ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ
Գուցէ պատահականութեան արդիւնք չէ, որ մեր այս թերթի հիմնադիրները դարաւոր այս մամուլը կոչած են ԺԱՄԱՆԱԿ, որ մարդկութեան կողմէ աշխարհի բոլոր հարստութիւններէն աւելի փնտռուած իրողութիւն մըն է: Հարստութիւնը կարելի է գտնել, կորսնցնել, ապա դարձեալ վաստակել, սակայն ժամանակը անվերադարձ է՝ անդառնալի եւ անողոք. լուռ ուժ մը՝ որ կը սահմանէ մեր գոյութիւնը. այդ ժամանակով է, որ կը ճշդուի կեանքի չափանիշը:
Ժամանակը մեր գոյութեան հիմքն է, որովհետեւ կենդանի է ան՝ որ տակաւին ունի ժամանակ եւ անոր հիմնական ուժը կը կայանայ իր շարունակական եւ անխուսափելի ըլլալուն մէջ, որովհետեւ նիւթական հարստութեամբ կարելի է շատ մը բաներու վրայ իշխել ու կառավարել՝ բացի ժամանակէն, որ մեզի տրուած է մեր կամքէն անկախ եւ կ՚առնուի դարձեալ նոյն ձեւով: Ժամանակն է, որ կը ձեւաւորէ կեանքի ըմբռնումը։ Փիլիսոփայական գետնի վրայ ժամանակը մարտահրաւէր մըն է գոյութեան, որովհետեւ որոշ ժամանակ անվերջ թուացող ժամանակը որոշ ատեն ետք մարդուն կու տայ անոր սահմանափակ ըլլալու գիտակցութիւնը եւ զինք կը դնէ գոյութեան եւ անգոյութեան դժուարին պայքարի մը միջեւ:
Իրականութեան մէջ կեանքի ինչութիւնը ժամանակի ինչութեան հետ աղերս ունի, որովհետեւ ժամանակի ինչութիւնը ուսումնասիրելով կը տեսնենք մարդու կեանքի պատկերը՝ իր բոլոր հանգրուաններով, դժուարութիւններով: Սակայն մերօրեայ աշխարհին մէջ նման կարեւոր ու սուղ արժէք մը ինչպէ՞ս այսքան արժեզրկուած է. այսօր մարդիկ հազար ու մէկ միջոց կը փնտռեն «սպաննելու» համար իրենց ժամանակը. սպաննելու համար բան մը՝ որ ժամանակ մը ետք կեանքի գնով անգամ պիտի չյաջողին գտնել: Կեանքի ընթացքին ու ժամանակի անյստակութեան պայքարը մի՛շտ ալ գոյութիւն ունեցած է. օրինակ՝ 1850-ական թուականներուն ապրած մտաւորական Կլատսթոն իր որդիներուն տուած խրատներէն մէկուն մէջ կը գրէ.
«Զարմանալի է որ մարդիկ իրենց ժամանակը սպաննելու միջոցներ կ՚որոնեն, կարծես թէ անոր առատութեան մէջ խեղդուած ըլլային: Ապա ուրեմն ինչպէ՞ս պիտի յաջողին յաւիտենականութիւնը սպաննել, երբ ժամանակը դադրի գոյ ըլլալէ: Որչափ ծանր պիտի կոխէ ան իրենց անվերջ գոյութեան վրայ: Ժամանցի հետամուտ ըլլալ շատ ուղիղ է եւ զայն վայելելու ջանալ արդարացի: Բայց երբ խաղն ու ժամանակը կեանքի զբաղում կ՚ընենք եւ այնչափ կարեւորութիւն կու տանք անոնց, որ մեր գործերը մեծապէս տուժեն, այն ատեն մեղանչած եւ մեր կեանքերը թունաւորած կ՚ըլլանք»:
Այսօր նոյն հարցը կը դիմագրաւէ մարդկութիւնը. այդքան սուղ եղող ժամանակը ձեւով մը կը փորձեն սպաննել՝ որպէսզի ապագային ողբան ժամանակի ոճիրը: Այսօր մարդկային կեանքի մեծագոյն մտահոգութիւնը այդ ժամանակի անխնայ ոճիրն է. հաւատացէ՛ք, որ այս վայրկեանիս իսկ մարդիկ հազար ու մէկ անիմաստ ու աննպատակ բաներով կը փորձեն իրենց մէկ անգամ տրուած ժամանակը մսխել, մոռնալով, որ իւրաքանչիւր անցնող վայրկեան անվերադարձ արժէք մըն է: Ժամանակաւոր տրուած այս կեանքին մէջ կը «ձանձրանանք», սակայն միւս