Թրքահայ կեանք

ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԸ ԿԸ ՁԳՏԻ 1000 ՄԱՐԶԻԿ ՆԵՐԳՐԱՒԵԼ

Շիշլի մարզակումբը 2024-2025 շրջանի աշխատանքներուն ձեռնարկած է ամբողջ թափով։ Ակումբը այս տարի ութ մարզաձեւերու մէջ, մօտաւորապէս 650 մարզիկով կը հետապնդէ իր յաւակնոտ նպատակները։

ՊԷՅՔՈԶԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչայիններէն Սրբուհի Հաֆիտուն, Շնորհիկ Զօրվարեանը եւ Մատլէն Թորամանը։ Թրքահայ ուսուցչաց միութիւնը այս տարի եւս ձեռնարկած է՝ կրթական մշակներու աւանդական հաւաքի նախապատրաստական աշխատանքներուն։

ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ ՄԻՋԼԻՍԷԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Ս. Խաչ դպրեվանքի մէջ, Ս. Թարգմանչաց տօնի շրջանին այս տարի կեանքի կոչուեցաւ հետաքրքրական ծրագիր մը, որ համախմբեց համայնքային հինգ լիսէներու սաները։ Այսպէս, անմոռանալի գրող Զաւէն Պիպէռեանի յիշատակին ձօնուած պատմուածք գրելու փառատօն մը կազմակերպուեցաւ, ինչ որ առիթ դարձաւ աշակերտներու ստեղծագործական ձիրքերու դրսեւորման։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԽՆԱՄԱԿԱԼՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գալֆաեան տան խնամակալութեան ատենապետ Ալֆրէտ Սունան եւ գործակից ընկերները։

ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՆԱՐԵԿԱՑԻ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԵՂԱՆԱԿԻ ԲԱՑՈՒՄԸ

Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Նարեկացի դպրաց դաս-երգչախումբի նոր եղանակի աշխատանքները սկսան ընթրիքով մը։ Դպրաց դասու նախագահ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ այս ընթրիքը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ հաճելի մթնոլորտ։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՏԱՐՕՆ ԱՃԷՄՕՂԼՈՒՆ

Նախկին իսթանպուլահայ փրոֆ. տքթ. Տարօն Աճէմօղլու տնտեսագիտութեան գետնի վրայ արժանացաւ Նոպելեան մրցանակի:
Նոյն առթիւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 15 հոկտեմբեր 2024, երեքշաբթի, շնորհաւորական նամակ մը յղեց փրոֆ. տքթ. Տարօն Աճէմօղլուին, բարձր գնահատեց հանրածանօթ գիտնականը եւ ըսաւ.
«Սրտի անհուն հրճուանքով տեղեկացանք, թէ ձեր գիտաշխատութեամբ արժանացած էք Նոպելեան մրցանակի։ Արժան եւ իրաւ։

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու գործակից ընկերներէն Էֆրիմ Տեմիրճին եւ Կիւլպենկ Չաքարը։ Անոնց միացած էին նաեւ Պէզճեան Մայր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Ժանէթ Թոփլաճը Շիրինօղլու եւ տնօրէնուհի Քլոտիա Ալթըփարմաք Տեմիր։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՍՊԱՆԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Սպանիոյ Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՄԱՐԱԼ»Ի ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի վարիչները։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ տարեմուտին «Մարալ»ի ելոյթը նախատեսուած է «Աթաթիւրք» մշակոյթի կեդրոնի բեմին վրայ:

Էջեր