ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՆՇԱՆ ԵԱՂՈՒՊԵԱՆԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ
Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին ոգեկոչեցին բարեյիշատակ Նշան Եաղուպեանը՝ մահուան երկրորդ տարելիցին առթիւ։ Նշան Եաղուպեան, որ երկու տարի առաջ մահացած էր, ճարտարապետութեան բնագաւառին մէջ դարձած էր կենդանի առասպել մը, նաեւ իր կարեւոր նպաստը բերած՝ թրքահայ զանազան հաստատութիւններու։
Իր ոգեկոչման առթիւ համայնքային բազմաթիւ վարիչներ բիւր յարգանքով համախմբուեցան անոր բարոյական ներկայութեան շուրջ։ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ հանգուցեալ Նշան Եաղուպեանի յաւիտենական նենջի հանգստութեան համար։
Եկեղեցւոյ արարողութիւններէն վերջ, բոլորը ուղղուեցան դէպի Ուզունչայըրի գերեզմանատունը, ուր կը գտնուի լուսահոգի Նշան Եաղուպեանի շիրիմը։
Այստեղ ալ հոգեհանգստեան պաշտօն մը կատարուեցաւ՝ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի գլխաւորութեամբ։
Նշան Եաղուպեանի վերյիշման ներկայ գտնուեցան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան, Ղալաթիոյ խնամակալութեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի, Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան եւ «Հայճար»ի վարչութեան ատենապետները կամ ներկայացուցիչները, որոնք իրենց խոնարհումը բերին հանգուցեալի բարի եւ ազնիւ յիշատակին առջեւ: