ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ ԱՌԵՐԵՍՈՒՄ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս տագնապեցուցիչ մշտական գործօնի մը վերածուած է՝ վարժարաններու նիւթական աննկարագրելիօրէն ծանր բեռը:
Գումգաբուի տարեմուտի ընդունելութեան ժամանակ ստեղծուած մթնոլորտը եկաւ հերթական անգամ ապացուցանել, որ համայնքը բարեփոխումներու անյետաձգելի հրամայականին դէմ յանդիման կը գտնուի՝ վարչատնտեսական գետնի վրայ արդիւնաւէտութեան բարձրացման հասնելու համար: Առկայ փակուղին հետզհետէ սպառնալիքի մը կրնայ վերածուիլ՝ մարդուժի պատրաստութեան կենսական ընթացքը լրջօրէն կաղացնելու վտանգաւոր հեռանկարով: Նորընտիր վարչայիններուն տեսակէտէ հրատապ օրակարգ կը համարուի միջոցներու բաժնումը: