Օրակարգի նիւթերը

Տարեմուտի իրերայաջորդ այցելութիւններ…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երեք տարիէ ի վեր՝ տուեալ տարեմուտին կ՚այցելէ Թուրքիա։ Սա Անգարա-Երեւան առանցքի վերջին տարիներու նոր աշխուժութեան յարիր երեւոյթ մըն է։

Ի՞նչ ակնկալել՝ պատկառազդու արարողակարգէն անդին…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ամբողջ աշխարհի մէջ ակնյայտօրէն կ՚ահագնանայ քաոս մը, որուն համար կը նախընտրուի՝ ուժերու վերադասաւորման շրջանի բանաձեւումը։ Սա մղձաւանջ մըն է հայութեան համար՝ քանի պատմութեան ընթացքին միշտ այսպիսի պահերու մէջ հայոց պետականութիւնը անկում ունեցած է։

ԱՄԷՆ ԻՆՉ ՊԱՐԶ Է

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

2024-ի տարեմուտին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի վարչական փակուղին կը խորանայ՝ մասնաւորապէս համայնքային վարժարաններու ցանցին տարիներէ ի վեր յետաձգուած եւ անյաղթահարելիօրէն կուտակուած խնդիրներուն ազդեցութեամբ. առկայ մարտահրաւէրները պայմանաւորեցին նաեւ Գումգաբուի ընդունելութեան մթնոլորտը:
Տագնապը կ՚ահագնանայ՝ քանի երկար ժամանակէ ի վեր ներդրում-արդիւնք յարաբերակցութիւնը դիտումնաւոր չի հաշուարկուիր, հաւաքական կարիքները առարկայականօրէն չեն արժեւորուիր եւ նիւթական միջոցները անխնայօրէն կը մսխուին՝ բաղձալին իրականի վերածելու անիրատես ձգտումով, ինչ որ կ՚ուղղորդուի աճպարարութիւններու դիպաշարով, նաեւ արհեստական օրակարգի սնուցմամբ:

Յիշեցում

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Սփիւռքի տեսակէտէ որքա՜ն տխուր եւ վրդովեցուցիչ է՝ տարեսկիզբի տրամադրութիւններով տեսնել, թէ Հայաստանի մէջ Հանրային հեռուստակայանին կողմէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը զրկուի ձայնի իրաւունքէ։

Պէյօղլու…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան արդիւնքի վիճարկման համար բացուած դատին ընթացքը մեծ աղմուկ ստեղծած է։ Ընտրութեան մէջ պարտուած, քուէարկութեամբ ժողովրդական հաւանութեան չարժանացած «կողմ»ին բացած դատը այժմ կը վերածուի հետաքրքրական դիպաշարի մը։

Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի հաշուետուութեան հաւաքոյթը եւ երկու կարեւոր արձանագրում…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած՝ նախընթաց օրուան հաշուետուական հաւաքոյթը շատ կարեւոր իրադարձութեան մը վերածուեցաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Այս ձեռնարկը, ըստ էութեան, յատկանշական բանալիներ մատուցեց այն սահմանումներուն մասին, որոնք վարչակազմակերպչական գետնի վրայ աստիճանաբար պիտի ընդհանրանան ապագային։

Էջեր