Հոգե-մտաւոր

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԲԱՍՔԱԼ, ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԸ՝ ԺԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Գաղթական դարձած ժողովուրդի մը համար ամենէն կարեւորը օտարութեան մէջ իր ազգութիւնը, իր լեզուն ու աւանդութիւնները պահելն է. օտար երկիրներու մէջ կայք հաստատող մեր նախահայրերը սկզբնական շրջանին դիմագրաւեցին լուրջ խնդիրներ:

ԵՂԲԱՅՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻ՛ՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ընդհանրապէս հետաքրքրութեան առարկայ է եղած, թէ՝ հռչակաւոր «Եղբայրութիւն-Հաւասարութիւն եւ Ազատութիւն» բանաձեւին մէջ ինչո՞ւ չէ յիշուած «Արդարութիւն»ը։ Անշուշտ, արդարութիւնը մարդկային յարաբերութիւններու մէջ անհրաժեշտ, կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ. հոն ուր արդարութիւն չկայ՝ հոն թէ՛ անհատական, թէ՛ հաւաքական խաղաղութիւն եւ, հետեւաբար, երջանկութիւն չի՛ գտնուիր։

ԴԺԳՈՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵՌՆՈՂՆԵՐՍ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր ամենէն յայտնի բանաստեղծներէն Սիամանթօ «Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր» աշխատութեան մէջ կը հրատարակէ «Ես երգելով կ՚ուզեմ մեռնիլ» խորագրեալ բանաստեղծութիւն մը. մեռած ժամանակ երգեց թէ ոչ՝ չենք գիտեր, սակայն կը կարծենք բիրերու հարուածներուն ու քարերու տարափին տակ դժուար թէ երգած ըլլայ:

ՊԱՏՄԱԿԱՆ՝ Կ.ՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅԵՐՈՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Բիւզանդական կայսրութեան գոյութեան ժամանակներէն հայերը՝ չնայելով յունաց կրօնական հալածանքներուն, անընդհատ գաղթած են դէպի Կ.Պոլիս եւ այնտեղ բնակութիւն հաստատած եւ նոյնիսկ իշխանութեան եւ կայսրութեան հասած են։

ԱՆԿԵՂԾ ԿՈՆԴԱԿ ՄԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ընդհանրապէս հայրապետական կոնդակներ չկարդալու սովորութիւն մը ունիմ, որովհետեւ այսպէս կամ այնպէս այդտեղ գրուածները լսած կամ կարդացած ենք նախապէս. պարզապէս տարբեր է ստորագրութիւնն ու ոճը՝ շատ անգամ հրատարակուած աւանդութիւն մը վառ պահելու համար:

«ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆԸ՝ ՈՐ ԿԻՆ ՄԸ ՈՒՆԷՐ»

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հաւատացէ՛ք, որ աշխարհի մէջ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելը շա՜տ դիւրին է. սակայն պէտք է վստահ ըլլալ, որ այդ մէկը ազնիւ ու աղէկ ձեւով ընելը դժուար եւ գրեթէ անկարելի է: Պէտք է պարզապէս հասկնալ, որ ամէն գրաւիչ բան միշտ ճշմարիտ չէ՛ եւ ամէն ճշմարտութիւն՝ գրաւիչ:

ՍՈՒՐԲ ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի կենսագիրն է՝ Կորիւն, որ միայն «Մաշտոց» անունով կը յիշէ զայն, եւ որ ըստ գիտնականներու՝ պարսկերէն «Մազտա» բառէն առնուած է եւ կը նշանակէ «իմաստութիւն» կամ «իմաստուն»։

ԳԱՂԹԱԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐ ՈՒ ՄԱՐԴԵՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Որոշ ժամանակ ետք հասկցայ, որ աշխարհի մութ անկիւններուն մէջ միայն մարդիկ որբ չե՛ն դառնար. կ՚ապրին, կ՚որբանան ու կը մեռնին նաեւ անշունչ իրերը: Զրկուած իրենց սկզբնական նպատակէն՝ անոնք եւս որոշ ժամանակ մարդկային կեանքի մէջ կարեւոր տեղ գրաւելէ ետք կը տրուին մոռացութեան, դառնալով որբացած անցեալի լուռ յիշատակ մը՝ մինչեւ դառնան անյայտութիւն։

Էջեր