ՍՈՒՐԲ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ
Համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր երէկ յետմիջօրէին համախմբուեցան Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ՝ ողջունելու փոքրիկն Լինտա Մեծատուրեանի Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւնը եւ խնդակցելու համար անոր երջանիկ ծնողքին՝ Սեւան եւ Անէթ Մեծատուրեան ամոլին։ Վոսփորի ափի մեր այս սրբավայրի շրջափակէն ներս ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, որու կողքին էին Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Նորոգ մկրտեալ փոքրիկի կնքահայրն էր՝ Պօղոս եւ Լուիզ Հեճինօղլու ամոլը։
Խորհրդակատարութեան աւարտին եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։ Բացօթեայ հաւաքոյթի ընթացքին բոլորը ջերմօրէն շնորհաւորեցին Սեւան եւ Անէթ Մեծատուրեան ամոլը եւ բարեմաղթութիւններ յղեցին փոքրիկն Լինտային համար։
Այս առթիւ մենք եւս երկար եւ երջանիկ կեանք կը մաղթենք նորոգ մկրտեալ Լինտային եւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք իր երջանիկ ծնողքը՝ Սեւան եւ Անէթ Մեծատուրեանները։ Կը շնորհաւորենք նաեւ կնքահայրը՝ Պօղոս եւ Լուիզ Հեճինօղլու ամոլը։
Նոյն ուրախ առթիւ մեր խնդակցութիւնները փոքրիկն Լինտայի մեծ ծնողներուն՝ մեր սիրելի բարեկամներ տքթ. Արմենակ եւ Ազնիւ Մեծատուրեան ամոլին, Սարգիս եւ Մարի Տելկի ամոլին, ինչպէս նաեւ տատիկին՝ Պէշիկթաշի ընտանիքի սիւներէն Եսթեր Վարժապետեանին։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024