ՆՈՐ ՍԻՐՏ ԵՒ ՆՈՐ ՀՈԳԻ
«Զեզի նոր սիրտ պիտի տամ, ու ձեր ներսիդին նոր հոգի պիտի դնեմ» (ԵԶԵԿ. ԼԶ 26)։
Ներքին խաղաղութիւնը անհրաժե՛շտ է մարդուս համար։ Խորհեցէք, սիրելինե՜ր, անգամ մը՝ ամէն ի՛նչ ունիք, բայց չունիք խաղաղութիւն, ի՜նչ պիտի արժեն ձեր ունեցածները, երբ զանոնք չէք կրնար վայելել խաղաղութեամբ։ Պահ մը խորհեցէք, գիտուն էք, հարուստ էք, առողջ էք, բայց խաղաղ հոգի մը չունիք. կրնա՞ք ըսել, թէ կատարեալ է ամէն ինչ ձեր կեանքին մէջ, կրնա՞ք ըսել, թէ երջանիկ էք ու անթերի՛։
Ուստի մարդուս պէտք եղած առաջնակարգ արժէքը ներքին խաղաղութի՛ւնն է. գոնէ կարեւորագոյնը։
Մարդ պէտք է ունենայ խաղաղութիւն եւ սէր իր հոգիին մէջ, որ կարելի չէ զանոնք գնել ստակով, ոչ ալ խելքով կարելի է զանոնք ձեռք ձգել, գիտութիւնը, իմաստութիւնը, հմտութիւնը չե՛ն կրնար հասնիլ անոնց։ Մարդ երբե՛ք կարող չէ յուսալ՝ թէ ինք իր ջանքերով իսկ կրնար ձեռք անցընել զանոնք։ Խաղաղութի՜ւն եւ սէ՛ր. այս երկու արժէքները կարելի չէ ստանալ մարդկային կարողութիւններով, բայց միա՛յն անկեղծօրէն, սրտանց հաւատալով ու վստահելով Աստուծո՛յ։ Պէտք է որոշել ինքզինք Աստուծոյ տալ. վստահիլ Անոր։ Ուրեմն, հիմա, սա պահուս գնա՛, խնդրէ՛ Իրմէ, որ սրբէ ու լուայ սիրտդ ու հոգիդ, քեզի նոր սիրտ, նոր հոգի տայ՝ սիրտ մը, որ լեցուն է սիրով, հոգի մը խաղաղ է։ Աստուած անպայմա՛ն պիտի տայ, քանի որ Ան խոստացած է տալ այդ ամէնը, երբ խնդրես Իրմէ, հաւատաս եւ վստահիս։ Յիսուսի ամենակարեւոր դասերէն էր այն՝ թէ պէտք է հաւատանք, որ կ՚արենանք առնել Աստուծոյ մեզի խոստացած պարգեւը, այն պարգեւը, զոր մե՜րն է, մեզի կը պատկանի։ Յիսուս բժշկեց այն ամէն հիւանդները՝ որոնք կը հաւատային Իր զօրութեան։
Յիսուս կ՚օգնէր հաւատացող հիւանդներուն եւ անկարներուն «տեսանելի» գործերով, որպէսզի հաւատան եւ վստահութիւն ունենան անտեսանելի ճշմարտութիւններուն վրայ։ Արդարեւ «անտեսանելի»ն տեսանելիով ներկայացնել գործնական հնարամտութիւն մը, օգտակար գործելակերպ մը եղած է ամէն ատեն։
Արդարեւ Յիսուս յստակօրէն կ՚ըսէ.
«Որպէսզի գիտնաք թէ Որդին մարդոյ իշխանութիւն ունի երկրի վրայ մեղքերու թողութիւն տալու» (ՄԱՏԹ. Թ 6), եւ այն միջոցին ըսաւ անդամալոյծին. «Ելի՛ր, ա՛ռ մահիճդ ու տո՛ւնդ գնա՛»։ Իսկ Յովհաննէս աւետարանիչ սապէս կ՚ըսէ. «Ասոնք գրուեցան որ հաւատաք թէ Յիսուսը Քրիստո՛սն է, եւ որ հաւատալով կեանք ունենաք Անոր անունովը» (ՅՈՎՀ. Ի 31)։
Սուրբ Գիրքէն կարելի է սորվիլ՝ թէ ի՛նչպէս պէտք է հաւատալ Անոր՝ որպէսզի թողութիւն գտնեն մեր մեղքերը։ Յիսուս բժշկեց այն ամէն հիւանդները՝ որ հաւատացին Իր զօրութեան, կարողութեան եւ իշխանութեան։
Բժշկուելու համար պէ՛տք է հաւատալ։
Աւանդական է ըսել՝ թէ բժիշկը Աստուծոյ ձե՛ռքն է։ Այս խօսքին մէջ կայ անուրանալի ճշմարտութիւն մը՝ թէ բժիշկը կը գործէ Աստուծոյ կողմէ տրուած իշխանութեամբ, որուն համար անհրաժեշտ է հաւատքը՝ որ կ՚աճի խաղաղ հոգիներու եւ մաքուր սրտերու մէջ։
Սակայն այս հաւատքը պայմանաւորուած, թէական հաւատք մը պէտք չէ՛ ըլլայ։ Երբ մէկը ըսէ. «Եթէ պիտի բժշկես զիս, այն ատեն կը հաւատամ քեզի…»։ Ո՛չ այդ մէկը հաւատք չէ՛։ Հաւատքը պէտք է ըլլայ նուիրական, անսակա՛րկ։ Հաւատալ եւ վստահի՛լ. ահաւասիկ անհրաժեշտ պայմաններ նպատակի մը հասնելու համար եւ անշուշտ՝ խաղա՜ղ հոգի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 13, 2015, Իսթանպուլ