ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ
Երբ կը տօնենք Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան հրաշալի դէպքը՝ Եկեղեցին, մանաւանդ կը շեշտէ Անոր ճառագող աստուածային փառքը ու փայլը։ Ինչպէս կը վկայէ Աւետարանը, Պայծառակերպութեան ընթացքին Յիսուսի ամբողջովին լոյսով ողողուիլը եւ Անկէ լոյսի ճառագումը կը հաստատէ Անոր աստուածային բնութիւնը։ Ուստի այս հրաշալի երեւոյթը՝ Աստուածայայտնութի՛ւնը՝ կը տեսնուի տեսանելի կերպի մէջ՝ որ իրականացաւ լերան վրայ։ Արդարեւ այդ պահը եզակի ապրում մըն է՝ որուն կը վկայեն նաեւ, նոյնպէս լոյսով պարուրուած Մովսէսը եւ Եղիան։ Եւ այս սքանչելի տեսարանէն զմայլած՝ Պետրոս կ՚ըսէ. «Տէ՛ր, լա՛ւ է որ մենք այստեղ ենք, եթէ կը փափաքիս, երեք տաղաւարներ շինենք. մէկը Քեզ համար, մէկը՝ Մովսէսի եւ մէկն ալ՝ Եղիայի»։ Եւ այդ միջոցին լուսափայլ ամպ մը կը ծածկէր զանոնք, եւ ամպէն եկած ձայնը կ՚ազդարարէր. «Ա՛յս է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաճեցայ, Անոր լսեցէ՛ք»։
Իսկ Յիսուս, սարսափած առաքեալները կը հանգստացնէ եւ կ՚ըսէ, թէ՝ առայժմ չյայտնեն իրենց տեսածը ու լսածը՝ մինչեւ որ Ինք խաչուի եւ Յարութիւն առնէ։ Քրիստոս, որ մարմնացած ու մարդացած էր Ադամի բնութեամբ, պայծառակերպութեամբ ցոյց տուաւ Իր աստուածային բնութիւնը՝ այն փառքը, որ համայն մարդկութեան վերստին հագցուց՝ լուսեղէն զգեստի մը կերպարանքով։
Ադամը ունէր այդ զգեստը դրախտի մէջ, եւ սակայն իր անկումը պատճառ եղաւ, որ մերկանայ այդ փառքի զգեստէն, քանի որ Աստուած իր մեղանչումին փոխարէն զրկեց զայն այդ փառքէն։
Հետեւաբար, ինչպէս կը վկայէ Աւետարանը, եւ կ՚ըսէ. «Արդարները կը ծագին երկինքի արքայութեան մէջ՝ ինչպէս արեգակը», նոյնպէս ալ Յիսուս Պայծառակերպուեցաւ, որպէսզի աշակերտներուն ցոյց տայ, թէ ի՛նչ կերպարանքով պիտի յայտնուի իրենց Յարութենէն յետոյ եւ նոյն կերպարանքով պիտի գայ՝ Վերջին Դատաստանը կատարելու համար։
Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնի խորհուրդը՝ որ կը հաստատէ ճշմարտութիւնը՝ թէ Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ սիրելի Որդի՛ն է եւ Աստուծոյ «պատկե՛ր»ն է եւ պէտք է Անոր հնազանդիլ՝ Անոր խօսքը լսե՛լ։ Այսինքն հաստատում մըն է՝ Յիսուս Քրիստոսի աստուածային բնութեա՛ն։
Այդ պահուն՝ առաքեալներու ուղղուած այդ խօսքը պատգա՛մ մըն է ողջ մարդկութեան, համայն մարդկային ցեղին, բոլոր ժամանակներու, բոլոր շրջաններու մէջ։ Ուստի Պայծառակերպութեան տօնի թելադրանքը, անոր խորհուրդի բանալին՝ սիրել Աստուած, լսել Անոր պատուէրները, հնազանդիլ ու հետեւիլ անոնց, կեանքի վերածել Անոր պատգամները՝ ապրիլ ըստ անոնց ուղղութեամբ, որոնք մարդոց երջանկութեան եւ ժողովուրդներու խաղաղութեան գրաւակա՛նն են…։
Պայծառակերպութեան տօնը։ Հայոց հեթանոսական հին շրջաններուն տօնուեր է Նաւասարդ ամսի առաջին օրը, այսինքն Օգոստոս 11-ին։ Աւելի վերջ, Քրիստոնէական Եկեղեցին՝ Վարդավառը յայտարարեր է Թաբոր լերան վրայ Յիսուս Քրիստոսի պայծառակերպութեան երեւոյթին նուիրուած տօն։
