ԳՈՒՇԱԿՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ (Ա.)
Ներկայ աշխարհի մեծագոյն հարցերէն մին անգործութիւնն է, որ իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ թէ՛ անհատներու կեանքին եւ թէ տնտեսութեան վրայ. սակայն ըսենք, որ ամէն ժամանակ ունեցած է իր «անգործութիւն»ը եւ աշխարհը տնտեսական ի՛նչ վիճակի մէջ ալ գտնուած ըլլայ, մի՛շտ գոյութիւն ունեցած են անգործներ՝ որոնք ստեղծած են անգործութիւնը: Անգործութեան բողոքը ինչպէս այսօր, նոյնպէս կարելի է գտնել մեր թուականէն դար մը առաջ, կէս դար առաջ, մի քանի տասնամեակներ առաջ ու մի՛շտ: Օրինակի համար, հայ գրականութեան մեծերէն Յակոբ Օշական իր «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան» 9-րդ հատորին մէջ խօսելով իր ժամանակաշրջանին մասին՝ կը գրէ. «Անգործութիւն, անօթութիւն, հիւանդութիւնները իրենց բազմազան երեւոյթներովը, հոգեկան գիրութիւնը, դրամին լրբութիւնը ու ահաւոր անարդարութիւն». եթէ չգիտնանք գրողը Յակոբ Օշականն է, կարելի է կարծել, որ գրուած է այսօր՝ մեր ներկայ ժամանակաշրջանը բնութագրելու համար:
Երիտասարդութիւնը կրծող մեծագոյն հարցերէն մէկն է անգործութիւնը, որ շփոթ կը ստեղծէ ապագայ ասպարէզի ընտրութեան մէջ. ամէն ժամանակ կը ստեղծէ իր ասպարէզը. օրինակ՝ կար ժամանակ, երբ ուսուցչութիւնը կը դիտուէր որպէս «աղքատ» ու «թշուառ» գործ, սակայն ժամանակը փոխեց այդ կարծիքը եւ ուսուցչութիւնը վերածեց պատուաբեր ու հպարտանալու արժանի ասպարէզի մը. սակայն այսօր այդ մէկը դարձեալ կը դառնայ «թշուառ» եւ կամաց կամաց հրապարակի վրայ կը դիտուի որպէս «դժբախտ» ասպարէզ՝ ի տարբերութիւն միւսներուն՝ որոնք վերելք կ՚արձանագրեն:
Եթէ «անգործութեան» մտահոգութիւնը ձեզ եւս կը կլանէ, արդէն իսկ կրնաք չմտահոգուիլ, որովհետեւ հազարամեակներ շարունակ չմեռնող գործ մը պիտի սորվեցնենք բոլոր անոնց՝ որոնք լաւ ասպարէզ մը ընտրելու մտահոգութիւնը ունին. չհինցող ու չմեռնող գործ մըն է՝ ԳՈՒՇԱԿՈՒԹԻՒՆ: Անցնինք ուսուցման.
Ա.- Շատ մը կէտերու մէջ, երբ հարցը միջին տարիք ունեցող մարդոց մասին է, գուշակը ապահով կրնայ ըլլալ, որ անձը դատ ու դատավարութիւն ունեցած է եւ կամ անցած է մեծ վէճերու մէջէն՝ ինքզինք ենթարկելով շատ մը նեղութիւններու: Այս խօսքերը արտասանելու է տպաւորիչ կերպով: Բախտ կարդալու ժամանակ, պէտք է ուշադրութիւն ընել ձայնի ելեւէջներուն եւ ազդեցութեան: Եթէ ենթական ցոյց տայ յուզումներ եւ կամ ընդունի ըսուածները, անմիջապէս դրութիւնը փոխելու համար համակրանք ցոյց պէտք է տալ եւ մեղմացնել ըսուածներուն տպաւորութիւնը: Հաւատացէ՛ք, որ աշխարհի մէջ ձայնն ու ելեւէջները շատ աւելի արժէք ունին՝ քան տափակ ձեւով արտասանուած աշխարհի ամենէն իմաստուն խօսքը: Նոյնն է պարագան քահանաներուն. հաւատացեալները արտասանուած քարոզէն աւելի ձայնի ելեւէջներն ու ո՛ճը կը գնահատեն։ Այսօր եկեղեցական մը կրնայ շատ խոր փիլիսոփայական