ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (Ա.)
Կը կարծեմ «յաջողակ» ըլլալու ցանկութիւնը մարդուն մէջ բնածին երեւոյթ մըն է (անշուշտ իւրաքանչիւրին համար յաջողակ ըլլալու սահմանումը տարբեր է). բոլորը կ՚ուզեն յաջողիլ, սակայն բոլորը չե՛ն գիտեր անոր գաղտնիքները. տակաւին ուրիշներ կը կարծեն, որ յաջողելու մեծագոյն գաղտնիքը դրամն է՝ նկատի ունենալով, որ ժողովուրդը կ՚ըսէ «դրամը դրա՛մ կը բերէ» եւ մեր օրերուն դրամ ունենալը յաջողած ըլլալու չափանիշներէն մէկն է: Սակայն կայ շատ աւելի կարեւորը եւ կ՚ուզենք, որ բոլոր անոնք որոնք «յաջողութեան» տենչը ունին իրենց մէջ՝ ուշադրութեամբ կարդան:
Բոլորս ալ ունինք միտքեր ու գաղափարներ, որոնք մեզի համար շատ «յաջող» ըլլալ կը թուի, սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ միշտ լաւագոյն գաղափարները չեն յաջողիր եւ այդ մէկը ունի տարբեր պատճառներ. եթէ մարդ կ՚ուզէ գիտնալ, թէ հակառակ լաւագոյն գաղափարներ ունենալուն ի՞նչն է ձախողութեան պատճառը՝ ըսենք. շատեր կը սպասեն «յարմար» առիթի, որպէսզի իրենց յաջողութեան տանող գաղափարները ի գործ դնեն, մինչ ուրիշներ յարմարագոյն առիթի սպասելու փոխարէն կը նախընտրեն այդ առիթը ստեղծել, որովհետեւ տկար պայմաններու մէջ կեանքի կոչուած գաղափար մը շատ աւելին կ՚արժէ, քան երեւակայութեան մէջ սպասողը եւ մեր ձախողութիւնը այդ սպասման մէջ կը կայանայ: Մենք կ՚ուզենք պատերազմի մը յաղթել, մոռնալով որ կարելի չէ՛ պատերազմի մը յաղթել՝ առանց պատերազմի սկսելու: Պէտք է լաւապէս գիտնալ, որ սպասելը որոշ ժամանակ ետք անձն ու գաղափարները կ՚առաջնորդէ լճացումի: Պէտք չէ վախնալ անորոշութիւններէ եւ պէտք է ձեռնարկել, որովհետեւ անորոշութիւնն է, որ մարդուն կը մղէ ուղի ստեղծել եւ նիւթականէն աւելի այդ ուղիի ստեղծումն է, որ կարելի է կոչել յաջողութիւն:
Մեր ձախողութեան մէջ բոլորս նման ենք այն մարդուն, որ կ՚ուզէ վարպետ լողորդ դառնալ՝ առանց ջուր մտնելու. պարզ է, որ լողալ չգիտցող մը սկզբնական շրջանին վախ ունենայ իր մէջ, սակայն ժամանակի ընթացքին, փորձով այդ վախը կը յաղթահարուի. եւ նոյնն է պարագան յաջողութեան։ Պէտք է սկսիլ՝ որպէսզի յաջողինք. դարեր առաջ ըսուած խօսք մըն է. «Իւրաքանչիւր մարդ յաջողութիւն ունի իր ներսը եւ սկսիլը ճակատամարտի կէսը յաղթել կը նշանակէ»:
Կը կարծէք աշխարհի մեծագոյն գիւտերը մէ՞կ անգամէն հրապարակ դուրս եկան. մարդ փորձելով, նոյնիսկ սխալելով կը սորվի։ Ձախողութիւնը որպէս պարտութիւն պէտք չէ ընդունիլ, որովհետեւ յաջողութեան մէջ մեծ դեր ունի նաեւ ձախողութիւնը՝ պայմանաւ որ մարդ յաջողի դասեր քաղել այդ բոլորէն: Հետեւաբար, յաջողութեան առաջին գաղտնիքը սկսելու ուժին մէջ է, որովհետեւ ամենէն տկար ծրագիրը եւս ժամանակի ընթացքին հետեւողականութեամբ կարելի է զարգացնել։ Իսրայէլացի ժողովուրդին պէս պէտք չէ երկինքէն մանանայ սպասել, այլ մեր ունեցած համեստ պայմաններով պէտք է քայլ առ քայլ բարձրանանք դէպի յաջողութիւն. այսօրուան յաջողած ընկերութիւններն ու կազմակերպութիւնները մէկ օրուան մէջ չե՛ն յաջողած եւ հետեւաբար մենք ալ մէկ օրէն պիտի չյաջողինք, որովհետեւ յաջողութիւնը ընթացք է եւ ո՛չ քարէ արձան մը, որ կարենանք ձեռք բերել: Հետեւաբար յաջողութեան գաղտնիքը մարդ իր սեփական ուժերուն մէջ պիտի գտնէ եւ պիտի վստահի իր սեփական արժէքներուն, հաւատալով որ նուիրուածութիւնն ու ջանքերը մարդը կ՚առաջնորդեն դէպի յաջողութիւն:
Մեր ձախողութիւններու հիմնական պատճառը մեր երկմտութիւնն է. պարզապէս օրինակը պէտք է առնել անասնական աշխարհէն. իր փորը կը կշտացնէ ա՛ն՝ որ երկմտելու փոխարէն կը ձեռնարկէ իր որսը գտնել, լաւապէս գիտակցելով, որ երկմտիլը եւ սպասելը զինք երբեք կուշտ պիտի չպահէ: Այդ սպասումը շատ անգամ կը դիտուի որպէս իմաստութիւն, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ նոյնինքն այդ սպասումը սեփական վստահութեան հանդէպ խոց կրնայ հանդիսանալ:
Յաջողութեան հասնելու համար կարելի է օրինակ բերել նաեւ գիւղատնտեսական կեանքէն. տեսէ՛ք, թէ ինչպէս ջուրը ինքն իր ճամբան կը գտնէ. նոյնիսկ եթէ ճամբան փակ է անոր դիմաց, ժամանակի ընթացքին կը ճեղքէ հողը եւ կը ստեղծէ իր ճամբան. նոյնն ալ մենք ենք յաջողութեան կեանքին մէջ. փակ ճամբաները պիտի բացուին ո՛չ թէ հրաշքով, այլ սեփական կամքով ու աշխատանքով:
Յաջողութիւնը միշտ բարձր դիրքերու վրայ պէտք չէ փնտռել. աշխարհի մեծագոյն յաջողակ անձերը ժամանակ մը եղած են «համեստ պաշտօնեայ», սակայն այդ մէկը որպէս «տկարութիւն» նկատելու փոխարէն կրցած են լաւագոյնս օգտուիլ առիթէն եւ սորվիլ ամէ՛ն բան՝ ինչ որ կարելի է. այդ իսկ պատճառով ո՛չ աշխատավարձը եւ ո՛չ ալ պաշտօնը կրնայ ապահովել յաջողութիւնը, եթէ մարդ ինք իր ներսէն չհետապնդէ յաջողութիւնը: Եթէ դուն կրնաս քու համեստ պաշտօնիդ մէջ գործատուիդ գործը զարգացնել ու յառաջ տանիլ, կը նշանակէ պիտի կարենաս նաեւ քու սեփական կեանքիդ մէջ յաջողութիւնը գտնել եւ հետեւաբար համեստ պաշտօնները պարզապէս նախափորձ են մեզի սպասող յաջողութիւններուն:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ո՞վ կրնանք յաջող նկատել:
Պատասխան. Յաջողակ անձը ան է, որ կը հասնի իր նպատակներուն, ժամանակի ընթացքին աճ կ՚արձանագրէ եւ կը հարստացնէ իր արժէքները: Յաջողութիւն կը նկատուի շատ անգամ շահաբերութիւնը եւ այդ մէկը կ՚ապահովուի յարմարուողականութեամբ եւ արդիւնաւէտ ռազմավարութեամբ, ինչպէս նաեւ մարտահրաւէրները դիմագրաւելով: Յաջողութիւնը կարելի չէ չափել միայն նիւթականով, այլ թէ՛ գործին եւ թէ անձին հանդէպ ստեղծուած հաւատարմութեամբ եւ յաճախորդները գոհացնելով: Վերջապէս յաջողութիւնն ու նպատակներու ձեռքբերումը իրարու հետ կը զարգանան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան