ԷՍԱԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ «ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՃԱՐ»Ը
Էսաեան վարժարանին մէջ 2024-2025 կրթական շրջանի սկիզբը դրուեցաւ՝ ընտանեկան մեծ համախմբումի մը մթնոլորտով։ Վերամուտի եռուզեռը զգալի էր ամէնուրեք։ Մինչ տղաքը ամրան արձակուրդէն վերջ զիրար վերագտնելու երջանկութիւնը կ՚ապրէին, կրթական մշակներն ու դպրոցի միւս պատասխանատուներն ալ աշխատանքային նոր շրջանին ընդառաջ համակուած էին բարձր տրամադրութեամբ։ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներն ալ անմասն չէին այս խանդավառ մթնոլորտէն։ Էսաեանի մեծ ընտանիքին տեսակէտէ վերամուտի այս ուրախութիւնը լիուլի արդար էր, որովհետեւ մօտաւոր անցեալի ցնցումներու շրջանէն վերջ, վերամուտները այլեւս վերստին կ՚ենթադրեն խաղաղ ու կայուն աշխատանքի մը սկիզբը։
Դպրոցի պարտէզին մեծ համախմբումը արդէն կ՚ազդարարէր բոլորի աշխատանքի վերադառնալու ուրախութիւնը։ Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ, վերամուտի առթիւ շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան, որու անձին մէջ կը մարմնաւորուի Էսաեանի ընթացքը կայունացնելու եւ անոր նոր վերելք մը ապահովելու ուղղեալ պայքարը։ Լիսէի եւ միջնակարգի բաժիններու տնօրէնուհիները՝ Տենչա Չընար եւ Առլին Եշիլթեփէ եւս միացան բարեմաղթանքներուն։
Հանդէսի յայտագրի գործադրութենէն վերջ բոլորը դասարաններու ճանապարհը բռնեցին. ճանապարհ, որ էսաեանցիները կ՚առաջնորդէ դէպի դպրոց, որ իրենց քայլերգի բնորոշումով՝ իմաստութեան տաճարն է։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024