Թրքահայ կեանք

ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՖՈՒԹՍԱԼԻ ԿԱԶՄԸ ՄԵՆՉԸՍԹԸՐԻ ՄԷՋ. ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆՆԵՐՈՒ ԼԻԿԻ ՆԱԽԱՈՐԱԿԱՒՈՐՄԱՆ ՓՈՒԼԻ ԽԱՂԵՐԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻՆ

Շիշլի մարզակումբի ֆութսալի խումբը մեկնած է Մենչըսթըր, Անգլիա։ Ֆութսալի ախոյեաններու լիկի նախաորակաւորման փուլի հանդիպումներուն կը մասնակցին շիշլիցիները։ ՈՒԷՖԱ-ի այս կարեւոր մրցաշարքին Շիշլի արդէն երկրորդ անգամ կը մասնակցի՝ անընդմէջ երկու տարի Թուրքիոյ ախոյեանի տիտղոսը նուաճած ըլլալով։

ՄԵԾ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՀԱՄԵՐԳ

Ամրան շրջանին Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած «Մենք երգ ենք» համերգաշարը երէկ երեկոյեան շարունակուեցաւ Մեծ կղզիի մէջ։ Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկներէն վերջ, ծրագրի հերթական փուլը կեանքի կոչուեցաւ Մեծ կղզիի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ երդիքին տակ, ինչ որ մեծ խանդավառութիւն առթեց տեղւոյն հայութեան:

ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՆՇԱՆ ԵԱՂՈՒՊԵԱՆԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ

Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին ոգեկոչեցին բարեյիշատակ Նշան Եաղուպեանը՝ մահուան երկրորդ տարելիցին առթիւ։ Նշան Եաղուպեան, որ երկու տարի առաջ մահացած էր, ճարտարապետութեան բնագաւառին մէջ դարձած էր կենդանի առասպել մը, նաեւ իր կարեւոր նպաստը բերած՝ թրքահայ զանազան հաստատութիւններու։

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ

Երէկ, Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Վերափոխման տաղաւարին առթիւ ստեղծուեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտ։ Տօնակատարութիւններուն նախագահեց, տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ հաւատացեալներուն առատօրէն բաշխեց իր օրհնութիւնը։

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ

Գնալըի բարձունքին Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարը այս տարի եւս հոգեւոր ցնծութեան առիթ դարձաւ։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկուան տօնակատարութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան՝ մինչ հոծ թիւով հաւատացեալներ համախմբուեցան օրուան խորհուրդին շուրջ։

ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ՎԵՐԱՕԾԵԱԼ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐ

Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Ս. Աստուածածնի տօնը։ Վերափոխման տաղաւարի նախօրէին՝ Վոսփորի Եւրոպական ափի այս գողտրիկ սրբավայրը օծուած եւ պաշտամունքի վերաբացուած էր՝ բարեզարդման աշխատանքներէ վերջ։

ԳՆԱԼԸԻ ՅՈՒՆԱՑ ՃԱՄԲԱՐԻՆ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԱԾ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԿԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐՋԱՑԱՒ

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու արդի տարեգրութեանց մէջ, զօրակցութեան տեսակէտէ այս ամառ բացառիկ դրսեւորում մը հանդիսացաւ Գնալըի բարձունքին պարզուած ողջունելի դրուագը։

ՆՈՐՈԳ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՏՈՑ. ՎԱՀԷ ԱԼԻՔՍԱՆԵԱՆԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ տոց. տքթ. Վահէ Ալիքսանեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որ համախմբեց համայնքային շրջանակներէն բազում դէմքեր՝ մասնաւորապէս Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն պատասխանատուներ։

Էջեր