ԱՂԻՆ ՕՐԻՆԱԿՈՎ…
«Աղը աղէկ է, բայց եթէ աղը անհամնայ, ինչո՞վ պիտի համովցնէք. ձեր անձին մէջ աղ ունեցէք եւ իրարու հետ խաղաղութիւն ունեցէք». (ՄԱՐԿ. Թ 49)։
Աղը բնութեամբ հակադրութեան մը օրինակն է։ Ուստի, աղը թէեւ այրող, դառն համ ունի, եւ սակայն երբ ուրիշ ուտելիքներու միացուի, անոնց համ կու տայ, ճաշակելի կը դարձնէ զանոնք։ Ասիկա, արդարեւ, բնութեան մէկ հրաշալիքն է, որ ներդաշնակութեան խորհրդանի՛շն է։ Բնութեան մէջ ամէն ինչ ներդաշնակութեան մէջ կ՚աճի, կը բազմանայ։ Այս ներդաշնակութեան հինքը կը կազմէ չափաւորութի՛ւն։ Զոր օրինակ, բոյսը աճելու համար հողի եւ ջուրի պէտք ունի։ Բայց եթէ բոյսը չափէն աւելի ջրուի, ան կը թօշնի փոխանակ բողբոջելու եւ ծաղկելու։ Ամէն բանի չափազանցութիւնը ո՛չ թէ օգուտ, այլ վնաս կը պատճառէ։
Աղն ալ այնպէս չէ՞. չափաւոր աղը ուտելիքը համով կ՚ընէ, բայց աւելին ուտելիքը լեղի կ՚ընէ եւ անճաշակելի՛։
Վերոյիշեալ աւետարանական հատուածին նախորդ համարը սապէս կ՚ըսէ. «Վասնզի ամէն մարդ կրակով պիտի աղուի եւ ամէն աղով պիտի աղուի». (համար 48)։ Արդարեւ այս համարը դժուար մեկնաբանելի նախադասութիւն մըն է։ Կրակը կ՚այրէ եւ կը մաքրէ։ Սուրբ Գիրքի մէջ անիկա դատաստանի ընթացիկ պատկեր է։ Գալով աղին՝ համ տալու իր յատկութեամբ ան կարող է արտայայտել «նկարագիր ունեցող կեանքի մը համը»։ Ան կը պահպանէ նաեւ կերակուրները եւ հետեւաբար կրնայ դառնալ «ոչ-կորստական կեանք»ի խորհրդանիշ։
Յայտնի է նաեւ կրակի վրայ աղ ցանելու պաղեստինեան սովորութիւնը՝ կրակը արծարծելու նպատակով։
Դժուար է ըսել, թէ ի՛նչպէս կը զուգակցուին այս համարին մէջ «կրակ»ի եւ «աղ»ի խորհրդանշական իմաստները։ Այն իմաստը՝ որ կը թուի, թէ ամենէն աւելի կը ներդաշնակուի հատուածի նախորդ նախադասութիւններու հետ, հետեւեալն է. ո՛չ ոք կրնայ խուսափիլ իր մէջ եղած կրակի որոշ ներգործութիւններէն. ըլլայ ան կորստեան վայրի մէջ ոչնչացնելու համար, ըլլայ մաքրուելով իր անձը պահպանելու համար, ինչ որ Յիսուս արտայայտած է նախորդ նախադասութիւններու մէջ՝ խօսելով անհրաժեշտ վիրահատութիւններու մասին։
Մարդ երբեք չի կրնար ամբողջովին խուսափիլ կրակի ներգործութիւններէն. ան նաեւ պէտք է միշտ անցնի մահուան կամ անձնուրացութեան որոշ ձեւէ մը։
Արդարեւ, կան մահեր, որոնք ելք չունին, իսկ մահեր ալ կան, որոնք անհրաժեշտ ճանապարհն են ճշմարի՛տ կեանքի։
Ուստի, Յիսուս, նախորդ համարներուն մէջ կ՚ըսէ. «Եթէ քու աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ զանիկա, աղէկ է քեզի մէկ աչքով Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մտնել, քան թէ երկու աչք ունենալ եւ կրակին գեհենը ձգուիլ». (համար 46)։
Ուստի, մարդ պէտք է կարգ մը վնասներ յանձն առնէ՝ աւելի մեծ վնասներէ եւ կորուստներէ փրկուելու համար…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 24, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024