ՄՏՔԻ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Մարդուս սեփականութիւնը հոգի՛ն է, եւ անոր զօրութեան միջոցով կը հասնի իմաստասիրական ու գաղափարային վերելքներու եւ մտքին կարողութիւնները կը ծառայեցնէ մարդկային քաղաքակրթութեան յառաջդիմութեան ու լուսաւորութեան։
Արդարեւ մտքի տարողութիւնը տարածք կը գտնէ մանաւանդ հոգիին միջոցով։ Եթէ որեւէ մտային գործի մը հեղինակին մտքի արտադրութիւնները կը պատուեն ու կը զարդարեն անոր անունը՝ իր հոգիին ապրումն ու արտադրած օգտակար եւ բարի գործերն ալ կը զարգացնեն ու կը զարդարեն իր անձնաւորութիւնը։ Ուստի մարդուս հոգին ե՛ւ միտքը միասնաբար կը կազմեն ինքնութիւնը։ Յամենայնդէպս հեղինակի մը մահէն ետք իր հեղինակութիւնները՝ մտային գործերը կը մնան իր ետին՝ իր անունը վա՛ռ ու անմոռանալի պահելու համար հոս՝ երկրի վրայ, իսկ իր բարի ու հաւատաւորի կեանքը, ապրելակերպը եւ հոգեկան առաքինութիւնները զինք կ՚ապրեցնեն հոն՝ ըստ Աւետարանական անսուտ խոստումին։ Միտք եւ հոգի միասին կը կազմեն մարդուս երկրաւոր ու երկնաւոր կեանքի պայմանները։
Այս իմաստով տեսանելի, զգացուած ժամանակը ներկա՛ն է՝ հիմա, սա պահը՝ զոր կ՚ապրի մարդ։ Ուստի առաւօտին տեսնուած ամպը կէսօրին եթէ անձրեւի փոխուի, կէսօրէ ետքն ալ յար մթութիւնը եւ խաւարը կը տիրէ։
Իսկ մարդուն կեանքը ամպի տեւողութիւնն անգամ չունի աշխարհի վրայ՝ բաղդատմամբ յաւիտենականութեան։
Պահ մը խորհեցէք, սիրելինե՜ր, մարդուս ամբողջ կեանքը ի՜նչ կ՚արժէ յաւիտենականութեան բաղդատմամբ…։ Մարդ որքան ալ երկար ապրի, որքան ալ շատ վայելէ կեանքը, անոր վերջին հանգրունին եթէ յետադարձ ակնարկ մը նետել փորձէ պիտի տեսնէ, թէ ասուպի, այսինքն գիշեր ատեն լուսաւոր գիծեր ձգելով երկիր ինկող օդաքարերէ բաժնուած փոքր մարմիններու նման անցած գացած են իր ապրած տարիները։
Այս երեւոյթը ապացոյց մըն է ժամանակին յարաբերականութեան եւ կը փաստէ, թէ ժամանակը ո՜րքան արագօրէն կը սահի, կ՚անցնի։ Հետեւաբար, կեանքի մէջ ներկայացած առիթներ, պատեհութիւններ, բարիքներ պէ՛տք է օգտագործուին դէպի միշտ լաւը եւ օգտակարը։
Արդարեւ ամէն աշխատանք ունի իր արդիւնքը՝ ինչպէս ամէն արտ, ամէն դաշտ ունի իր հունձքը։
Եւ հունձքին քանակէն՝ առատութենէն ու որակէն յայտնի կ՚ըլլայ հողին արգաւանդ՝ բերրի վիճակը։
Ահաւասիկ, մարդուս հոգին ալ կը նմանի արտի։
Բերրի հոգի մը, արդիւնաւոր հոգի մը միա՛յն առատ ու որակաւոր գործեր կ՚արտադրէ։ Ուստի լաւ հող ունեցող արտ մը հասութաբեր կալուած մըն է։
Իսկ բարի, օգտակար գործեր արտադրող հոգին ալ աւելի՛ արժէքաւոր վիճակ մը՝ անձնաւորութիւն մը կը կազմէ։ Սակայն սա ալ պէտք է նկատի ունենալ, թէ հունձքին արդիւնաբերութիւնը միայն հողէն կախում չունի, այլ հունտն ալ, սերմն ալ պէ՛տք է որակաւո՛ր ըլլայ։ Բարի գործեր կ՚արտադ-րըւին բարի հոգիներու կողմէ՝ լաւ միջավայրերու մէջ…։
Օդին վիճակը գուշակելու համար պէ՛տք է օդերեւութաբան ըլլալ եւ կամ առնուազն այդ ուղղութեամբ տեղեկութիւն եւ փորձառութիւն ունենալ։ Իսկ բարեպատեհ առիթները օգտագործելու համար պէտք է բարեսիրտ ըլլալ, լաւ տրամադրութեան տէր ըլլալ, այլապէս ամէն պատեհութիւն, ամէն առիթ կ՚անցնին, կ՚երթան ու որեւէ օգուտ չեն ունենար։ Կեանքը ապրելու, կեանքին բարիքները վայելելու համար ալ, պէտք է ծանօթութիւն ունենալ կեանքի մասին՝ տեղեկութիւն ունենալ անոր բարիքներուն մասին, օգուտներուն նկատմամբ որոշ գաղափարներ ունենալ եւ յստակ կերպով ըմբըռ-նել, թէ կեանքը շնորհ մըն է մարդուն՝ զայն վայելելու համար տրուած իրեն միշտ դէպի լաւը, դէպի բարին։
