ԱՆՀԱՏ, ՀԱՅՐ, ԻՐԱՒԱԲԱՆ, ՔԱՀԱՆԱՅ, ՀԵՂԻՆԱԿ…
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Բոլոր կառոյցները աշխարհի վրայ թէեւ կը հիմնուին անձերու կողմէ, սակայն, առաջին իսկ քայլափոխին կ՚ունենան լիարժէք կայանալու, ամբողջական իմաստով հաստատութիւն մը դառնալու ձգտումը։ Սա է, ըստ էութեան, կատարելագործումի եւ վերելքի ճանապարհը։