Թրքահայ կեանք

ԷՍԱԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ «ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՃԱՐ»Ը

Էսաեան վարժարանին մէջ 2024-2025 կրթական շրջանի սկիզբը դրուեցաւ՝ ընտանեկան մեծ համախմբումի մը մթնոլորտով։ Վերամուտի եռուզեռը զգալի էր ամէնուրեք։ Մինչ տղաքը ամրան արձակուրդէն վերջ զիրար վերագտնելու երջանկութիւնը կ՚ապրէին, կրթական մշակներն ու դպրոցի միւս պատասխանատուներն ալ աշխատանքային նոր շրջանին ընդառաջ համակուած էին բարձր տրամադրութեամբ։

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՀԱՆԴԷՍԻՆ

Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը այս տարի եւս վերամուտը դիմաւորեց՝ հաստատութեան վանահօր՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ։ 2024-2025 տարեշրջանի մեկնարկին ձօնուած հանդէսը համախմբեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, հոգեւորականաց դասէն ներկայացուցիչներ, Ս. Խաչ դպրեվանքի պատասխանատուներն ու սաները։

ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՆԴԷՍ

2024-2025 կրթական շրջանը Գալֆաեան տան մէջ սկսաւ բարձր տրամադրութեամբ։ Վարժարանի աշակերտութիւնը ջերմօրէն շրջապատուեցաւ բոլոր պատասխանատուներու, նաեւ ծնողներու եւ հիւրերու կողմէ։

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՍԿՍԱՆ

Երէկ երեկոյեան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ՝ 2024-2025 շրջանի առաջին մատաղօրհնութեան նախապատրաստական հաւաքը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ամէն տարի առաջին սիրոյ սեղանը կը սարքուի Սամաթիոյ եկեղեցւոյ եւ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանին ի նպաստ։

ՍՈՒՐԲ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ

Համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր երէկ յետմիջօրէին համախմբուեցան Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ՝ ողջունելու փոքրիկն Լինտա Մեծատուրեանի Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւնը եւ խնդակցելու համար անոր երջանիկ ծնողքին՝ Սեւան եւ Անէթ Մեծատուրեան ամոլին։

ՏԱՐԵԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԱՂԹԱՄԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ ու նախագահութեամբ այս շաբաթավերջին տեղի կ՚ունենայ դէպի Վան տարեկան աւանդական ուխտագնացութիւնը։ Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի պատմական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ վաղը կը մատուցուի տարեկան Ս. Պատարագը՝ Խաչվերացի տօնին ընդառաջ։

ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է 2024-2025-Ի ՏԱՐԵՄՈՒՏԻՆ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը պատրաստ է 2024-2025 կրթական շրջանի համար իր դռները բանալու։ Վերջերս Թոփգաբուի ընտանիքի պատասխանատուները խորհրդակցութիւն մը ունեցան վերամուտին ընդառաջ։

Էջեր