Եւ սիրելի ընթերցող բարեկամներ, մեզմէ ամէն մէկուն, առանց բացառութեան՝ ան-խըտիր տրուած է կեանքը լաւագոյն կերպով վայելելու այդ պատեհութիւնը, ուստի մեզի, մեր իւրաքանչիւրին կը մնայ գործնականի վերածել զայն մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ Անդրադառնալ ամէն առիթի՝ որ կը ներկայանայ մեզի՝ ի նպաստ մեր կեանքին լաւ օգտագործման։
Թէ ի՛նչպէս կարելի է ասիկա, ի՛նչպէս կ՚իրականանայ. այն ատեն երբ մարդ անդրադառնայ իր էութեան, հաւատարիմ մնայ իր արարչութեան կոչուին, թէ ստեղծուած է երջանիկ ըլլալու համար, ինչ որ կը նշանակէ՝ բարի՛ ըլլալ…։ Իսկ եթէ հեռանանք եւ անտեսենք մեր կոչումը, կ՚անտեսենք նաեւ ամէն բարեպատեհութիւն, ամէն բարիք եւ ամէն առիթ ընծայուած մեզի։
Եթէ հեռանանք ճշմարտութենէն՝ անհաւատարիմ ըլլանք մենք մեր կոչումին՝ մեր էութեան պատճառին, ապա ուրեմն կը հեռանանք նաեւ մեր նպատակէն, կը հեռանանք երջանկութենէն։ Եւ այն որ կը հեռանայ ճշմարտութեան լոյսէն՝ կը տեսնէ միայն բնութեան ամպը, անձրեւը եւ խաւարը։ Այդպիսիներուն համար կեանքը վայելք մը չէ՛, այլ՝ անտանելի՜ ընթացք մը լոկ։
Իսկ եթէ իրատես ըլլանք՝ անդրադառնանք մեր էութեան պատճառին, մեր արարչական կոչումին, այն ատեն ահաւասիկ մեր շուրջը՝ իրերը եւ իրողութիւնները կը դիտենք հոգեկան աչքով՝ կը թափանցենք կեանքի ճշմարտութեան, կ՚անդրադառնանք անոր բարիքներուն, բարեպատեհութիւներուն, եւ կը տեսնենք, որ շատ մը բաներ՝ որ կարեւոր եւ անհրաժեշտ համարեր ենք կեանքի համար, ունայնութիւն է եղեր, պարապութիւն՝ աննշան ու անպէտ։ Ունայնամտութիւնը, կը տեսնենք, թէ գրաւեր է մեր ամբողջ կեանքը։
Պահ մը խորհեցէք, խնդրեմ, կեանքի մէջ ի՜նչ պարապ բաներու համար կը մտահոգուինք յաճախ, ի՜նչ փուճ, սնամէջ բաներով կը զբաղինք շատ անգամ եւ կը վատնենք մեր կեանքը։ Փոքր, անկարեւոր բաներու համար դժոխքի կը վերածենք մեր կեանքը՝ փոխանակ վայելելու անոր բարիքները։ Եւ աւելի ցաւալին որքան անիմաստ պատճառներով, ոչինչ շարժառիթներով թշնամութիւններ կը ստեղծենք՝ ստելութեամբ լեցուած կը հալածենք մեր նմանները։
Դիտեցէ՛ք ձեր շուրջը սիրելինե՜ր. եղբայրը եղբօր թշնամի կը դառնայ՝ եղբայրը իր եղբայրը կ՚ատէ փոխանակ սիրելու, կ՚անարգէ փոխանակ յարգելու, կը թշնամանայ փոխանակ բարեկամութիւնը շարունակելու…։ Մինչդեռ երջանկութիւնը՝ համաձայնութեան մէջ է՝ անշահախնդիր, արդար եւ իրաւացի, հանդուրժողութեամբ ե՛ւ համբերատար ոգիով իրար լսելու, իրար հասկնալու մէ՛ջն է։
Բայց կանխակալ ու նախապաշարուած միտքեր երբեք երջանիկ չեն կրնար ըլլալ, քանի որ միշտ կը յետադիմեն, կեանքը անոնց համար ո՛չ թէ ընթացք մը, այլ ամուլ շրջանակ մըն է միայն…։
Եւ իսկական տգիտութիւնը ինքնաճանաչում չունենալն է, չգիտցածին չանդրադառնալ եւ գիտնալ կարծել առանց գիտնալու՝ առանց ուսումնասիրելու, առանց թափանցելու, առանց խորհրդածելու։ Իրա՛ւ է, որ ճշմարտութիւնը կը յայտնուի գաղափարներու ընդհարումէն՝ բախումէն, բայց ո՛չ երբեք սիրտերու բեկումէն։ Գաղափարներ բազմաթիւ կրնան ըլլալ, բնակա՛ն է այդ, բայց ճշմարտութիւնը մէ՛կ է։ Եւ այդ ճշմարտութիւնը կրնան գտնել միայն «բանիմա՛ց միտքեր», խորհող, դատող, որոշող բա՛րձր միտքեր…։ Երանի՜ անոնց, ե՛ւ ինչո՞ւ չըլլանք այդ երանելի՜ներէն մէկը, ի՞նչ կը պակսի մեզմէ ամէն մէկուն այդ մասին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 29, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024