Հոգե-մտաւոր

ՄԱԿԱՐ ԵԿՄԱԼԵԱՆ (1856-1905)

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մակար Եկմալեան՝ այս ականաւոր երաժիշտը եւ պատուական խմբավարը ծանօթ է իր սքանչելի «Պատարագ»ով։
Ան ծնած է Վաղարշապատ 1856 թուականին։ Իր մանկական հետաքրքրութիւնը երաժշտութեան, ինչպէս նաեւ ցուցաբերած բացառիկ ընդունակութիւնը այդ արուեստին հանդէպ զինք առաջնորդած են մինչեւ բարձրագոյն ուսումնական կեդրոններ։

ԴԺԲԱԽՏ ԵՆ ԱՆՈՆՔ՝ ՈՐՈՆՔ ՉՈՒՆԻՆ ԴԺԲԱԽՏՈՒԹԻՒՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Եթէ երբեւէ ձեր ներաշխարհին մէջ զգացած էք պայքարը յոռետեսութեան ու լաւատեսութեան, տեսած խորտակումը վիշտի գոյութեան եւ յանկարծակի փլուզումը լաւատես ապրումներուն՝ ուրեմն մարդ էք: Յոռետեսութիւնը արդիւնքն ու ծնունդն է ցաւագին զգացումներու, մինչ լաւատեսութիւնը ձգտումը վշտին գոյութիւնը ուրանալու եւ մեղմացնելու եւ այս անվերջ պայքարը հայելին է կեանքին, որուն ինչութիւնը կը շարունակուի մնալ հարցականի տակ:

Ե. ԴԱՐՈՒ ՄԵԾ ՀԵՂԻՆԱԿԸ - Բ. -

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հայոց ինքնուրոյն գրականութեան առաջին հեղինակ հանդիսացաւ Ս. Սահակ Պարթեւ, որ բացի Սուրբ Գիրքի թարգմանութենէն՝ թողած է մի քանի ուրիշ նամակներ՝ դաւանաբանական եւ այլ բովանդակութեամբ, եւ «Գիր աւանդութեան եւ կանոնք» կոչուած ընդհանրական նամակներ՝ որոնց մէջ մանրամասն կը խօսի Եկեղեցիի ուխտի փոխադարձ յարաբերութեան եւ պարտականութիւններու մասին։

ՆԱԽ ՊԷՏՔ Է ԳԱՂԱՓԱՐԸ ՀԱՍԿՆԱԼ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն 112 տարիներ առաջ հրատարակուած յօդուած մը «Կուսակցական ըլլանք» խորագրով ընթերցողները կը հրաւիրէր կուսակցական դառնալու. թէեւ կուսակցութիւնները դարաւոր անցեալ մը չունէին, գրեթէ նոր էին մեր ազգի կեանքին մէջ, սակայն կար վերապահութիւն մը. այդ թուականներուն կուսակցական ըլլալը հանրութեան կողմէ դրական ընդունելութիւն գտած չէր. յօդուածագիրը այս երեւոյթը հետեւեալ բառերով կը ներկայացնէ. «Պոլսոյ յետադիմական մամուլը, կուսակցական բառին այնպիսի իմաստ մը կու տայ, որ բաւական է մէկու մը ճակատին փակցնել զայն եւ ետեւէն «ի խաչ հա՛ն զդա» պոռալ տալ ամբոխին». յօդուածագիրին օրինակը ծանր է, սակայն ցոյց կու տայ այդ ժամանակաշրջանի մտածողութիւնը ու հակառակ այդ ըմբռնումին՝ յօդուածագիրը ետ չի մնար ժողովուրդը կուսակցական ըլլալու հրաւիրելէ, հակառակ անոր, որ լաւապէս կը գիտակցի, որ կուսակցական բառը այդ օրերուն համազօր էր «անաստուած» ըլլալու եւ կամ «ընտանեկան այլասերման» պիտակը ստանալուն:

