ԲԱՐԻՔՆԵՐՈՒ ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼ
Ո՜վ գիտէ որքան բարիք, որքան գեղեցկութիւն կ՚անտեսենք՝ որոնք կը գտնուին մեր շուրջը, անմիջապէս մեր մօտը, եւ մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնենք աւելի չարիքներու, տգեղութիւններու։ Եւ աւելի ցաւալին՝ սուտը, սխալը անմիջապէս կը հրապուրէ մեզ, բայց ճշմարիտը, շիտակը կը վրիպի մեր ուշադրութենէն։
Մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ ալ պարագան նոյնն է՝ մեր բարեկամներուն սխալները կը գրաւէ մեր ուշադրութիւնը, բայց անոնց բարի կողմերը, արդարութիւնը կ՚անտեսենք, կարեւորութիւն չենք ընծայեր անոնց։ Եւ այնքան բնական, այնքան սովորական է այս, որ սխալը կը մնայ միշտ «սխա՛լ», սուտը՝ միշտ «սո՛ւտ» եւ տգեղը՝ միշտ «տգեղ», եւ զարմանալին այն է, որ երբ մէկը անդրադառնայ անոնց, ո՛չ ոք կարեւորութիւն կու տայ, եւ նոյնիսկ կը մեղադրուի՝ իբր թէ «ճիշդ»ը սխալ, իբր թէ «տգեղ»ը գեղեցիկ կարծուածը մատնանշած ըլլալուն համար։ Քանի որ կեանքի այս սխալ ընթացքին մէջ սխալը սովորական է դարձած, եւ ճիշդը սխա՛լ համարուած է այլեւս… ո՜րքան ցաւալի։
Փորձառու, ծեր իմաստուն ուսուցիչ մը իր մօտ կը կանչէ աշակերտները։ Անոնք հետաքրքրութեամբ կը հաւաքուին իմաստունին շուրջ։ Երբ բոլորը հաւաքուած կը տեսնէ ուսուցիչը, անոնց ցոյց կու տայ սպիտակ թուղթ մը՝ որուն ճիշդ կեդրոնը սեւ կէտ մը նկարուած է, ըսենք՝ սեւ գոյնով բիծ մը…։
«Ի՞նչ կը տեսնէք այստեղ», կը հարցնէ իմաստունը։
«Կէտ մը», կը պատասխանէ աշակերտներէն մին։
«Սեւ գոյնով կէտ մը», կը պատասխանէ ուրիշ մը։
«Հաստ, սեւ գոյնով կէտ մը», կ՚աւելցնէ երրորդ աշակերտ մը՝ ինքնավստա՛հ։
Ծեր իմաստունը կը տրտմի, կը խոնարհէ գլուխը, կը քալէ դէպի պատ, կը նստի անկիւն մը, եւ կը սկսի լալ…։
«Ինչո՞ւ կու լաս, սիրելի ուսուցիչ…», կը հարցնեն աշակերտները զարմացած։
«Կու լամ, քանի որ իմ բոլոր աշակերտները հոս տեսան միայն փոքրիկ սեւ կէտը, եւ անոնցմէ ո՛չ մէկը նկատեց խոշոր, մաքուր սպիտակ թուղթը…»։
Ահաւասիկ իմ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, եւ մենք որքա՜ն յաճախ կ՚անտեսենք ճշմարտութիւնը՝ զայն զոհելով փոքր, աննշան սխալներու։
Եւ մենք շատերս, դժբախտաբար դատողութիւններ կ՚ընենք մարդոց մասին՝ հիմնուելով փոքրիկ թերութիւններու վրայ՝ անտեսելով արժանիքները…։
Եւ դարձեալ դասախօս մը, դասի երբ կը սկսի, բաժակ մը ջուր կը վերցնէ ձեռքին մէջ։ Բաժակը այնպէս կը բարձրացնէ, որ բոլոր աշակերտները տեսնեն զայն։ Եւ կը հարցնէ աշակերտներուն.
