Հոգե-մտաւոր

ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ «ՈՐԴՈՒՍ» (6)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Պարոյր Սեւակ իր «Որդուս» բանաստեղծութիւնը կը բաժնէ հինգ մասերու եւ մենք այսօր արդէն իսկ կը փորձենք վերլուծել բանաստեղծութեան երրորդ մասը, ուր առաւելաբար բանաստեղծը կը խօսի բարոյական արժէքներու մասին: Այս բաժինը Պարոյր Սեւակ կը յատկացնէ ազնուութեան.

ՀԱՅՈՑ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ Զ. ԵՒ Է. ԴԱՐԵՐՈՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ե. դարու Հայոց գրականութեան կրօնական ազդեցութիւնը ժամանակի պահանջքի բնական արգասիքն էր. տառերու գիւտով Ս. Սահակ Պարթեւ եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետը կամեցան հայ ժողովուրդը կրօնապէս կրթել, քրիստոնէական բարոյական գաղափարները անոր մէջ հաստատել, եւ անոնք իրենց նպատակին հասան

ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ «ՈՐԴՈՒՍ» (5)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Տարօրինակ բան է չէ՞ բանաստեղծութիւնը. ընդամէնը մի քանի էջերու մէջ արձանագրուած բառեր կարելի կ՚ըլլայ մի քանի տասնեակ էջերու մէջ բացատրել եւ հո՛ն է բանաստեղծութեան հիմնական արժէքը. բանաստեղծութիւնը անկատար արուեստ մըն է, որ ընթերցողը ի՛նք աւարտին պիտի հասցնէ, այդ բառերն ու ապրումները յարմարեցնելով իր հոգիին ու ապրումներուն. մենք կը փորձենք վերլուծել Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւնը, սակայն նոյն տողերն ու խօսքերը իւրաքանչիւրիս համար կրնայ տարբեր իմաստ մը ունենալ եւ այդ ապրումներուն մէջ է, որ իրար կը հանդիպին ընթերցողն ու բանաստեղծը. այդ յոյզերու հասարակաց գիծն է, որ գրողը կը դարձնեն բանաստեղծ:

ԼՈՒՌ ԿԵՆԱԼԸ ԱՐՈՒԵ՛ՍՏ ՄԸՆ Է

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Խօսիլը պահանջք մըն է, իսկ լռելը՝ արուե՛ստ»։ Այսպէս կ՚ըսէ Johann Wolfgang von Goethe (1749-1832)։
Արդարեւ, նախընտրելի է լռել, քան թէ անիմաստ եւ աննպատակ խօսիլ՝ դատարկախօսութեամբ զբաղեցնել մարդիկ։ 

ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ «ՈՐԴՈՒՍ» (4)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Բանաստեղծները ունին իւրայատկութիւն մը, որ զիրենք կը տարբերէ սովորական մարդոցմէ. անոնց ներաշխարհը հարուստ է խորութեամբ եւ ստեղծագործութեամբ, ինչ որ առիթ կու տայ, որպէսզի անոնք աշխարհը դիտեն ու մեկնաբանեն այնպէս՝ ինչ որ տրուած չէ սովորական մարդոց:

ԾԱԾԿՈՒԱԾ ՃՐԱԳԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Չկայ մէկը, որ ճրագը վառէ եւ ամանի մը տակ կամ մահիճին ներքեւ դնէ, հապա աշտանակի վրայ կը դնէ, որպէսզի ներս մտնողները լոյս տեսնեն». (ՂՈՒԿ. Ը 16)։
Ճշմարտութիւնը ծածկել անհնա՛ր է, քանի որ ան ինքզինք կը յայտնէ անպայման լոյսի մէջ, եւ կա՛յ միշտ լոյսը, եւ ուրեմն ճշմարտութիւնն ալ միշտ ակնյայտ է։

ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ «ՈՐԴՈՒՍ» (3)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Բանաստեղծութիւնը գրականութեան գագաթնակէտը կը նկատուի, սակայն իրականութեան մէջ ան կը գերազանցէ գրականութեան էջերը եւ կը դառնան ներհայեցողութեան լաւագոյն միջոց, ըմբռնելու համար ներքին ապրումներն ու զգացումները:

ՄԱՆԱՆԵԽԻՆ ԱՌԱԿԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ապա կ՚ըսէր.- Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ բանի նմանցնենք կամ ի՞նչ առակով զանիկա բացատրենք։ Մանանեխի հատին նման է, որ հողին մէջ ցանուած ատենը՝ երկրի վրայ եղած սերմերուն ամենէն պզտիկն է, բայց երբ ցանուի, բուսնի, բոլոր ծառերէն ալ մեծ կ՚ըլլայ եւ մեծ ճիւղեր կ՚արձակէ, այնպէս որ երկնքի թռչուններուն կը բաւէ անոր շուքին տակ բնակելու»։

ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ «ՈՐԴՈՒՍ» (2)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայոց մեծագոյն բանաստեղծներէն Պարոյր Սեւակի «Որդուս» բանաստեղծութիւնը ունի յաւերժական եւ համամարդկային գրաւչութիւն մը. անոր շօշափած ճշմարտութիւնները կը գերազանցեն ժամանակի եւ տեղի առանձնայատկութիւնները:

ՀԱՑԻՆ ԲԱԶՄԱՑՄԱՆ ԴԱՍԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Բոլորիս ծանօթ է Յիսուսի հացերուն բազմացման հրաշքը. (ՄԱՏԹ. ԺԴ. 13-21, ՄԱՐԿ. Զ 30-44, ՂՈՒԿ. Թ 10-17 եւ ՅՈՎՀ. Զ 1-14), ուր հինգ հացով եւ երկու ձուկով կերակրեց հինգհազարի չափ այր մարդիկ, կիներէն եւ տղաքներէն զատ։

Էջեր