Հոգե-մտաւոր

ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Գուցէ պատահականութեան արդիւնք չէ, որ մեր այս թերթի հիմնադիրները դարաւոր այս մամուլը կոչած են ԺԱՄԱՆԱԿ, որ մարդկութեան կողմէ աշխարհի բոլոր հարստութիւններէն աւելի փնտռուած իրողութիւն մըն է:

ՀԱՅՈՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԸ՝ Ե. ԴԱՐՈՒ ՅԱՋՈՐԴՈՂ ԴԱՐԵՐՈՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Բարձրագոյն դպրոցները, ինչպէս նախապէս յիշուած է, վանքերու մէջ կեդրոնացած էին։ Վանական դպրոցներու մէջ նախնաբար կը շարունակուէր Սուրբ Գրքի ուսուցումը՝ մեկնութեամբ եւ Սուրբ Հայրերու գրութիւններու ընթերցմունքը։

ԳՈՒՇԱԿՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ (Բ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Գուշակութիւն ընելը այդքան ալ դժուար բան մը չէ, որովհետեւ մարդիկ իրարմէ կը տարբերին, սակայն ունին հասարակաց ճակատագրեր. կան ապրումներ ու զգացումներ, որոնք առաւել կամ նուազ չափով բոլորը ապրած են եւ իրենց յուզական կեանքին մէջ յատուկ տեղ ունին այդ բոլորը. պարզապէս պէտք է քիչ մը արթուն ըլլալ եւ կարենալ բռնել այն կապը՝ որ ձեզ պիտի առաջնորդէ դէպի զգացական աշխարհ՝ ուր յոյզերն են որ կը խօսին՝ ո՛չ թէ միտքը:  

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՊԱՒԻՆԻԼ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ո՛վ Տէր, իմ զօրութի՛ւնս, քեզ պիտի սիրեմ։ Տէրը իմ վէմս, ամրութիւնս եւ փրկիչս է։ Իմ Աստուածս իմ պարիսպս է, ես անոր կը յուսամ, Անիկա իմ վահանս եւ իմ փրկութեանս եղջիւրը եւ իմ բարձր աշտարակս է». (ՍԱՂՄ. ԺԸ 1-2)։

ԳՈՒՇԱԿՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ (Ա.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ներկայ աշխարհի մեծագոյն հարցերէն մին անգործութիւնն է, որ իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ թէ՛ անհատներու կեանքին եւ թէ տնտեսութեան վրայ. սակայն ըսենք, որ ամէն ժամանակ ունեցած է իր «անգործութիւն»ը եւ աշխարհը տնտեսական ի՛նչ վիճակի մէջ ալ գտնուած ըլլայ, մի՛շտ գոյութիւն ունեցած են անգործներ՝ որոնք ստեղծած են անգործութիւնը:

ՎԻՇՏԸ ԿԸ ՄՕՏԵՑՆԷ ԱՍՏՈՒԾՈՅ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Վշտը անխուսափելի է այս աշխարհի վրայ։ Յիսուս ի՛նքն ալ բացայայտ կերպով մը կ՚արտայայտէ այս ճշմարտութիւնը. «Այստեղ, այս աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք», եւ կ՚աւելցնէ. «սակայն քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

ԼԻՃԻՆ ՇՈՒՐՋ ՄԵՐԿ ԱՂՋԻԿՆԵՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Անցնող երեք օրերու ընթացքին ճաղատ թէ մազաշատ, աղջիկ թէ տղայ բոլորը պսակեցինք. սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ կայ դրամին հակառակ կողմը. իւրաքանչիւր միութիւն ունի նաեւ բաժանում մը. պսակողներուն կողքին բաժնողները եթէ չըլլան, կը կարծենք արդէն սէրը սէր ըլլալէ կը դադրի:

ԳՈՐՏ, ՄՐՋԻՒՆ ՈՒ ՋՂՋԻԿ. ՍԷ՜Ր

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Անցնող երկու յօդուածներով օգնեցինք, որ Մ. Գուշակի օժանդակութեամբ մեր հայ երիտասարդները՝ ճաղատ թէ՛ մազաշատ յաջողին գերել իրենց սիրած օրիորդներուն սիրտը, սակայն չկարծուի, որ օրիորդներուն համար ալ գուշակութիւններ ու կախարդութիւններ նախատեսուած չեն. օրիորդները եւս ունին իրենց սիրտին տիրած մէկը եւ տիրանալու համար Մ. Գուշակը անհրաժեշտ կրնայ ըլլալ:

ԿԵԱՆՔԻ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կեանքի զանազան փորձութիւնները, գայթակղութիւնները բարոյական, անտեսանելի հարուածներ են՝ որոնք մարդուս պատճառ կը հանդիսանան՝ շեղելու ուղիղ ճամբէն եւ հետեւելու անօրէնութեան ու չարութեան ճամբուն։

Էջեր