ՎԻՇՏԸ ԿԸ ՄՕՏԵՑՆԷ ԱՍՏՈՒԾՈՅ
Վշտը անխուսափելի է այս աշխարհի վրայ։ Յիսուս ի՛նքն ալ բացայայտ կերպով մը կ՚արտայայտէ այս ճշմարտութիւնը. «Այստեղ, այս աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք», եւ կ՚աւելցնէ. «սակայն քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։
Արդարեւ, այն ամէն ինչ որ կը պատահին աշխարհի վրայ՝ բանաւոր մարդուն համար դասեր են, կամ ըսենք, ազդարարութիւններ եւ հակազդեցութեան առիթներ։
Շատերու համար Աստուած միայն գաղափարական բան մըն է՝ առաջին մեծ պատճառը՝ ստեղծիչը։ Անոնց համար ա՛յս է գերազանց տեսլականը։ Ի՞նչ պէտք է ուրեմն, որպէսզի իմացական հաւատքին կցուի ճշմարիտ կրօնական հաւատքը։
Իմաստասէր Շլէյմախըր կ՚ըսէ, թէ մարդ ինքզինք կախեալ զգայ ճշմարիտ կրօնական հաւատքին։ Այդ կախումի զգացումով է, որ կը ծնի կրօնքը։ Ուրեմն, ո՞վ է յառաջ բերողը որ կը խոնարհեցնէ մարդոց «ամբարտաւան» գլուխները՝ որով մարդիկ կը խոստովանին իրենց «պարտութիւն»ը, ընդառաջ կը հանէ Աստուծոյ, եւ այն ատեն կը յայտնուի Անոր արդարութիւնը եւ սրբութիւնը։
Ահա ուրեմն լացին կամ վշտին «բարի» հետեւանքը, որուն մէջ ցնծութեան եւ ուրախութեան ձայներ կան Արարչին եւ Նախախնամողին ուղղեալ։ Եւ ահաւասիկ, այս ուղղութեամբ վիշտը, բուն մարդը ի յայտ կը բերէ։
Այս ճշմարտութիւնը ապացուցանելու հարկ չկա՛յ։ Ժողովրդական իմաստութիւնը կ՚ըսէ. «Մարդ այն ատեն կը ճանչցուի երբ կը տառապի». այն՝ որուն համար ամէն ինչ յաջողութիւն է, չի ճանչցուիր ներքինը՝ սիրտը եւ հոգին, սէրը եւ հաւատքը։ Պէտք է գերագոյն վիճակէ մը ինկած ըլլալ, անցնիլ վշտի եւ թշուառութեան դառնութիւններէն՝ գիտնալու համար, թէ ինչե՞ր կ՚ացնին եւ կը դառնան ուրիշներու սիրտերէն, անկեալ աղքատին եւ կամ խստասիրտ մարդուն սիրտէն։
Պէտք է որ մէկը արցունքներուն վշտի մէջ կոծէ եւ տառապի, որպէսզի եթէ ունի սրբութիւն եւ արդարութիւն, բարութիւն եւ անմեղութիւն, աւելի եւս արտափայլի եւ պայծառանայ, յստականայ։
Վիշտը, արդարեւ, կը ներգործէ գիտակցութեան վրայ եւ կը նուաճէ ու կը զսպէ կամքը։
Արցունքը, ցաւը եւ վիշտը կը խորտակեն եւ կը լուծեն անձնասէրներու եւ եսամոլներու հպարտութեան շղթաները, ինչպէս նաեւ յամառ եւ վայրագ ցանկութիւններու կապանքները։ Ուստի, վիշտը եւ արցունքը կռապաշտ Քանանացին մօտեցուցին Քրիստոսի։
Քանանացին երբեք պիտի չերազէր Քրիստոսի գալ, եթէ երբեք իր սիրտը արիւնած եւ վիրաւորուած չըլլար իր աղջկան սոսկալի աղիողորմ տեսարանով։
Առ հասարակ կը կարծուի, թէ ուրախութիւնը հոգին սրտազեղ եւ սիրելի կ՚ընէ, բայց ասիկա հաւատալիք մըն է՝ համոզում մը, որ միայն իրերու մակերեւութական զոհողութենէն յառաջ կու գայ։ Յարատեւ երջանկութիւնը անվրէպ կը ծանուցանէ եսասիրութիւնը, որովհետեւ իրեն ստոյգ արգասիք ունի մոռնալ անոնք, որոնք կը տառապին…
Նաեւ երբ Աստուած կ՚ուզէ ցայտեցնել սրտէ մը ճշմարիտ՝ խորին եւ տեւական սէրը, գրեթէ միշտ վշտով է որ կը բանայ զայն։
Եւ Աստուած վշտացեալներուն յանձնեց մխիթարութեան գերագոյն պաշտօնը։ Պէտք է գիտցուի, որ հոգեկան վիշտը եւ արցունքը յառաջ կը բերեն արդարութի՛ւն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 26, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024