Օրակարգի նիւթերը

Պատկառելի պատկեր

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համերգը արձանագրեց բացառիկ յաջողութիւն մը։ CRR-ի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին արձագանգները կը շարունակուին։

ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ՝ ՀԲԸՄ-Ի 93-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ (3)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 93-րդ ընդհանուր ժողովի քննարկումներու ամբողջին մէջ կարմիր թելի նման զգալի էր այն հարցումը, թէ ի՞նչ է հայ ըլլալը այսօր։ Սա հիմնական հարցում մըն է եւ զարմանալի չէ, որ ՀԲԸՄ-ի նման աւելի քան 100-ամեայ հաստատութեան մը օրակարգին վրայ ալ կը գտնուի՝ հակառակ անոր ձեւաւորուած աւանդութիւններուն եւ նախընթացներուն։

ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ՝ ՀԲԸՄ-Ի 93-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ (2)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 93-րդ ընդհանուր ժողովը անկիւնադարձային էր։ Արդարեւ, ընդհանուր ժողովի մասնակիցները նոյնաժամանակ հաղորդ դարձան երկու նախագահի պատգամին։

ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ՝ ՀԲԸՄ-Ի 93-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ (1)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 93-րդ ընդհանուր ժողովի լոյսին տակ դուռ կը բացուի բազմակողմանի դիտարկումներու։ Ըստ էութեան, Նիւ Եորքի մեծ հաւաքի ընթացքին արժեւորուեցան հաստատութեան բազմակողմանի գործունէութեան բոլոր ուղղութիւնները։

ԲԱՐՁՐՈՐԱԿ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ ՈՒ ՀՄԱՅՔՈՎ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 93-րդ ընդհանուր ժողովի ծրագիրը ինչպէս աշխատանքային, այնպէս ալ երաժշտական տեսակէտէ յագեցած էր։ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի այս հաւաքին մասնակիցները զանազան փուլերու մէջ հնարաւորութիւն ունեցան շփուելու բարձրորակ երաժշտութեամբ։

ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովի համայնապատկերը…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) 93-րդ ընդհանուր ժողովը բազմակողմանի աշխատանքի եւ ծաւալուն քննարկումներու թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպուած մեծ հաւաքը զանազան խորհրդածութիւններու դուռ կը բանայ՝ քանի ուղղակի կամ անուղղակի անդրադարձ կատարուեցաւ այնպիսի հիմնահարցերու, որոնք այժմ հրատապ առաջնահերթութիւն կը համարուին հայութեան օրակարգին վրայ։

Սամաթիոյ մէջ տրուած պատգամները եւ արդիւնաւէտութեան լուրջ հարցը…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ մարտահրաւէրները՝ երկար ժամանակէ ի վեր կուտակուած խնդիրներու հետեւանքը կը համարուին։ Անտարբերութեան եւ վարչական կարճատեսութեան անխուսափելի հետեւանքները համայնքը ներկայիս մատնած են անելի։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՈՒՂԻՂ ՇՓՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԽՏՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Անգարա-Երեւան բնականոնացման որոնումներու համայնապատկերին վրայ ուշագրաւ դարձած են Էրտողանի եւ Փաշինեանի յաճախակի ժամադրութիւնները:
Նախագահին ու վարչապետին միջեւ Նիւ Եորքի Թրքական տան երդիքին տակ երէկ փոխանակուած գրականութիւնը հետաքրքրական ազդանշաններ կու տայ երկու երկիրներու արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն տեսակէտէ:

ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏՈՒԹԻՒՆԸ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեւանի «Մերիտիան» կեդրոնի եռօրեայ աշխատանքի աւարտին մասնակիցները արձանագրեցին բազում հում միտքեր, որոնք յառաջիկայի կրնան հասարակաց յայտարարներու վերածուիլ ու կրնան խմորուիլ տեղական առանձնայատկութիւններու լոյսին տակ: Համահայկական հարթութեան վրայ հետզհետէ կը ձեւաւորուի նոր օրակարգ մը, որու առաջադրանքները կ՚ենթարդրեն առկայ տուեալներու պակասի յաղթահարումն ու թուային շտեմարաններու հաստատումը:
Համաշխարհային հայկական երկրորդ գագաթաժողովը երէկ եզրափակուեցաւ հեռանկարային սպասումներով: Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձին առթիւ մեծ ոգեւորութիւն:
Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան հորիզոնին վրայ կարեւոր նշանակութիւն կը ստանայ փոխադարձ պատասխանատուութիւններու չափաբաժնի հաւասարակշռումը բոլոր կենսական ուղղութիւններով:
Համազգային ձգտումներու արդի պատումն ու բանաձեւումները կը բիւրեղանան՝ մասնագիտական ներուժի արժեւորման եւ յաւակնոտ ու մրցունակ ներդրումային միջավայր մը ստեղծելու առանցքներուն շուրջ:

ԵՐԱԶԱՆՔՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱԿԷՏՈՎ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովի եռօրեայ ծաւալուն աշխատանքը այսօր կ՚աւարտի: Երեւանի «Մերիտիան» կեդրոնի բազմակողմանի քննարկումները անկաշկանդ ու բաց խօսակցութիւններու թատերաբեմը հանդիսացան՝ քանի անկեղծ երկխօսութիւնը բազմապատկիչ գործօններ ստեղծելու անհրաժեշտ նախապայմանը կը համարուի:
Փոխադարձ զարգացման ճանապարհ:
Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ նոր չափումներ:
Համահայկական հարթութեան վրայ հետզհետէ առաջնահերթ կը դառնայ առկայ խնդիրներու պարագային թիրախային արձագանգի դրութիւններու հաստատումը՝ մինչ համագործակցութեան ընդհանուր հունը բոլորը կ՚առաջնորդէ՝ դէպի մարդուժի պատրաստութեան եւ ժողովրդագրական մարտահրաւէրներու դիմագրաւման հետամուտ ռազմավարութեան ձեւաւորումը: Համազգային մտայնութեան եղափոխութեան ծիրէն ներս ի յայտ կու գայ համակարգային լուծումներով ընթանալու նկատմամբ ընդգծեալ նախապատուութիւնը՝ սերնդափոխութեան զուգահեռ:

Էջեր