Թրքահայ կեանք

ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱՐԵՒՈՐ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը շաբաթավերջին հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութեամբ մը։ Հարկ է նշել, որ վերջին շրջանին մամուլի մէջ լոյս տեսած են լուրեր, որոնք հանրային կարծիքի օրակարգին վրայ կը բերեն այս թաղային խորհուրդին վերաբերեալ՝ գայթակղութեան համազօր զգայացունց լուրեր։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԳՆԱԼԸԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին նշուեցաւ նաեւ տեղւոյն Ներսէսեան դպրաց դասուն տարեդարձը։

Ա­ՄԵՆ. Ս. ՊԱՏ­ՐԻԱՐՔ ՀԱՅ­ՐԸ ԸՆ­ԴՈՒ­ՆԵՑ ՊԱ­ԼԱ­ԹԻ ԹԱ­ՂԱ­ԿԱՆ­ՆԵ­ՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Գաւաֆեանն ու գործակից ընկերները։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Պերճ Զընկըքն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Մենքոն Քհնյ. Փընարճեան։

ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ

Երէկ երեկոյեան Գնալըի մէջ համերգով մը հանդէս եկաւ երգիչ Պարթեւ Կարեան, որուն ընկերացաւ «Առագաստ» նուագախումբը։ Կղզիի բարձունքին խանդավառութեան առիթ դարձաւ այս ձեռնարկը՝ նկատի ունենալով արուեստագէտին վայելած համակրանքը։

ՀՈԳԵԼՈՅՍ ԿԱՐՕ ԳԱԼԷՆՏԷՐԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ՝ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Շիշլի մարզակումբը հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ՝ անցեալի իր վաստակեալներու յիշատակին նկատմամբ երախտագիտական թերացումներ չընելու համար։ Այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանայ ակումբի անմոռանալիներէն հոգելոյս Կարօ Գալէնտէրի ի յիշատակ կազմակերպուած պասքեթպոլի մրցաշարքը, որու հերթականը վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի մէջ։

ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՋՐԱՅԻՆ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻՆ ՄԷՋ «ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹՐԻՔ»

Գնալը կղզիի ջրային մարզակումբի համալիրէն ներս երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ընթրիք մը, որ համախմբեց բարձրաստիճան դիւանակալներ եւ փոքրամասնութեանց շրջանակներէն ներկայացուցիչներ։ «Բարեկամութեան ընթրիք» կոչուած էր այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ դրական մթնոլորտ եւ բարձր տրամադրութիւն։

Էջեր