Թրքահայ կեանք

ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ՔՈՏԱՒՈՐՄԱՆ ՄՐՑՈՅԹԻ ԴԱՓՆԵԿԻՐ

Պէզճեան Մայր վարժարանի սաները գնահատելի յաջողութիւն մը արձանագրեցին՝ Եւրոպայի քոտաւորման շաբթուան գործունէութիւններու ծիրէն ներս։ BTE միութեան եւ «Bilişim» վարժարանի համագործակցութեամբ կազմակերպուած էր «TalentCup» քոտաւորման մրցոյթը՝ ընդգրկելով ամբողջ Թուրքիոյ տարածքը։

ԷՍԱԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՈԳԵՒՈՐ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ

Էսաեանի ընտանիքը հոկտեմբերը՝ Հայ մշակոյթի ամիսը եզրափակեց միջվարժարանային ձեռնարկով մը, որ ձօնուած էր Թարգմանչաց տօնին։ Հիւրընկալ Էսաեան վարժարանին առընթեր ծրագրին մասնակցութիւն բերին Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան, Պաքըրգիւղի Տատեան, Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան եւ Անարատ Յղութիւն, Գումգաբուի Պէզճեան, Գարակէօզեան, Գալֆաեան, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան, Օրթագիւղի Թարգմանչաց, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան, Պոմոնթիի Մխիթարեան եւ Եշիլգիւղի վարժարանները։

ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ՍԻՆԷՄ ՏԷՏԷԹԱՇ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որ համախմբեց հոծ թիւով հետաքրքիրներ։ Թաղային խորհուրդի ջանքերով նախատեսուած՝ «Մշակոյթի եւ գեղարուեստի զրոյցներ»ու ծիրէն ներս Գուզկունճուքի պատմութեան եւ ընդհանուր դրուածքին մասին զրուցեցին գրող Պերքէն Տէօնէր եւ հետազօտող Անրիէթ Թոփուզեան-Պաշօղլու։

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՍԱՆՈՒՑԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Երէկ երեկոյեան, Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ Յակոբ Կոպէլեանի կողմէ հեղինակուած «Kızgın Buhardaki Koza» գիրքին շնորհանդէսը։ «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրուած է այս գործը։

ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԱՌԼԷԹ ԻՆՃԻՏԻՒԶԷՆԸ

Թոփգաբուի ընտանիքը վերջերս հիւրընկալեց ուսուցչուհի եւ թարգմանիչ Առլէթ Ինճիտիւզէնը, որու հետ կազմակերպուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ։

ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսել Թոփալեան եւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Չեթինքայա երէկ Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցան Վաքըֆներու փոխ-ընդհանուր տնօրէն Հայրուլլահ Չելեպիի հետ:

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 101-րդ տարեդարձին առթիւ Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլի կողմէ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։

ՊԱՏԿԱՌԵԼԻ ԸՆՏԱՆԻՔ ԵՒ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆ ՄԸ՝ ԴԱՐԱՒՈ՜Ր ԺԱՄԱՆԱԿ-Ը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երբ մանուկ էի, դեռ անծանօթ էի կարդալու եւ գրելու՝ հայերէն առաջին տառը կարդացի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ եւ այդպէս ծանօթացայ հայերէնի, հայ տառերու՝ այբուբենին։ Այդ պահուն հօրս եւ մօրս ուրախութիւնը մեծ էր եւ անոր կը մասնակցէր նաեւ եղբայրս։

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԵՒ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ

Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ երդիքին տակ յոբելեաններու արժեւորման փայլուն երեկոյթ՝ հովանաւորութեամբ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր:
Թամար Էսքէնեան եւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը հմայեցին ունկնդիրները, որոնք խոր ապրումներ ունեցան որակեալ երաժշտական կատարումներու տպաւորութեան ներքեւ:

Էջեր