բացատրութիւններ տալ ու ազդեցութիւն չգործել, սակայն ուրիշ մը կրնայ խօսիլ անիմաստ պատահարի մը մասին, սակայն իր ոճով գրաւել: Գուշակութեան մէջ եւս կարեւոր է այդ ոճը, որովհետեւ տեսնելէն եւ ճիշդը ըսելէն աւելի ազդելու վրայ կեդրոնացած է գաղտնիքը: Այդ խորհրդաւոր պահը ստեղծելու համար է, որ անոնք կ՚ընտրեն մութ վայրեր, թեթեւ լոյսով մը լուսաւորուած, խունկերու ծուխով հոգեպաշտ ու միստիկ պահեր ստեղծելով:
Բ.- Պէտք է ըսել, որ ճամբու վրայ մեծ բախտ մը կը սպասէ եւ նման բախտ մը ձեռքէ փախցնելու չէ. մարդիկ կ՚ուզեն գիտնալ, որ անյայտ ապագային մէջ կայ պահուած բախտաւորութիւն մը, որ զիրենք պիտի երջանկացնէ. մարդիկ ինչքան ալ ըսեն, թէ կ՚ուզեն «ճշմարտութիւն»ը լսել, իրականութեան մէջ որպէս մարդ անոնց բնութիւնը կ՚ուզէ լսել լաւը եւ իրենց համար իրապէս լաւ է այն գուշակը, որ ապագայի համար լաւատեսութեամբ կը խօսի։ Մարդ արարած կ՚ուզէ գիտնալ, որ ինք պիտի իյնայ ու դարձեալ ոտքի կանգնի, սակայն վերջաւորութեան տիրանայ այն բախտին՝ որ ինքզինք արժանի կը տեսնէ եւ այդ մէկն է, որ հոգեկան ուրախութիւն մը կը պատճառէ մարդուն՝ նոյնիսկ եթէ սուտ ըլլայ:
Գ.- Պէտք է ըսել, թէ ենթական պիտի ունենայ երեք պատեհութիւններ, իսկ եթէ մասամբ կը ճանչնանք անձը եւ հարստութեան մը տէր է, պէտք է ըսել, որ անոնցմէ մին իրականացած է, իսկ միւս երկուքը շատ մօտիկ ապագային պիտի իրականանան: Իրականութեան մէջ գուշակները ապագան չէ՛ որ կը տեսնեն, այլ մարդուն եսասիրութիւնը շոյելով անոր հաճութիւնը կը փորձեն շահիլ. անյայտ «պատեհութիւն»ները ապրելու եւ գործելու ինքնասիրութիւն մը կու տան մարդուն, որովհետեւ մարդ ի՛նչ տարիքի մէջ ալ գտնուի՝ անյայտ յաջողութիւնն է, որ կը հալածէ:
Դ.- Եթէ ամուրի է, պէտք է ըսել որ համակրելի էակ մը կայ, որ սիրահարած է զինք եւ կամ շատ մօտ օրէն պիտի հանդիպի անոր՝ այն ժամանակ երբ ակնկալութիւն չունի նման ծանօթութեան մը: Կարելի է խօսիլ անյայտ անձի հրաշալի յատկութիւններուն մասին՝ որոնք շատ անգամ երազային են, սակայն հրաշալի անձի մը անյայտ գոյութեան գիտութիւնը եւս մարդը ուրախ կը պահէ, տալով այն յոյսը, որ վերջապէս անոր դէմը պիտի յայտնուի այն անձը, որու մօտ ինք իր հանգիստն ու խաղաղութիւնը պիտի գտնէ:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Առողջ մարդ մը ինչպէ՞ս կրնայ խենթ դառնալ:
Պատասխան. Առողջ մարդ մը հիմնականին մէջ կրնայ խելագարիլ խոր նեղութեան ու տխրութեան պարագային։ Նեղութեան ու տխրութեան երկարատեւ ազդեցութիւնը կրնայ ճնշել մարդու մտային առողջութեան, մարդը առաջնորդելով հոգեկան վատառողջ վիճակի: Մարդու հոգեկան առողջութիւնը կրնայ խանգարուիլ թմրամիջոցներու շահագործման, քունի պակասի եւ այլ հարցերու պատճառով, որոնք մարդու հոգեկան վիճակը անկայուն կը դարձնեն, առաջնորդելով հոգեկան առողջական խնդիրներու:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024