը գիտնալ շատ դժուար է։ Մարդիկ, ընդհանրապէս արժէք կը ստանան իրենց արտաքին երեւոյթով եւ ներկայ դիրքով, ինչ որ յաճախ կը սխալեցնէ եւ արգելք կ՚ըլլայ անոնց իսկական արժէքը գիտնալու։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ ընդհանրապէս ուրիշէն կը պահանջեն այն՝ ի՛նչ որ իրենք չունին եւ կամ ունին բայց չե՛ն տար։
Կեանքի փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ շատեր կը պահանջեն այն՝ ի՛նչ որ իրենց կը պակսի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնութիւնը Աստուծոյ արտացոլացումն է, եւ Բնութիւնը կարծես արտատպուած պատկեր մըն է մարդկային հոգիին մէջ։ Եւ ա՛յս է նշանակութիւնը այն բացատրութեան՝ թէ մարդ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերով եւ Անոր նմանութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Շատ բարդ ու խրթի՛ն է մարդկային յարաբերութիւնները։ Ըսելու պէտք չկայ, մեզմէ իւրաքանչիւրը ապրած է, կ՚ապրի եւ պիտի ապրի այնպիսի դէպքեր՝ ուր կարելի չէ բացատրել, կարելի չէ հասկնալ եւ վերլուծել այդ յարաբերութիւններուն իմաստը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային յարաբերութիւններու մէջ անկեղծ մօտեցումը եւ սիրոյ յայտնութիւնը, լաւ յարաբերութիւններ մշակելու համար անհրաժեշտ պայմաններ են։ Արդարեւ առանց անկե՛ղծ սիրոյ՝ մարդկային ո՛չ մէկ յարաբերութիւն արժէք կը ներկայացնէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կ՚ուզեմ այսօր ձեզի ներկայացնել Աւետարանէն հատուած մը, եւ առանց որեւէ բացատրութեան հարցնել, թէ՝ շուրջ երկու հազար տարի առաջ Յիսուսի պարզած տեսարանը ո՜րքան կը պատշաճի մեր օրերուն՝ իբր թէ ա՛յսօր խօսուած ըլլային անոնք։ Սովորական երեւոյթներ, ամէնօրեայ տեսարաններ, յաճախ տեսնելու եւ ապրելու հարկադրուած իրողութիւններ՝ որոնք ամէն շրջանի, ամէն լրջախոհ անձերու ցաւ է պատճառած եւ մտահոգութեան առարկայ է դարձած։ Ուրեմն կարդանք հատուածը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պարզամտութիւնը, ընդհանրապէս մարմնաւոր իմաստութեան հակառակ վիճակ մըն է։ Պօղոս առաքեալ կորնթացիներուն գրած իր երկրորդ նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Վասնզի մեր պարծանքն է, մեր խղճմտանքի վկայութիւնը՝ թէ մենք Աստուծոյ առջեւ պարզամտութեամբ ու անկեղծութեամբ եւ ո՛չ թէ մարմնաւոր իմաստութիւնով, այլ Աստուծոյ շնորհքով աշխարհի մէջ վարուեցանք, բայց աւելի դէպի ձեզ», (Բ. ԿՈՐՆԹ. Ա 12)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երեք «Համատես Աւետարան»ները՝ Մատթէոս, Մարկոս եւ Ղուկաս իրենց ընթերցողներուն կը ներկայացնեն Յիսուսի անձը եւ գործը, որոնց մասին ըստ բաւականին ամբողջական եւ խիստ կենդանի երրեակ պատկերը կը գծեն։ Բայց չորրորդ Աւետարանին՝ Յովհաննէսի հետ մարդ կարծես Սրբարանին սրահին մէջ իսկ կը թափանցէ, եւ Աստուծոյ Որդիին հետ կ՚ունենայ այնքան մտերիմ հաղորդակցութիւն մը, որ գոգցես Անոր սրտին բաբախումները կը նշմարէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինքնախաբէութիւնը չար ոգիի բնաւորութի՛ւնն է։ Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ, թէ երբ մարդ իր անձին աղէկութիւն կ՚ընէ, կը զոհուի թէպէտեւ, իր կենդանութեան զինք երջանիկ կը կարծէ։ Ուստի պէ՛տք է իրապաշտ ըլլալ եւ ինքզինք չխաբել՝ իր չունեցած որեւէ բարիք ունենալ կարծելով։