Հոգե-մտաւոր

ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (ԺԴ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այսօր արդէն հասած ենք անգլիացի բանաստեղծ Քիփլինկի «Եթէ» բանաստեղծութեան վերջին մասը. այս բանաստեղծութիւնը այս մեր գրութեան մէջ ներառեցինք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ յաջողութեան հասնելու համար գրուած լաւագոյն բանաստեղծութենէն մէկն է եւ մեր մտաւորականներէն Մուշեղ Իշխան այնպէս թարգմանած է, որ յաջողած է հայկական շունչ մըն ալ տալ անգլիացի մտաւորականին բանաստեղծութեան:

ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ամուսնական ամոլը կը կազմէ՝ Արարչին կողմէ հիմնուած եւ իրեն յատուկ օրէնքներով օժտուած մտերմիկ հասարակութիւն մը՝ կեանքի եւ սիրոյ։ Ան հաստատուած է կողակիցներուն «ուխտ»ին վրայ, այսինքն անոնց անձնական եւ անյետսկոչելի հաւանութեան վրայ։

ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (ԺԳ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Անգլիացի բանաստեղծը որպէս յաջողութեան յաջորդ կէտ պայման կ՚ընտրէ հետեւեալը. «Եթէ կրնաս լսել քու խօսքդ վճիտ». յաջողութեան ճամբու ընթացքին կարեւոր է լսել սեփական ձայնը. ուրիշներու ձայնը շատ անգամ մեր նպատակներուն յարմար կրնայ չըլլալ եւ բնականաբար պիտի չըլլայ.

ՀԵԶՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Հեզութիւն» եւ «խոնարհութիւն» ընդհանրապէս մերձիմաստ ըմբռնումներ են, բայց խոնարհութիւնը հեզութեան գագաթնակէտն է։ Մարդ եթէ ծառայութեան ոգիով մօտենայ իր նմաններուն, խոնարհութիւնը կ՚ընդունի որպէս կեանքի սկզբունք։

ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (ԺԲ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր գրութիւններուն մէջ նախապէս ըսած էինք, որ յաջողութեան հասնելու չափ դժուար է նաեւ այդ յաջողութիւնը պահելը. շատեր կը հաւատան, որ այդ առիթը մարդուն մէկ անգամ կը տրուի. անգամ մը որ ձախողեցար՝ ալ յաջողութիւնը չի գար:

ՍՈՒՐԲ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կը խոստավանի եւ կ՚ըսէ. «Ո՛վ Քրիստոս, Դուն ինծի հետ էիր, բայց ես՝ ո՛չ»։
Երբ եկեղեցի կու գանք, կը մասնակցինք Ս. Պատարագի, պահ մը կը հեռանանք աշխարհային ամէն զբաղումէ, ամէն մտահոգութենէ եւ հոգեպէս կը հաղորդուինք, կը միանանք Քրիստոսի։ 

ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (ԺԱ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայ մեծ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակ իր զաւակին գրած մէկ բանաստեղծութեան մէջ կ՚ըսէ. «Չէի ուզի, որ քո կեանքը հարթ խճուղու նման լինէր...». հայր մը՝ որ չ՚ուզեր իր զաւակին կեանքը «դիւրին» ըլլայ, որովհետեւ այնպէս ինչպէս Սեւակ, նոյնպէս մենք կը հաւատանք, որ ճշմարիտ յաջողութիւնը յաղթահարուած դժուարութիւններով կու գայ. որովհետեւ առանց դժուարութիւններու եկած յաջողութիւնը ինքնին ձախողութիւն մըն է. գուցէ այդ է պատճառը, որ մեծ ժառանգութիւն ստացած մարդիկ իրենց կեանքը ձախողութեամբ աւարտած են, որովհետեւ յաջողութիւնը ձեռք բերելու չափ դժուար բան է նաեւ այդ յաջողութիւնը պահելը:

ԵՐԿՀՆՉԻՒՆՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Երկհնչիւն» կամ «երկբարբառ» կը կոչուի իբրեւ մէկ վանկ արտասանուող այն հնչիւնակապակցութիւնը՝ որ կազմուած է երկու ձայնաւորներէ, կամ մէկ ձայնաւորէ եւ «յ» կամ «ւ» հնչիւնէն։
Հայերէնի երկհնչիւններն են. «այ», «ոյ», «եա», «եօ», «իւ»։

ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (Ժ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յաջողութեան ճամբուն վրայ կարեւոր է զգոյշ ըլլալ, սակայն ոչ կասկածամիտ. պէտք է հեռու մնալ ծայրայեղ պահպանողականութենէ. բոլորս ալ գիտենք, որ կեանքը արդար չէ եւ ամէն մարդ իր սեփական շահերուն համար պատրաստ է մեզ հարուածել, սակայն ծայրայեղ կասկածամտութիւնը հիւանդագին վիճակ մը ստեղծելով կը խոչընդոտէ մեր ընթացքը. սխալներ մի՛շտ տեղի պիտի ունենան.

ԿԵԱՆՔԻ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդ, այնքան հարցերուն, զբաղումներուն եւ մտահոգութիւններու մէջ կը հետաքրքրուի նաեւ կեանքին նպատակին հետ։ Ի՞նչ է աշխարհի գոյութեան իմաստը, մարդ ինչո՞ւ համար կայ, ինչո՞ւ համար կ՚ապրի։

Էջեր