«Ի՞նչ է ձեր կարծիքը, որքա՞ն կը կշռէ այս բաժակը»։ Ուսանողները կը սկսին մտածել։
«Մօտաւորապէս 200 կրամ», կ՚ըսէ մէկը։ Միւսը կը միջամտէ. «Ո՛չ, ոչ 300 կրամ»։ Եւ դասարանին մէջ կը լսուի տարբեր կարծիքներ բաժակի ծանրութեան նկատմամբ։
Ասոր վրայ ուսուցիչը կ՚ըսէ. «Իրականութեան մէջ ես չեմ գիտեր պատասխանը, եւ չեմ կրնար գիտնալ մինչեւ որ չկշռեմ զայն, եւ որոշ՝ չեմ կրնար ըսել անոր կշիռքը։ Բայց հարցը այդ չէ՛, այլ այն՝ թէ ի՛նչ տեղի կ՚ունենայ, եթէ այս բաժակը մի քանի վայրկեան պահեմ իմ ձեռքիս մէջ»։ Հարցումը պարզ կը թուի աշակերտներուն։
«Ո՛չինչ», կը պատասխանեն բոլոր ուսանողները։
«Իրապէ՛ս, ոչ մէկ բան կը պատահի։ Իսկ ի՞նչ կը պատահի եթէ բաժակը ձեռքիս մէջ պահեմ մօտաւորապէս 1 ժամ», կը հարցնէ ուսուցինչը։
«Ձեր ձեռքը կը սկսի ցաւիլ»։
«Իսկ եթէ բաժակը պահեմ ձեռքիս մէջ 1 օր, այն ատեն ի՞նչ կը խորհիք, թէ կը պատահի»։
Այս հարցումն ալ պատասխանել դիւրին կը թուի.
«Ձեր ձեռքը կը քարանայ, մկանները կը սկսին հետզհետէ ցաւիլ, եւ նոյնիսկ կարելի է որ անդամալոյծ դառնայ ամբողջութեամբ ձեր ձեռքը», կը պատասխանեն աշակերտները։
«Ձեր կարծիքով՝ բաժակին կշիռքը կը փոխուի՞, երբ զայն պահեմ իմ ձեռքիս մէջ ամբողջ օր մը»։
«Ի հարկէ ո՛չ», կը պատասխանեն ուսանողները։
«Իսկ ըստ ձեզի, ի՞նչ պէտք է ընեմ, որպէսզի այդպիսի վիճակի մը չմատնուիմ»։
«Պարզապէս, բաժակը փոխանակ ձեր ձեռքը պահելու՝ սեղանին վրայ դրէք», կը պատասխանէ աշակերտ մը ուրախութեամբ՝ կարծես գիւտ մը ըրած ըլլար…։
«Այո՛, սիրելի՜ տղաք», կը պատասխանէ դասախօսը, եւ կը շարունակէ. «այդպէս կը պատահի նաեւ կեանքի խնդիրներուն եւ հարցերուն մասին։ Մտածեցէք որեւէ խնդրի մասին մի քանի վայրկեան, եւ ան կը յայտ-նըւի ձեր մտքին։ Մտածեցէք մի քանի ժամ նոյն խնդրին մասին, եւ ան կը սկսի ձեզ նեղացնել։ Իսկ եթէ մտածէք ամբողջ օր մը՝ ան ձեզ հաշմանդամութեան կը հանցնէ։ Կարելի է որ խորհիք, մտածէք խնդիրներու, հարցերու մասին, բայց մտածելով չի փոխուիր անոնց չափը կամ կշիռքը, քաշը։ Հապա խնդիրները կը պահանջեն լուծումներ, իսկ եթէ չէք կրնար լուծում մը գտնել հարցերուն, ապա ուրեմն դրէ՛ք զանոնք մէկ կողմ, մոռացութեան մատնեցէք զանոնք, քանի որ անոնք կարելի է որ հաշմանդամ ընեն, հաշմանդամ դարձնեն ձեզ»։
Ուստի հարցերու մեր մօտեցումը պէ՛տք է ըլլայ քաջութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ, բայց պէտք է գիտնաք նաեւ անոնցմէ հեռանալ, լքել զանոնք ի վերջոյ եւ գերին չդառնալ մեր հարցերուն, թող չտալ որ անոնք գրաւեն մեր ամբողջ կեանքը։ Եթէ կան հարցեր, անոնք կը պատկանին մեր կեանքին միայն մէ՛կ մասին եւ ո՛չ թէ մեր ամբողջ կեանքին։ Եւ մենք ունենալու ենք, եւ ունի՛նք կեանքի միւս մէկ մասը՝ առանց խնդիրներու, առանց հարցերու եւ ինչո՞ւ զոհենք զանոնք ժամանակաւոր հարցերու եւ խնդիրներու…։ Կեանքի ո՛չ մէկ հարցը աւելի մեծ է քան մարդուս կեանքը՝ իր սիրելիներով, իր ընտանիքի անդամներով, բարեկամներով եւ կեանքին բարիքներով, գեղեցկութիւններով լի ապրումներով…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 9, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024