Թրքահայ կեանք

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Պատրիարքական Աթոռը երէկ հիւրընկալեց միջեկեղեցական հիւրեր։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ղպտի Ուղղափառ, Կաթոլիկ եւ Աւետարանական հոգեւորականներ, որոնք այցելեցին Գումգաբու։

ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԷ ՆԵՐՍ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան տասնօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան, ուր կ՚իջեւանի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Հայագիտական միջազգային քոնկրէսին համար մշակուած է քառօրեայ աշխատանքային ծրագիր մը՝ բազմաթիւ հեղինակաւոր մասնագէտներու մասնակցութեամբ եւ յարակից ձեռնարկներով:

ՏՔԹ. ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑ

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական՝ տքթ. Յակոբ Այնթապլեանը, որ վերջին տարիներուն Հայաստան հաստատուած է եւ այս օրերուն ձեռնարկի մը առթիւ քաղաքս կը գտնուի։ Այցելութեան ընթացքին իրեն ընկերացան Երեւանէն՝ լրագրող Վահագն Զաքարեան եւ մեր համայնքէն մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան, որ կ՚ուղեկցի իրեն։

ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ ՄԵՐ ՄԷՋ

Յայտնի գրող՝ տքթ. Յակոբ Այնթապլեան այս օրերուն կ՚այցելէ Պոլիս։ Ան օդակայանին մէջ դիմաւորուած է մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեանի կողմէ, որ զանազան ձեռնարկներու ընթացքին կը մեկնաբանէ հեղինակի գործերու հիման վրայ յօրինուած կտորներ։

ՈՐԴԻԱԿԱՆ ՅԱՐԳԱՆՔ ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց բանասէր տքթ. Սեւան Տէյիրմենճեանը, որ վերջին օրերուն գիտաժողովի մը մասնակցեցաւ Երեւանի մէջ։ Օգտուելով իր կեցութեան առիթէն ան քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Վեհափառ Հայրապետին՝ ստանալու համար իր օրհնութիւնը եւ արտայայտելու համար իր որդիական ակնածանքը։

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ քաղաքիս Ֆրանսական պալատին մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։ Ֆրանսայի Ազգային տօնին՝ 14 յուլիսի առթիւ սարքուած ընդունելութիւնը այս տարի քանի մը օր կանուխ տեղի ունեցաւ։

ՏԱՂԱՒԱՐԻ ՀՐՃՈՒԱՆՔ ԵՒ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՊՐՈՒՄ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ հանդիսաւորապէս նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը։ Այս տարի եւս Վարդավառը առիթ դարձաւ, որպէսզի հաւատացեալները թէ՛ տաղաւարի հրճուանքը ապրին եւ թէ աւանդութիւններու վերապրումով բարձր տրամադրութեամբ համակուին։

Էջեր