Ե. ԴԱՐՈՒ ՄԵԾ ՀԵՂԻՆԱԿԸ - Ա. -

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ե. դարու եկեղեցական եւ ազգային գրականութեան առաջին կոթող հանդիսացաւ Սուրբ Գիրքի հոյակապ թարգմանութիւնը։ Ղազար Փարպեցի կը ներկայացնէ այն խնդրանքը՝ որով հայ ժողովուրդը դիմեց Սուրբ Սահակ Պարթեւին Սուրբ Գիրքը հայերէնի թարգմանելու եւ հայ աշխարհի հոգեւոր մշակութեան պատճառ դառնալու համար։

ԱՆՀԱՍՈՒՆ ՀԱՍՈՒՆՆԵՐԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Պատանի սերունդին մօտ «հասունութեան» գաղափարը երթալով աւելի սխալ ու թիւր ընկալում կը ստանայ. այդ մէկը արդէն դժբախտաբար դուրս գալով ինքնագիտակցութեան, ինչպէս նաեւ կեանքի մարտահրաւէրները դիմակայելու ունակութենէն, հաստատուած է արտաքին նշաններու վրայ, մոռնալով որ հասունութիւնը հոգեկան աճն է եւ ո՛չ թէ մարմնական, իր մէջ ունենալով հոգեբանական լուրջ զարգացումներ, որով կը սահմանուի ճշմարիտ հասունութիւնը:

ՄԱՇՏՈՑԱՇՈՒՆՉ ՈԳԻՈՎ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մշակոյթները ազգային իրենց ուրոյն դրոշմը ունին, սակայն գիրը, լեզուն եւ արուեստը՝ որոնք իւրաքանչիւր անհատի, ժողովուրդի եւ ազգի պարագային տարբերութիւններ կը ճշդեն, արտայայտութեան կերպեր են միայն։ Ուստի, արժէքը՝ գիրին ետեւը եղող անգրելի հոգի՛ն է։ Այդ զօրութենէն պարպուած «գիր»ը, գրականութիւնը եւ արուեստը ունայնութիւն միայն կը տարածեն։

ՄԵՐ ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ ՄԱՅՐ ՊԻՏ՛ ԸԼԼԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան գործունէութեան հաւատացող մը չեմ, պարզապէս այն պարզ պատճառով, որ հեռու են «արդարութիւն» ըսուած ամենէն կարեւոր սկզբունքէն, որովհետեւ արդարութիւնը իր մէջ խտրականութիւն չ՚ունենար:

ԽՕՍՔԻ ԵՒ ԳԻՐԻ ՄԱՍԵՐ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Խօսելու կամ գրելու ատեն բառերու միջոցաւ նախադասութիւններ կը կազմուին. այդ բառերը իրենց նշանակութեամբ եւ ձեւով իրարմէ կը տարբերին։ Զոր օրիակ՝ «Աշակերտը հոն գնեց գիրք եւ մատիտ» նախադասութեան մէջ «աշակերտ», «գիրք», «մատիտ» բառերը ունին առարկայի նշանակութիւն եւ կրնան փոփոխուիլ, հոլովուիլ՝ «աշակերտի», «գիրքի», «մատիտէն» եւ այլն։

ՓԱՌՔԻ ԳԱՂՈՒԹԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր հրապարակախօսութիւններուն մէջ վստահաբար բազմիցս խօսած ենք կորսուող սփիւռքին մասին. մերօրեայ սփիւռքը այսպէս կամ այնպէս, կէս մը կիսամահ, կէս մը մահամերձ կը փորձէ իր գոյութիւնը պահել, սակայն կան որոշ գաղութներ, որոնք շատ աւելի շուտ մահանալու դատապարտուած են՝ քան ուրիշներ. անոնցմէ մէկն է, օրինակ, Եգիպտոսի հայ գաղութը. այս գաղութը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ ունի եւ պէտք է ունենայ իր ուրոյն դերն ու տեղը, որովհետեւ այսօր թէեւ լճացած, անցեալին եղած է սփիւռքի ամենէն աշխոյժ գաղութը՝ իր ազգային գործունէութեամբ:

Էջեր