Թրքահայ կեանք

ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Համայնքային շրջանակները երէկ ժամադրուած էին Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, ուր նշուեցաւ Գալֆաեան տան հիմնադրութեան տարեդարձը, որուն զուգահեռ տեղի ունեցաւ նաեւ դպրոցին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։

ԹԱՄԱՐ ԷՔՍԷՆԵԱՆ. «ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑԱՒ ԻՄ ՍԷՐԸ ԿԸ ԲԱԺՆԱՄ ՄԱՐԴՈՑ ՀԵՏ»

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սրնգահար Թամար Էքսէնեանը, որ Զուիցերիոյ Պազէլ քաղաքին մէջ կ՚ապրի, որ այս օրերուն համերգի մը առթիւ կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Այցելութեան ընթացքին Թամար Էքսէնեանին ընկերացան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Գաւաֆեան եւ մշակութային գործիչ Պեսսէ Քապաք։

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՀԱՆԴԷՍ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ բացառիկ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ Տատեան վարժարանին մէջ կազմակերպուած հանդէսով։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծուեցաւ այս ձեռնարկին առթիւ։

ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԶՕՐԱՇԱՐԺԻ ՀԱՄԱԶՕՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ ընդունելու Գալֆաեան տան խնամակալութեան ատենապետ Ալֆրէտ Սունան եւ գործակից ընկերները։ Շաբաթավերջին նախատեսուած է Գալֆաեան տան հիմնադրութեան տարեդարձը, որուն զուգահեռ պիտի կազմակերպուի տարեկան հանգանակութիւն։

«ԱՐԱՍ» ՀՐԱՏԱՐԱԿԵՑ ԶԱՒԷՆ ՊԻՊԷՌԵԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒ ԹՐՔԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

«Արաս» հրատարակչութիւնը կը շարունակէ հետեւողականութիւն ցուցաբերել՝ Հանրապետական շրջանի թրքահայ գրականութեան տիրական դէմքերէն Զաւէն Պիպէռեանի ժառանգութեան արժեւորման ուղղութեամբ։

ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ

Թրքահայ ակադեմականներու հարթակը, որ կը գործէ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ, շաբաթավերջին հրապարակեց տեղեկագիր մը, որ պատրաստուած է հարցախոյզի մը հիման վրայ։ «Թուրքիոյ հայ հաւաքականութեան ապագային արտացոլացումը» խորագրեալ այս տեղեկագիրը յիշեալ հարթակի տեղեկատուութեան խմբակի ջանքերով կը մատուցուի համայնքին։

ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Համայնքային շրջանակները երէկ ժամադրուած էին Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր կրօնական ու աշխարհիկ արարողութիւններ տեղի ունեցան՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱՐԼԸԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հերման Կիւրճեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։

Էջեր