Անժամանակի մէջ անժամանցելին…
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Անցաւ-գնաց տարի մըն ալ, մեր առջեւն է արդէն նորը։ Մարդ արարածը միշտ ունի նո՛ր կեանքի մը ձգտումը, մղումը։ Վերանորոգ կենսունակութեան որոնումներուն մէջ առանձնայատուկ խորհրդանշան մըն է նոր տարին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Անցաւ-գնաց տարի մըն ալ, մեր առջեւն է արդէն նորը։ Մարդ արարածը միշտ ունի նո՛ր կեանքի մը ձգտումը, մղումը։ Վերանորոգ կենսունակութեան որոնումներուն մէջ առանձնայատուկ խորհրդանշան մըն է նոր տարին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Այս օրերուն թրքահայ մամուլի մատնուած վիճակը դարձած է հրատապ օրակարգ։ Պատրիարքական Աթոռը փորձեց այս հարցին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրել, շօշափելի քայլով մը յատկացում մըն ալ ըրաւ մամուլին, սակայն, առ այժմ յայտնի չէ համայնքային հաստատութիւններուն վերաբերմունքը։ Լուռ են վարչայինները, որոնք կը տնօրինեն միջոցները։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Տարի մը առաջ ստորագրուեցաւ հայոց պատմութեան ամենածանր պետական-իրաւական փաստաթուղթերէն մին, որով վերջ գտաւ Արցախի երկրորդ՝ 44-օրեայ պատերազմը։ Ծանր պարտութեան տակ ընկճուած է ամբողջ հայութիւնը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու խնդիրը այս շրջանին դարձեալ գետի նման վարարած է օրակարգի վրայ։ Թէեւ փոքրամասնութիւններուն տեսակէտէ հրատապ բնոյթ ունի այս հարցը եւ երկար ժամանակէ ի վեր առաջնահերթութիւն դարձած է, սակայն, լուծման ճանապարհին վրայ բեկումի մը արձանագրումը կախում ունի պետական պատկան մարմիններէն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պառակտումն ու անկազմակերպ աշխատանքը, դժբախտաբար, թրքահայ իրականութեան հիմնական ստորոգելիներէն դարձած են։ Ամէն մարզէ ներս մեր համայնքային կառոյցները կը գործեն առանց համակարգելու աշխատանքները։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Ամենայն Հայոց Տ. Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն կ՚իրականացնէ շարք մը ուղեւորութիւններ, որոնք կարեւոր նշանակութիւն ունին հայութեան առկայ հրատապ օրակարգին տեսակէտէ։ Անցեալ շաբթուան կէսին ան մեկնած էր Հռոմ, իսկ այսօր Մոսկուայի մէջ է արդէն։ Հռոմի եւ Մոսկուայի շփումներուն բնոյթը թէեւ տարբեր է, սակայն, այսքան մօտիկ ժամկէտով երկու այցելութիւն ինքնաբերաբար կը ստեղծէ ամբողջ մը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Աշխարհի որեւէ պետութիւն դժուար թէ կարողանայ անմիջապէս յաղթահարել՝ Հայաստանի այսօր մատնուածին նման խոր տագնապ մը։ Երկիրը վիթխարի ցնցումէ մը անցած է եւ նման պարագաները հրամայական կը դարձնեն պաղարիւնութիւնը, համբերութիւնը, որովհետեւ միայն աստիճանաբար կարելի է բնականոնացնել, հնարաւորինս բարելաւել կացութիւնը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի համայնապատկերը բաւական գունատած է միջոցէ մը ի վեր։ Համայնքը կաթուածահարման եզրին հասած է՝ վաղուց կուտակուած խնդիրներու ծանր հետեւանքներով։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարասփիւռ զաւակներուն հայեացքը այսօր դարձեալ ուղղուած է դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Այսօր ո՛չ տաղաւար է, ո՛չ տօն, ո՛չ կարեւոր ժողով մը կամ հանդիպում մը կայ եւ ո՛չ ալ նախատեսուած է ձեռնարկ մը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայոց արդի պատմութեան բոլոր հիմնական ողբերգութիւնները, ներառեալ ցեղասպանութիւնն ու Առաջին Հանրապետութեան անկումը, ընդհանրապէս, համաշխարհային գործընթացներու ամբողջին մէջ պատահած են, ըստ էութեան, խօսքը կը վերաբերի Առաջին Աշխարհամարտի շրջանին։ Այդ նոյն ժամանակաշրջանին համընկնած է Կարմիր յեղափոխութիւնը, որ նոր վիճակ մը ստեղծած է տարածքաշրջանի մէջ։