ԵՐԱՆԻ՜ ԱՐՏԱՍՈՒՈՂՆԵՐՈՒՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն աւելի քան 120 տարիներ առաջ հրատարակուած թերթի մը մէջ հանդիպեցայ հետեւեալ արտայայտութեան. «Երանի՜ անոնց, որք կարող են դիւրաւ արտասուել»: Աշխարհի մը մէջ, ուր բոլորը խոյս կու տան արտասուելէ, մտածող մը «երանի՜» կու տայ եւ այս մէկը վստահաբար կրնայ որպէս հակասութիւն երեւիլ։