ՄԱԺԱԿ ԹՈՇԻԿԵԱՆԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Յայտնի երաժիշտ Մաժակ Թոշիկեանի գեղարուեստական գործունէութեան 60-ամեակին առթիւ երէկ երեկոյեան յոբելենական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Գնալըի բարձունքին։
Յայտնի երաժիշտ Մաժակ Թոշիկեանի գեղարուեստական գործունէութեան 60-ամեակին առթիւ երէկ երեկոյեան յոբելենական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Գնալըի բարձունքին։
«Բարեկամ» ընկերային զօրակցութեան խումբը տեղեկացուց, որ համայնքի երիտասարդներու ապագային ուղղեալ աշխատանքները բարեացակամութիւն, այնտեղ միշտ լուծում կայ» կարգախօսին ներքեւ «Բարեկամ» խումբը եկած է հրապարակաւ շնորհակալութիւն յայտնել չորս բարերարի, համայնքային վարժարաններուն համար ելեկտրոնիկ գրետախտակներու ձեռքբերման բերումով։
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ բացուեցաւ «Պոլիս լուսատու» լուսանկարիչներու խմբաւորման կողմէ կազմակերպուած ցուցահանդէս մը։ Իրականութեան մէջ, այս ձեռնարկը կրկնութիւն մը է, որովհետեւ «Պոլիս լուսատու»ի խնդրոյ առարկայ ցուցահանդէսը արդէն շաբաթներ շարունակ Թոփհանէի «Tütün Deposu»ին մէջ էր եւ արժանացած՝ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շատ անժամանակ ու ողբերգական ձեւով մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի այնքան սիրելի դէմքերէն տքթ. Տանիէլ Քուզուլուք, որ իր սերունդի եզակի ներկայացուցիչներէն մին էր։ Երէկ գիշեր ան հոգին աւանդած է իր բնակարանին մէջ՝ խոր սուգի մատնելով թէ՛ ընտանիքը եւ թէ բոլոր սիրելիները։
Ցաւով տեղակացանք, թէ մեր համայնքէն Կարօ Գաբրիէլեան բռնութեան մը ենթարկուած է Գնալը կղզիի մէջ։ Ան վէճի բռնուած է՝ իր բնակած շէնքի մուտքի խանութի սեփականատիրոջ հետ։
Գնալը կղզիի մէջ կազմակերպուած մարզական փառատօնը երէկ երեկոյեան եզրափակուեցաւ ոգեւոր հանդիսութիւնով մը։ Շիշլի մարզակումբի, Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Ներսէսեան դպրաց դասու, ինչպէս նաեւ Գարակէօզեան տան Կազդուրման կայանի համատեղ ջանքերով կազմակերպուած այս ձեռնարկը ձօնուած էր հոգելոյս Մեսրոպ Պատիրարք Մութաֆեանի յիշատակին։
Գնալը կղզիի մէջ երէկ երեկոյեան սկսաւ համայնքային մարզական փառատօն մը, որու կազմակերպիչներն են՝ Շիշլի մարզակումբը, Գարակէօզեան տան Կազդուրման կայանը եւ Ներսէսեան դպրաց դասը։ Նախագիծը ձօնուած է երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանին։
Հայաստանէն մասնագէտներ կը շարունակեն Թուրքիոյ գրադարաններէն ներս աշխատանք տանիլ՝ իրենց պրպտումները կեդրոնացնելով հայ գրքի ու տպագրութեան պատմութիւնը կատարելագործելու առաջադրութեամբ։
Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումերով՝ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հիմնարար գիտական գրադարանի տնօրէնի օգնական Նունէ Շահումեան վերջերս շուրջ երեք շաբթուան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլ։
Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը արդէն 58 տարեկան է։ Երկու տարիէ ի վեր դժբախտաբար կայանը փակ է՝ շէնքի ամրակայման անհրաժեշտութեան առումով։ Ատենապետ Սարօ Պենկլեանի կողմը գլխաւորուած խնամատար մարմինը այդ աշխատանքները յառաջ կը տանի համագործակցելով Գարակէօզեան տան խնամակալութեան հետ։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի հիմնադրութեան 45-ամեակին առթիւ, շաբաթավերջին, Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցած է յոբելենական երեկոյթ մը։ Կղզիի զբօսարաններէն մէկուն մէջ սարքուած ընթրիքին պատուոյ հիւրը եղած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան՝ ընկերակցութեամբ կարգ մը հոգեւոր հայրերու։