Թրքահայ կեանք

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾԽԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըքը։ Ատենապետն ու իրեն գործակից ընկերը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ տուին պատմական քաղաքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վերականգնման ընթացքին շուրջ։

ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ

Իսթանպուլի Ասիական ափի համայնքային հաստատութիւնները այս շրջանին զօրակցութեան շարժումի մը ձեռնարկած են՝ ի նպաստ Գալֆաեան տան։ Հոկտեմբերի 27-ին նախատեսուած է Գալֆաեան տան տարեկան սիրոյ սեղանը, որու ընդառաջ այս շարժումը պիտի ջանայ լայն աջակցութիւն ապահովել դպրոցին համար։

ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՒԱՔԸ

Օրթագիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ թաղի Թարգմանչաց վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ։ Համանուն սանուց միութեան կողմէ կազմակերպուած էր շրջանաւարտներու աւանդական օրը, որու յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Սարին Սարէրի եւ Շիրակ Աքքայայի։

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տաւուլճեանը, որուն կ՚ընկերանային Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհիները՝ Տիանա Եըլանճըօղլու եւ Ալին Եիւճէլ։

ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՄԱՆԿԱՆՑ ԿԱԶՄԸ ՁԵՌՆԱՐԿԵՑ ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մանկանց կազմը ձեռնարկեց նոր եղանակի աշխատանքներուն։ Այս առթիւ տղաքը երէկ համախմբուեցան Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ՝ գլխաւորութեամբ վարիչ Հրանդ Չիզմէճեանի։

«ՊԱՏԿԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Յայտնի նկարիչ Արէտ Կըճըր այս օրերուն Իսթանպուլի մէջ գեղարուեստասէրներուն կը ներկայանայ հերթական անհատական ցուցահանդէսով մը։ Երէկ երեկոյեան, Պէյօղլուի «Öktem Aykut» գեղարուեստասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արէտ Կըճըրի նոր ցուցահանդէսին բացումը, որ համախմբեց բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ։

ԱՐԷՏ ԵՐԿԱՆԵԱՆԻ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԵԾԱԳՈՅՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր յայտնի ազգայիններէն, երախտաշատ բարերար Արէտ Երկանեան կը շարունակէ պատնէշի վրայ մնալ գործարար աշխարհէ ներս՝ միշտ հասնելով յաւակնոտ կէտերու։

ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սամաթիոյ ընտանիքին ներկայացուցիչները՝ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ եւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութեան ընդառաջ։

ՏԽՐՈՒՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի այնքան սիրուած եւ համատարած համակրանքի, յարգանքի արժանացած տիրական դէմքերէն մին՝
ՍԵԼՄԱ ԻՍՔԷՆՏԷՐԷՕԶ
Տասնամեակներ շարունակ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի մղիչ ուժերէն մին եղած էր Սելմա Իսքէնտէրէօզ, որ իր լուսահոգի ամուսնոյն՝ Պերճ Իսքէնտէրէօզի հետ հաճելի ներկայութիւն կը համարուէր համայնքային զանազան տեսակի ձեռնարկներուն։ 

ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԲԱՑՈՒՄ

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգախումբը արդէն բացաւ նոր եղանակը։ Երէկ երեկոյեան, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ 2024-2025 շրջանի առաջին հաւաքը, որու ընթացքին դպրաց դասու նախագահ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան իր օրհնութիւնը տուաւ երգչախումբի բոլոր անդամներուն։

Էջեր