կողմէ կ՚ափսոսանք, որ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի մահը. կը մեղադրենք նախամարդը՝ որուն պատճառով մեղքը մուտք գործեց աշխարհ. եթէ ժամանակաւոր ժամանակը անժամանակ կը թուի, ապա ի՞նչ պիտի ըլլար, եթէ ժամանակը մարդուն տրուած ըլլար անժամանակ ձեւով. նման գոյութիւն մը ինչքանո՞վ պիտի «ձանձրացնէր» մարդը. եթէ ժամանակաւոր այս ժամանակը մարդուն անժամանակ կը թուի, ապա կրնանք ըսել, որ մարդ արարածը իրականութեան մէջ չի՛ հասկնար յաւերժութիւն բառի իսկական իմաստն ու սահմանումը: Մարդ արարածը կը կարծէ, որ ժամանակը տրուած է իրեն՝ որպէսզի ինք նուաճէ եւ ձեւով մը սպաննէ զայն, անոր ինչութիւնը հասկնալու եւ զայն որպէս գերագոյն արժէք ընդունելու փոխարէն:
Այդ պայքարը ամէ՛ն մարդ ունի իր կեանքին մէջ. 2 ապրիլ 1909 թուականին Դանիէլ Վարուժան Թէոդիկին գրած իր նամակին մէջ այդ ձանձրոյթը կը կոչէ «կապարաթոյր ձանձրոյթ» եւ խօսելով ժամանակի անժամանակ թուալուն մասին՝ կ՚ըսէ. «Ժամանակը սպաննել ուզելով՝ զայն աւելի կը սնուցանէ, եւ այն յուսահատութիւնը, որ իմ գոյութիւնս իսկ ստէպ ինծի ծաղրելի կը դարձնէ: Այս բոլոր յոյզերը, զորս կ՚երեւակայեմ, թէ ամէն դիւրազգած մարդ էակ ունեցած պիտի ըլլայ, պիտի կազմեն մէկ կարեւոր մասը այդ հատորին». այդ հատորը մարդուն կեանքն է. այս բոլորը նկատի ունենալով, կը յիշեմ հին իմաստուններու կողմէ ըսուած հետեւեալ խօսքը. «Եթէ երիտասարդները գիտնային, եթէ ծերեր կարենային» խօսքը, որովհետեւ ծերը գիտէ ժամանակին արժէքը, սակայն զայն արժեւորելու համար շատ քիչ բան կրնայ ընել, իսկ երիտասարդը կրնայ շատ բան ընել՝ սակայն չի՛ գիտեր ժամանակին արժէքը: Գիտնալու եւ կարենալու պայքար մըն է ամբողջ կեանքը եւ տարօրինակ ձեւով մի՛շտ ալ կը գիտնայ ան՝ որ չի կրնար, իսկ կրնայ ան՝ որ չի՛ գիտեր: Բոլոր այդ չգիտցողները օր մը պիտի տեսնեն անժամանակ կարծուած ժամանակին աւարտին հասնիլը եւ Սայաթ Նովայի նման պիտի բարձրաձայնեն «Ժամանակը ե՞րբ որ հասաւ...» ու երբեք պիտի չկարենայ պատասխան գտնել իր այդ հարցին՝ որ դարերու ընթացքին կը շարունակէ փնտռել իր ժամանակը:
Ինչքա՜ն անուշ է գրականութեան մէջ գտնուող այս դարձուածքը. «վրայ հասաւ ժամանակը», որովհետեւ ժամանակը իր մէջ ունի խորհրդաւոր լռութիւն մը, գաղտնիք մը, որ երբեք չի՛ յայտներ մարդուն՝ մինչեւ զինք ճշմարտութեան մը դէմ յանդիման չդնէ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ժամանա՞կը կարեւոր է, թէ դրամը:
Պատասխան. Ժամանակը յաճախ աւելի կարեւոր կը նկատուի, քան դրամն ու հարստութիւնը, որովհետեւ փողը կարելի է շահիլ կամ աշխատիլ, մինչ ժամանակը սահմանափակ է եւ հնարաւոր չէ վերականգնել: Ապրուած իւրաքանչիւր պահ առյաւէտ կորսուած է եւ այդ մէկն է, որ ժամանակը արժէքաւոր կը դարձնէ: Ժամանակն է, որ մարդուն նիւթական հարստութիւն շահիլ կու տայ, այդ իսկ պատճառով շատեր հարստութիւն կուտակելու փոխարէն կը նախընտրեն ժամանակի ճիշդ կառավարում ընել եւ ժամանակը իմաստութեամբ գործածել:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024