Վարդավառը հայոց հնագոյն տօներէն էր։ Այս պատճառաւ ալ հեթանոսական շրջանէն մնացած իրարու վրայ ջուր սրսկել, աղաւնի թռցնել, տօնի վերաբերեալ կարգ մը սովորութիւններ պահպանուած են, որպէս ընկերամշակութային արժէք։ Հին ժամանակներուն Վարդավառը կը տօնուէր զանազան ջրային խաղերով, աւանդական ու ժողովրդական երգերով ու պարերով, մարդիկ իրարու կը նուիրէին վարդեր, երիտասարդներ աղաւնիներ կը թռցնէին՝ ու եթէ աղաւնիները երեք անգամ երիտասարդին սիրած աղջկան տան վրայ շրջէին, նոյն աշնան այդ երիտասարդներու միջեւ հարսնախօսութիւն կը կատարուէր։
Կան բազմաթիւ հետազօտներ՝ որոնք Վարդավառը կը կապեն Արարատ լերան վրայ յայտնուած Նոյեան տապանի հետ։
Իսկ ըստ շատ գիտնականներու կողմէ յայտնուած տեսակէտին՝ Վարդավառը կապուած է Ջրհեղեղի եւ Նոյի տապանէն իջնելու պահին հետ, քանի որ այդ տեսակէտին համաձայն երբ որ Նոյ Հայրապետի ուղարկած աղաւնին վերադարձաւ՝ իր կտուցին մէջ ձիթենիի ճիւղ մը բերելով, եւ տեսնելով այդ ճիւղը՝ Նոյ հասկցաւ, որ ջրհեղեղի ջուրերը աստիճանաբար ցածի իջած է՝ եւ իր որդիներուն պատուիրեց, որ մէկ անգամ իրարու ջուր թափեն, որպէսզի չմոռնան ջրհեղեղը։ Ուստի «ջուր» եւ «աղաւնի» կը խորհրդանշեն այս պատմական մեծ դէպքը։
Հեթանոսական շրջանին, հայոց սիրոյ եւ գեղեցկութեան չաստուածուհին Աստղիկն էր. ան ունէր Վահագն անունով սիրահար մը, ըստ աւանդութեան ստորգետնայ չաստուածը կը գողնար Աստղիկը իր ընտանիքէն, Աստղիկը դժբախտ էր, եւ Անոր սիրեցեալ Վահագը՝ յաղթելով Վիշապին, կ՚ազատէ Աստղիկը եւ յաղթանակի մեծ ուրախութիւնով կը շրջի Արարատեան դաշտը եւ մարդոց կը սրսկէ վարդաջուր, անոնց կը նուիրէ նաեւ կարմիր վարդեր։ Նաեւ դէպի նշանաւոր լեռներու սրբավայրեր եւ ջուրերու ակունքներ կատարուած ուխտագնացութիւններ կը կապակցուին այս եղելութեան՝ Վարդավառի կատարուած զանազան աւանդական տօնակատարութիւններ իրենց իմաստը կը գտնեն Վահագի կատարած ուրախութեան ցոյցերուն մէջ։
Ըստ աւանդութեան՝ ի՛նչպէս որ առաջին խաղողը խաղողօրհնենք կատարուելէ վերջ կ՚ուտենք, նոյնպէս ալ հին ժամանակին, մինչեւ Վարդավառ խնձոր չէր ուտուեր։ Վարդավառի տօնին տարեցներ մատաղցուի համար հանգանակութիւններ կը հաւաքէին։
Այս մատաղի հիմնական նպատակը, դաշտերը չորութենէ եւ այլ զանազան աղէտներէ պաշտպանել էր. իսկ երիտասարդները բոցավառ փայտակոյտեր կը վառէին ու կրակի շուրջ խմբապարով, երգերով, խաղերով կը դիմաւորէին լուսաբացը։
Այս առթիւ յիշեցնենք, որ բոլոր Վարդուհի, Վարդ, Վարդավառ, Վարդանոյշ, Վարդենի, Վարդերես, Վարդիթեր, Վարսենիկ, Լուսավարդ, Պայծառ, Ռօզա, Սիրվարդ, Վարդգէս, Նուարդ, Վարդագոյն, Վարդագեղ, Վարդաբոյր անուններու անուան տօնն է, ուստի սրտի անկեղծ զգացումներով կը շնորհաւորենք իրենց անուան տօնը։
Վերջապէս, Պայծառակերպութեան կամ Այլակերպութեան տօնը՝ որ կը կոչուի նաեւ Վարդավառ, պահպանուած է այս անունը՝ Յիսուս Քրիստոսը համեմատելով վարդի հետ։ Նաեւ՝ «Վարդավառ» բառին խորհուրդը, լեզուաբանօրէն կազմուած «վարդ» եւ «վառ» բառերէն եւ կը նշանակէ՝ «ջուրով օծուած»։
Վարդավառը կը տօնուի Ս. Զատիկին յաջորդող 14-րդ Կիրակի օր…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 8, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024