ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (Թ.)
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մինչեւ այսօր տեսանք, որ իսկական յաջողութիւնը լոկ աշխատանք չի պահանջեր. յաջողութիւնը արտաքինէն աւելի, նախ եւ առաջ, ներքին ձեռքբերում մըն է: Յաջողութենէն մեզ հեռու պահողը մեր յետաձգելու վատ սովորութիւնն է. յաճախ կը մոռնանք, որ մեր ժամանակը սահմանափակ է. մարդու յաջողութիւնը քանդողը իր «վաղ»ն է. մարդ միշտ յոյս ունի, որ վաղը պիտի յաջողի, մինչ ճշմարիտ յաջողութիւնը այդ մէկը «այսօր»ին մէջ հիմնելն է: