Թրքահայ կեանք

ՌՈՊԷՐ ՔՈՓԹԱՇԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՎԷՊԻՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

«İletişim» հրատարակչութենէն լոյս տեսած Ռոպէր Քոփթաշի «Unufak» վէպը այս շրջանին գրասէրներու անմիջական ուշադրութեան կ՚արժանանայ։ Ընթերցասէրներու վառ ուշադրութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ռոպէր Քոփթաշի գիրքին շնորհանդէսը։

ԱՐԹԻՒՐ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆԻ ԵՒ ԱՐԻ ԷՏԻՐՆԷԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ

Իսթանպուլի ֆիլարմոնիի միութեան հիմնադրութեան 80-ամեակին ձօնուած յոբելենական ծրագրի շրջանակներէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հերթական համերգը։ Հարկ է նշել, որ այս համերգաշարը կ՚արժանանայ երաժշտասէր հասարակութեան անմիջական հետաքրքրութեան։

ՊԱԼԱԹԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Արիս Տեմիրն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ Թաղականները ըստ ընկալեալ սովորութեան Գումգաբու այցելեցին եկեղեցւոյ մօտալուտ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ։

ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ «ՏԱՌԱՇԽԱՐՀԸ» ԵՒ «ԼԻԱԼՈՒՍԻՆԻՆ ԹՈՒԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱԶԸ»

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկին կողմէ՝ Մարի Նալճըն եւ Մարիամ Տրամէրեանը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի յանձնեցին հիմնարկին կողմէ վերջերս տպագրուած հայերէնի եւ թուաբանութեան նոր դասագիրքերը։

ՏԽՐՈՒՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Ժընեւի մէջ իր մահկանացուն կնքած է նախկին պոլսահայ, սփիւռքեան շրջանակներու այնքան համակրելի եւ սիրելի դէմքերէն՝
ՏԻԿԻՆ
ՍՕՆԱ ՍԸՐՄԱՔԷՇ

Յառաջացած տարիքի բերումով առողջական խնդիրներէ կը տառապէր հանգուցեալը, որ վերջին օրերուն անկումի մը հետեւանքով դժբախտաբար հիւանդանոց փոխադրուած էր եւ այնտեղ յառաջացած բարդութիւններուն հետեւանքով աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր սիրելիներն ու ամբողջ բարեկամական շրջանակը։

ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ ԵՒ ԿԱՄՔ…

2024-2025 շրջանի առաջին սիրոյ սեղանին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ մարտահրաւէրներուն եւ հրատապ օրակարգին շուրջ ծաւալուն արժեւորում:
«Մեր նաւը տակի մասէն ջուր կ՚առնէ, սակայն ուղեւորները վերը կը զուարճանան։ Այնպէս կը ձեւացնենք, թէ ոչինչ կայ, սակայն, կա՛յ։ Ժողովրդագրութիւնը մեզի համար ամէն ինչ կը նշանակէ»:

ԱՐՔՈՒՆԻ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՆԵՐ ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ՊԱԼԵԱՆ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ

«Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ, շաբաթավերջին հերթական անգամ ոգեկոչուեցան արքունի ճարտարապետներ Պալեան գերդաստանի հոգելոյս անդամները, որոնց գործերը կը բնորոշեն Իսթանպուլի պատմական դիմագիծը։

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Սամաթիոյ մէջ 2024-2025 շրջանի առաջին մատաղօրհնութիւնը տեղի ունեցաւ՝ մինչ համայնքային շրջանակները համախմբուեցան բարձր տրամադրութեամբ։ Պատմական թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ եւ յարակից Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը սարքուեցաւ կիրակնօրեայ արարողութիւններէն վերջ, որոնք տեղի ունեցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ։

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻ ԲԱՑՈՒՄ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ նոր եղանակի բացումը։ Միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլու եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին երեկոյթի բոլոր մասնակիցները։

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը կը պատրաստուի տարեկան մատաղօրհնութեան, որ նախատեսուած է նոյեմբերի 17-ին։ Աւանդական սիրոյ սեղանին ընդառաջ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճը եւ գործակից ընկերները այցելեցին Պատրիարքարան։

Էջեր