Հոգե-մտաւոր

ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (Դ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յաջողութիւնը իրականութեան մէջ կրթութեան մէջ մասնիկն է (պարտի՛ ըլլալ). կը հաւատանք, որ դպրոցական աշակերտներուն համար կեանքի պայքարին մասին գիտութիւն ստանալը շատ աւելին կ՚արժէ, քան թուաբանութեան կամ աշխարհագրութեան դասընթացք մը. թէ՛ ընտանեկան եւ թէ դպրոցական կրթութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունի մանուկին վրայ եւ հետեւաբար կարելի չէ անկէ դուրս ձգել կեանքի պայքարի գաղափարը, որպէսզի անոնց մէջ կամաց կամաց կազմուի ապագայ երիտասարդը.

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՄԷՋ ԳՈՐԾԱԾՈՒԱԾ ԱՅԼԱԲԱՆԱԿԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ԲԱՌԵՐ - Գ. -

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

ԿՈՅՍ՝ նշանակ է կռապաշտութենէ զերծ հաւատարիմ ծառաներու. (ՅԱՅՏ. ԺԴ 4)։
ԿՐԱԿ կը նշանակէ Աստուծոյ Խօսքին զօրութիւնը. (ԵՐԵՄ. ԻԳ 29). դարձեալ, բան մը զտելու միջոց. (ԶԱՔ. ԺԳ 9), (ՄԱՂ. Գ 2)։ Կը նշանակէ նաեւ հալածանք. (Ա ՊԵՏ. Ա 7), եւ պատիժ կամ տանջանք. (ՄԱՐԿ. Թ 44)։

ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (Գ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յաջողութիւնը երկինքէն տեղացող մանանայ մը չէ, ոչ ալ հողին տակը պահուած «գանձ» մըն է. յաջողութիւնը մարդուն մէջ սկիզբ կ՚առնէ եւ անոր ամենէն հաստատուն սիւներէն մէկը համոզումն է. մարդ իր ուժերէն բացի պէտք է հաւատայ իր գաղափարներուն ու համոզումներուն. յաճախ մարդկային տկարութեամբ երբ փոքր դժուարութեան հանդիպինք, կը յուսահատինք, սակայն կը յաղթէ ան, որ հաստատ ու հաւատարիմ կը մնայ իր համոզումներուն։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՄԷՋ ԳՈՐԾԱԾՈՒԱԾ ԱՅԼԱԲԱՆԱԿԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ԲԱՌԵՐ - Բ. -

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

ԳԱՒԱԹ՝ կը նշանակէ հրապուրիչ ցանկութիւն. (ՅԱՅՏ. ԺԷ 4). դարձեալ, կռապաշտական արարողութիւններ. (Ա ԿՈՐՆԹ. Ժ 20), եւ դարձեալ, մէկուն բաժինը. (ՅԱՅՏ. ԺԴ 10, ԺԸ 6)։

ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (Բ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յաջողութիւնը արտաքինէն աւելի ներքին բան մըն է. մարդ նախ պէտք է ինքն իր անձին հետ հաշտ ու խաղաղ պայմաններ ստեղծէ, որպէսզի յաջողի յստակ տեսնել իր դէմը. հետեւաբար, յաջողութեան գաղտնիքներէն մէկը ներքին պատրաստուածութիւնն է. օրինակի համար, մեր օրերուն կը տեսնենք, թէ երիտասարդներ իրենց զիրենք «յաջող» կամ «անյաջող» նկատելու համար իրենց ստացած աշխատավարձերը որպէս չափանիշ կ՚ընդունին. հաւատացէ՛ք, որ 200 ստացողը 100 ստացողէն աւելի յաջող անձ մը չէ, որովհետեւ աշխատանքի մէջ կարեւոր է կեդրոնացումը եւ հաստատակամութիւնը. օրինակի համար, 200 ստացողը կրնայ անտարբեր վերաբերմունք մը ունենալ աշխատանքի նկատմամբ, սակայն 100 ստացողը բողոքելու փոխարէն կրնայ սորվիլ կեդրոնացումը տալ գործին, սորվիլ ու շատ աւելի յառաջանալ՝ քան երկրորդը:

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՄԷՋ ԳՈՐԾԱԾՈՒԱԾ ԱՅԼԱԲԱՆԱԿԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ԲԱՌԵՐ - Ա. -

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սուրբ Գիրքի մէջ իբրեւ նշանակութիւն եւ այլաբանութիւն գործածուած բառեր կը ներկայացնենք ստորեւ, որոնք պիտի նպաստեն Սուրբ Գիրքի ընթերցումի դիւրութեամբ մեկնաբանութեան։

ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (Ա.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կը կարծեմ «յաջողակ» ըլլալու ցանկութիւնը մարդուն մէջ բնածին երեւոյթ մըն է (անշուշտ իւրաքանչիւրին համար յաջողակ ըլլալու սահմանումը տարբեր է). բոլորը կ՚ուզեն յաջողիլ, սակայն բոլորը չե՛ն գիտեր անոր գաղտնիքները. տակաւին ուրիշներ կը կարծեն, որ յաջողելու մեծագոյն գաղտնիքը դրամն է՝ նկատի ունենալով, որ ժողովուրդը կ՚ըսէ «դրամը դրա՛մ կը բերէ» եւ մեր օրերուն դրամ ունենալը յաջողած ըլլալու չափանիշներէն մէկն է:

ՀԱՑԸ ՈՐ ՄԱՐԴ ԿԸ ԳՈՂՆԱՅ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդասիրութիւնը մարդկային արժէքներու մեծագոյնն է. մեծագոյնը՝ որովհետեւ գերազանցելով նիւթականը կը մարմնաւորէ անձի նկարագիրը՝ հիմնուած կարեկցանքի եւ բարոյական մեծ արժէքներու վրայ: Եթէ լաւապէս ուսումնասիրենք բոլոր կրօնները, անկասկած այդտեղ պիտի գտնենք գթութեան եւ մարդասիրութեան վարդապետութիւնը, հիմք ունենալով մարդկային բարութեան սկզբունքները։

ԱՐԴԱՐ ՆԱԵՒ ԳԹԱՍԻՐՏ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ֆրանսացիներ գթասիրտ արդար անձը կը պատկերացնեն սա խօսքով. «Թաւիշ ձեռնոցի մէջ երկաթեայ ձեռք»։ Արդարեւ, մարդ արարածին համար, ընդհանրապէս դժուար կը թուի հաշտեցնել գութը եւ արդարութիւնը՝ կարծելով, որ իրար կը հակասեն այս արժէքները։

Էջեր