Հոգե-մտաւոր

ՕՐԷՆՔ ԵՒ ՇՆՈՐՀՔ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ, թէ՝ Աստուած օրէքին տախտակներուն վրայ դրոշմեց ի՛նչ որ մարդիկ չէին կրնար կարդալ իրենց սրտերուն մէջ։
«Բարոյական օրէնք»ը՝ աստուածային Իմաստութեան գործն է։ Սուրբգրային իմաստով կարելի է սահմանել զայն իբրեւ հայրական ուսուցում, Աստուծոյ դաստիարակութիւն։

ԿԱՄՔԻ ՈՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ի՜նչ տարօրինակ է հայը, որ նոյնիսկ դժոխքի կրակներուն մէջ կը գերազանցէ իր տառապանքը եւ մոռնալով իր վէրքերը կը շարունակէ իր ինքնութեան փնտռտուքը: Անշուշտ, այս մէկը առաւելաբար կը վերաբերի Միջին Արեւելքի մէջ ապրող մեր հայորդիներուն, որոնք հակառակ դժուարին եւ նոյնիսկ դժոխային պայմաններու մէջ կեանքի գնով կը փորձեն պահել դպրոց, մամուլ, ակումբ ու միութիւններ:

ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԱՄՔ՝ ՄԵՂՔԻ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ընդհանրապէս կը հարցուի, թէ մարդկային կամքի ազատութիւնը կրնա՞յ պատճառ ըլլալ մեղքի, քանի որ եթէ գոյութիւն չունենար այդ ազատութիւնը՝ մեղք ալ գոյութիւն պիտի չունենար։ Այս հարցումը կը բերէ երկրորդ հարցում մը՝ թէ մարդ եթէ միայն բնազդով շարժէր, մեղք պիտի գործէ՞ր։

ԿԱՐՕՏ ԵՆՔ ԵՐԳԻ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Պատմութեան գրեթէ բոլոր շրջաններուն փնտռուած եղած է երգն ու երգիչը, որովհետեւ երգն ու երաժշտութիւնը հին է այնքան՝ ինչքան մարդը. գուցէ գոյութիւն ունեցած է նոյնիսկ լեզուի հասկացողութենէն առաջ:

ԹԱՏՐՈ՞Ն ԹԷ…

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Նախընթաց օրուան մեր «Փրկեցէ՛ք թատրոնը» խորագրեալ յօդուածով խօսեցանք նահանջի մէջ գտնուող հայ թատրոնի մասին, սակայն այսօր կու գանք ըսել, որ իրականութեան մէջ թատրոնը չէ՛ որ կը կորսուի, այլ պարզապէս մարդոց սպասումներն ու հետաքրքրութիւնները փոփոխութիւն կ՚արձանագրեն. մարդիկ այսօր թատրոնի մէջ արուեստ չեն փնտռեր. այլեւս այդտեղ նշանակութիւն չունի նիւթն ու միտք բանին, գաղափարն ու զգացումը:

ՅԻՍՈՒՍ՝ ՀԱՒԱՏԻ ՄԱՐՄՆԱՑՈՒՄԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դարերէ ի վեր անորոշութիւններու՝ անստուգութիւններու՝ ցաւերու եւ զրկանքներու բեռին տակ հեծող ժողովուրդներ՝ նոր կեանք եւ նոր հոգի ստացան Յիսուսի գետայորդող մխիթարութիւններէն, անոր փրկաբաշխ շնորհներէն, եւ Աւետարանի քարոզութեան ունկնդիրները Երկնաւոր Հօր խանդաղատանքը կը զգային իրենց մէջ, եւ հոգեւոր կեանքով մը կը վերածնէին։

ՓՐԿԵՑԷ՛Ք ԹԱՏՐՈՆԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կասկած չունինք, թէ թատրոնը մշակոյթի ամենէն կարեւոր սիւներէն մէկն է, կենդանի արուեստ մը, որ կը գերազանցէ ժամանակը: Մշակութային երես մը, որ իր զանազան ձեւերով կեանքն ու ընկերային կեանքը կը ներկայացնէ հանդիսատեսին, կապ մը ստեղծելով մարդուն եւ մարդուն միջեւ, փոխանցելով գաղափարներ, զգացումներ:

ՄՈԼՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կեանքի մէջ կան մոլորութիւններ, որոնք արգելք կը հանդիսանան մարդուն հանգիստ եւ հանդարտ կեանք մը ապրելուն։
Այս մոլորութիւններու առաջինն է՝ անհամբերութիւնը։ Ուստի, անհամբերութիւնը արգելք մըն է ողջամիտ եւ ուղիղ խորհելու. մարդ երբ անհամբեր է, կը հեռանայ ճշմարտութենէն եւ կը սկսի մտածել աննպաստ հաւանակութիւններու վրայ. կասկածոտ եւ երկմիտ՝ յոռետեսութեան մէջ կը տառապի։

«ԹԵՐԹ ՉԻ ՂՐԿԷՔ»

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Դուք երբեւէ փորձա՞ծ էք օտարին մէջ ծանօթը փնտռել եւ կամ նոյնիսկ անծանօթ մեղեդիի մէջ հայկական ելեւէջներ որսալ. նոյն զգացումն ու յուզումները մեր նախահայրերը ապրեցան գրեթէ ամէ՛ն օր. կատաղի ձեւով կառչած մնացին իրենց արմատներուն եւ օտարին կողմէ նուազագոյն ազդեցութիւնն անգամ իրենց հայրենասիրութեան հանդէպ դաւաճանութիւն մը նկատեցին. օտար ափերու մէջ անոնց միակ սփոփանքն ու մխիթարութիւնը իրենց հայկականութիւնն ու անցեալին յուշերն էին:

Էջեր