ԿԵԱՆՔԻ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Կեանքի զանազան փորձութիւնները, գայթակղութիւնները բարոյական, անտեսանելի հարուածներ են՝ որոնք մարդուս պատճառ կը հանդիսանան՝ շեղելու ուղիղ ճամբէն եւ հետեւելու անօրէնութեան ու չարութեան ճամբուն։ Բայց փորձութիւններ կը զօրացնեն նաեւ մարդուս հաւատքը։ Արդարեւ, միօրինակ եւ միապաղաղ հաւատքը մարդս կ՚առաջնորդէ անգործութեան, թուլութեան եւ մեղկութեան, քանի որ հաւատքը գո՛րծ կը պահանջէ՝ տեւական գոյամարտ եւ մարտնչում։ Եւ ընդհանրապէս, անշարժութիւնը եւ անգործութիւնը ձանձրալիութիւն կը ստեղծէ՝ որուն հետեւանքն է անտարբերութի՛ւն։
Արդարեւ, հոն՝ ուր կայ աշխարհային շահ, հոն կա՛յ հոգեւոր վնաս իր ամենախոր իմաստով։
Փորձութիւնները հարուածներ են հաւատքի վրայ՝ տկարացնելու համար զայն։ Բայց, ընդհակառակը անոնք կը զօրացնեն հաւատքը, քանի որ աշխոյժ կը պահեն զայն։ Գիտակից հաւատացեալը իր հաւատքին ի նպաստ կրնայ օգտագործել փորձութիւններու հարուածները։
Ուշագրաւ օրինակ մը ահաւասիկ հարուածներու նպաստաւոր կողմին, երբ դարբինը՝ երկաթագործը ուժգին հարուածներով զարնէ շիկնած՝ կրակ կտրած երկաթին՝ ջուր սրսկելով անոր վրայ ջրդեղուած երկաթ, այսինքն պողպատ ձեռք կը ձգէ։ Եւ հարուածները ո՛րքան զօրաւոր ըլլան, պողպատը այնքան տոկուն կ՚ըլլայ։
Ահաւասի՛կ, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, այս օրինակով, կարելի է ըսել, որ հարուածը օգտակար է նաեւ հոգեւոր կեանքի մէջ։ Ուստի, կեանքը պայքա՛ր է եւ հարուածները անխուսափելի այդ կեանքին մէջ։ Հաւաքականութեան մէջ երբ անհատը անհատապէս կը շահի, ընկերութիւնը հաւաքաբար կը կորսնցնէ, կը վնասուի։ «Բայց ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի». (ՄԱՏԹ. ԻԴ 13)։ Ուրեմն, այս անխուսափելի պայքարին մէջ համբերութիւնը անհրաժեշտ պայման մըն է։ Հաւատքը կը զօրանայ հարուածներու դիմադրելու համբերութեամբ։
Ներկայ աշխարհը շլացուցիչ եւ հոգեցունց խոստումներ, ծրագիրներ ունի, բայց կը խոստանայ միա՛յն առանց տալու։ Ներկայ դարը դժբախտաբար անձնազոհ նուիրումի արժէքը չի գնահատեր. ատելութիւն, նախատինք, վիրաւորանք, ամօթ եւ նախանձ կը սերմանէ եւ, ընդհանրապէս, կը մերժէ առաքինութեան վերաձիգ ուժին կարեւորութիւնը։ Տեսաբաններ իրենք զիրենք հպարտ կը զգան յայտարարելով, որ գիտութիւնը պիտի երջանկացնէ մարդը, եւ ոմանք կը պատգամեն իսկ. «բանականութեան -արուեստական կամ բնական բանականութիւն- ուժը պիտի կերտէ եւ զարգացնէ ճշմարիտ մարդը՝ ինքնաստեղծ, մարդը ինքնատիպ եւ ինքնակաց՝ որ է խոստացուած մարդը երջանիկ»։
Բայց այս կէտին կը սխալին տեսաբաններ, քանի որ գիտութիւն եւ փիլիսոփայութիւն՝ ինքնին բաւարար չեն մարդուս կարիքները գոհացնելու եւ յագեցնելու։ Արդարեւ, գիտակցելու է, թէ կարելի է շատ դիւրաւ տեսութիւններ եւ գիտութիւն չարի գործածել, եւ անոնցմով զեղծանիլ։ Ուստի, մարդ կրնայ գիտուն ըլլալ, բայց նաեւ անբարոյ եւ չարագործ ըլլալ, որուն կը վկայեն բազմաթիւ պատմական դէմքեր եւ դէպքեր։ Եւ կամ բարի նպատակ մը կարելի է եղծանել եւ շեղեցնել զայն դէպի չարը։
«Լոկ իմացականութիւնը առանց նկարագրի բարոյական ուժի՝ մէտ է ծայրայեղ վատասերումի», կ՚ըսէ Արիստոտէլ։ Ուստի, բարոյականութիւնը, մշակոյթը պէ՛տք է վաղուան կռուանը ըլլայ՝ առողջ սերունդի մը, որ այսօր միայն մարմնոյ հրահանգներով եւ ժամանցներով կը փորձէ փայփայել իր «ԵՍ»ը, եւ հաճոյքով գոհացնել իր աննիւթական հոգին։ Ուստի, հոգեւոր արժէքներն են, որ կը փրկեն մարդկութիւնը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 25, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024