ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ

Երէկ, Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Վերափոխման տաղաւարին առթիւ ստեղծուեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտ։ Տօնակատարութիւններուն նախագահեց, տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց եւ օրուան պատգամը տուաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ հաւատացեալներուն առատօրէն բաշխեց իր օրհնութիւնը։ Տաղաւարի Ս. Պատարագի աւարտին, Նորին Սրբազնութեան հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ նաեւ խաղողօրհնէքի կարգ։ Հաւատացեալները օրհնուած խաղողի ողկոյզներէն բաժին ստացան՝ հաղորդ դառնալով օրուան խորհուրդին։

Այս բոլորէն վերջ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ նաեւ շարք մը սրբանկարներու օծման արարողութիւնը, որուն Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարին համընկնիլն ալ տարբեր նշանակութիւն ունեցաւ յաչս բոլորին։ Պաքըրգիւղի երէկուան արարողութիւններուն ընթացքին երգեցողութիւնները կատարուեցաւ Քառասուն Մանկանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սէրճան Կազէրօղլուի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Օծեալ սրբանկարները ընդհանուր առմամբ չորս հատ էին՝ երկուքը Ս. Մարիամ Աստուածածինը կը խորհրդանշեն, մին հայոց հաւատքի հայր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը, իսկ միւսը Հոգեգալուստը։ Տաղաւարի արարողութիւններուն ընթացքին Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արամ Սրկ. Պարոնեան եւ այլ դպիրներ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ բոլոր հիւրերը համախմբուեցան՝ Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ տիկնանց կազմին կողմէ սարքուած սեղաններուն շուրջ։ Ատենապետուհի Մարի Եանճըի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ թէ՛ հիւրերուն եւ թէ թաղեցի բոլոր հաւատացեալներուն նկատմամբ, որոնք հոգեւոր բաւարարութեան զգացումով իրենց բնակարանները տարին օրհնուած խաղողի ողկոյզներ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 19, 2024