Օրակարգի նիւթերը

Ուսուցչաց օրուան առթիւ կոչ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Այսօր Ուսուցչաց օրն է։ Կրթական մշակներու մեծարման, անոնց նկատմամբ յարգանքի թարմացման, երախտագիտական արտայայտութեան հերթական փուլը… Պոլսահայ կրթական համակարգն ալ կը նշէ Ուսուցչաց օրը՝ ուրոյն ձեւով եւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին յարիր աւանդութիւններով։

Նախագահ Էրտողանի հետ ձեռնուելու պահը եւ ակնթարթի մը խոհեր

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

29 Հոկտեմբերը այս տարի արտասովոր էր, իսկապէս։ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակը նշուեցաւ մեծ շուքով։ Մեծ յոբելեանը բովանդակ երկրին մէջ նշուեցաւ. պատմական դրուագները կը յիշուին երկար։ Դարադարձը արդարացաւ, իսկապէս։

Օրթագիւղի հաւաքոյթին ընթացքին Աքսել Թոփալեան. «Ճիշդ է Պետրոս Շիրինօղլուին ըսածը, պէտք է միանալ, 2800 աշակերտի համար շատ է 13 վարժարանը»

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի հաշուետուական հաւաքոյթին ժամանակ ծաւալուած քննարկումները թէ՛ ընդհանուր առմամբ կարեւոր նշանակութիւն ունէին եւ թէ 2023-2024 շրջանի սիրոյ սեղաններու սկիզբին ընդառաջ նոյնքան կարեւոր արձանագրումներու առիթ դարձան։

Համայնքային հարցերու լուծումէն խուսափելու համար նոր պատրուակ. սպասել հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ենթադրեալ ընտրութեան

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ՝ նախընթաց օր կազմակերպուած հաշուետուութեան հաւաքոյթը կարեւոր դիտարկումներու եւ խորհրդածութիւններու դուռ կը բանայ՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի այժմու իրադրութեան շուրջ:

ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒՀԱՆ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի կողմէ Նախիջեւանէ վերադարձի ճանապարհին կատարուած յայտարարութիւններու լոյսին տակ:
Թուրքիա Ատրպէյճանի հետ թանտեմը այնպիսի մակարդակի մը հասցուցած է, որ այլեւս Ռուսաստանի հետ առաջուան նման որակով համագործակցելու պէտք չունի՝ Հարաւային Կովկասը տոմինասիոնի տակ պահելու համար:
«Զանգեզուրի միջանցք» բանաձեւումին պարունակութիւնը պիտի բիւրեղանայ յառաջիկայ իրադարձութիւններով, ինչ որ պիտի պայմանաւորէ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւնները:

ԳԵՐԱԴԱՍԵԼ ՄՇՏԱԿԱՆԸ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութենէն հասած վերջին լուրերը նոր օրակարգի մը դուռ կը բանան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան յարաբերութիւններուն ու համագործակցութեան առջեւ կ՚ուրուագծուին վերաշխուժացման իսկական հեռանկարներ։

BEYOĞLU ÜÇ HORAN ERMENİ KİLİSESİ VAKFI’NDA YENİ DÖNEMİN İLK ADIMLARI

ARA KOÇUNYAN

Beyoğlu Üç Horan Ermeni Kilisesi Vakfı'nda son dönemde yaşananlar, daha doğrusu seçim sonrası gelişmeler Türkiye Ermeni toplumunun gündeminde öncelikli olarak dikkat çekiyor. Esayan Lisesi mezunlarının geleneksel toplantısı yıllar sonra yeniden düzenlendi. Vakıf bünyesindeki bu büyük eğitim kurumunun hem kurucu temsilcisi hem de ortaokul ve lise bölümlerinin müdürlerinin değişeceği resmen açıklandı.

ԱՐԱՐՈՂԱԿԱՐԳԷՆ ԱՒԵԼԻՆ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հանրապետութեան նախագահին երդման արարողութիւնը դրական ազդակի մը դուռ բացաւ՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին համար:
Բացառիկ նախաձեռնութիւն:
Էրտողան եւ Փաշինեան շփուեցան գագաթի վրայ, եզակի պայմաններով եւ թրքական կողմի տանտիրութեամբ կազմակերպուած ուրոյն միջավայրի մէջ, ուրկէ չէր բացակայեր նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ:
Վարչապետի ներկայութեամբ խորհրդանշուած ժեսթը եկաւ որոշ չափով հաւասարակշռել՝ Անգարա-Երեւան առանցքին վերջին շրջանին յառաջացած ցնցումը: Միջազգային ընտանիքի վառ դէմքերու ուշադրութենէն չսպրդեցաւ հայկական կողմին կարեւոր քայլը:
Պեշթեփէի համալիրի պաշտօնամուտի հանդիսութիւնն ու Չանքայայի ապարանքի ընթրիքը տեղի ունեցան՝ թրքահայ համայնքի ներկայացուցիչներու եւ նորընտիր երեսփոխան Սվաճըօղլուի մասնակցութեամբ:

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ԻՆ

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Նորին Ամենապատուութիւնը վճռական՝ Սուրբ Աթոռի գերագոյն շահերու պաշտպանութեան ուղղութեամբ:
«Չենք հանդուրժեր, որ անձնական հաշիւներու նկրտումներով վնաս հասցուի հայոց վանքին եւ ամէն ինչ կը լուծուի բարւոք ձեւով»:

Էջեր