ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ՏԵՍԱՐԱՆ ՄԸ
Կ՚ուզեմ այսօր ձեզի ներկայացնել Աւետարանէն հատուած մը, եւ առանց որեւէ բացատրութեան հարցնել, թէ՝ շուրջ երկու հազար տարի առաջ Յիսուսի պարզած տեսարանը ո՜րքան կը պատշաճի մեր օրերուն՝ իբր թէ ա՛յսօր խօսուած ըլլային անոնք։ Սովորական երեւոյթներ, ամէնօրեայ տեսարաններ, յաճախ տեսնելու եւ ապրելու հարկադրուած իրողութիւններ՝ որոնք ամէն շրջանի, ամէն լրջախոհ անձերու ցաւ է պատճառած եւ մտահոգութեան առարկայ է դարձած։ Ուրեմն կարդանք հատուածը։
«Ապա Յիսուս ժողովուրդին եւ իր աշակերտներուն ըսաւ.- Մովսէսի աթոռը նստած Օրէնքի ուսուցիչներն ու փարիսեցիները։ Իրենց ըսածներուն հնազանդեցէք եւ կատարեցէ՛ք զանոնք. սակայն մի՛ ընէք ինչ որ իրենք կ՚ընեն. քանի որ անոնք կը սորվեցնեն, բայց չե՛ն կատարեր։ Անոնք ծանր եւ դժուարակիր բեռներ կը դնեն մարդոց ուսերուն, մինչ իրենք նոյն բեռները կրելու նուազագոյն ճիգն իսկ չեն ըներ։ Ի՛նչ որ կ՚ընեն, մարդոց երեւելու համար կ՚ընեն։ Իրենց դրամապանակները կը լայնցնեն եւ իրենց հագուստներուն ծոպերը կ՚երկնցնեն։ Ընթրիքներու ընթացքին պատուոյ տեղերը գրաւել կը սիրեն եւ ժողովարաններու մէջ՝ առաջին աթոռնե՛րը։ Իրենց գրապանակները, այսինքն թղթապանակները կարելի եղած չափով լեցուն ցոյց տալու կ՚աշխատին։
«Կը սիրեն հրապարակներու վրայ մարդոցմէ բարեւներ ընդունիլ եւ -վարդապե՛տ,- այսինքն -ուսուցի՛չ- կոչուիլ։ Բայց դուք ոեւէ մէկը -վարդապետ- մի՛ կոչէք, քանի որ դուք բոլորդ եղբայրներ էք եւ մէկ ուսուցիչ ունիք։ Երկրի վրայ ոեւէ մէկը -հայր- մի՛ կոչէք, քանի որ դուք մէկ Հայր ունիք, որ երկինքի մէջ է։ -Առաջնորդ- մի՛ կոչէք, քանի որ ձեր միակ առաջնորդը Քրիստո՛սն է։
«Ձեր մէջէն մեծը թող ձեր սպասաւորը ըլլայ։
«Ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ» (ՄԱՏԹ. ԻԳ 1-12)։
Այս երեւոյթները ծանօթ չե՞ն ձեզի, սիրելի բարեկամներ։ Գրեթէ ամէն օր, գոնէ մէկ-երկու անգամ չէ՞ք դիմաւորուիր նման դէպքերու, մարդկային արարքներու…։ Փորձեցէք, սիրելիներ, ուշադրութեամբ դիտել ձեր շուրջը՝ ո՜վ գիտէ քանի անգամներ պիտի հանդիպիք՝ գրապանակները լայնցնող, աթոռներու առաջին տեղերը բազմելու տենչով վառուող, ինքնակոչ ու կարծեցեալ դիրքերու եւ աստիճաններու տիտղոսներով կանչուելու անդիմադրելի փափաքով ամէն ինչ՝ ամէն արժանիք ու արժանապատուութիւն զոհելու պատրաստ ունայնամիտներու, որոնք շատ հեռու չեն ձեզմէ, ամէն օր, ամէն պահ կը շրջին հոն ու հոս՝ ցուցամոլութեան ախտէն վարակուած՝ անդարմանելի եւ անբուժելի ախտաւորներ…։ Օտար չէ երեւոյթը։ Օտար չէ՛ եւ մանաւանդ սովորական եւ բնական է դարձած եւ ո՛չ ոք կը միջամտէ, ո՛չ ոք իր արդար իրաւունքը կը պաշտպանէ անոնց դէմ։ Կարծես ամէն ոք գոհ է իր վիճակէն՝ ընդունած է իրողութիւնը. «ճակատագիր» կոչուած քօղին, ծածկոյթին տակ ամէն մարդ իրեն վիճակածը կ՚ապրի՝ առանց մտածելու արդարութեան, իրաւունքի, հաւասարութեան, ազատութեան բարձր եւ մարդկային արժանիքն ու արժանապատուութիւնը վե՛ր բռնող արժէք։
Եւ երբ «իրաւունքը զօրաւորինն է», մոլորեցուցիչ մտածողութեամբ կը շարժին մարդիկ, ամէն բանէ առաջ իրենք զիրենք կը վիրաւորեն իրենց արժանապատուութիւնը։ Արդարութեան կշիռը իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու հաւասարակշռութեանը վրայ պէ՛տք է հաստատուած ըլլայ եւ ա՛յդպէս մնայ, եւ միայն այն ատեն է, որ մարդիկ երջանիկ կ՚ըլլան ընկերային կեանքի մէջ։ Ճակատագրապաշտ՝ մարդուս կեանքի ընթացքը ամլացնող մտայնութիւնը ո՛չ թէ խոնարհութիւն, այլ՝ իր կոչումին անհաւատարմութիւն է մարդուն։ Մարդ պէտք է անդրադառնայ իր դիրքին, գիտնայ իր տեղը՝ առաւել կամ պակաս, պէտք է գրաւէ այն տեղը՝ որուն արժանի՛ է, իրաւունքն է…։
Երբ կը կարդանք վերոյիշեալ հատուածը՝ կարծես ո՛չ թէ դարե՜ր առաջ, այլ ա՛յսօր ըսած կը թուի մեզի։ Այսօր ալ «առաջին ըլլալ»ու, առաջնակարգ տեղեր գրաւելու փափաքը կը յուզէ մարդիկ։ Նախանձ եւ անիմաստ մրցակցութիւն, ատելութիւն եւ նախատինք, դժբախտաբար անարգել կը տարածուին ամէնուրեք։ Ամէն մարդ պէ՛տք է գիտնայ իր տեղը, իրաւունքը, պարտաւորութիւնը՝ ազատութեան սահմանը եւ դիրքն ու աստիճանը։ Արդարեւ ո՛չ թէ տիտղոսները բարդուելով «մեծ» ու «բարձր» կ՚ըլլայ մարդ, այլ՝ իր նկարագրով, իր ինքնութեամբ եւ իրապէս արժանի կեցուածքո՛վ։ Քրիստոս իր կեանքով ասոր տիպարը եղաւ։
«Ձեր վրայ առէք իմ լուծը եւ ինձմէ սորվեցէ՛ք, քանի որ հեզ եմ եւ սրտով խոնարհ, եւ դուք ձեր հոգեկան հանգստութիւնը պիտի գտնէք» (ՄԱՏԹ. ԺԲ 29)։
«Արդ, եթէ ես՝ որ Տէր եւ Վարդապետ եմ՝ լուացի ձեր ոտքերը, դուք ալ պարտաւո՛ր էք իրարու ոտքերը լուալ։ Ես ձեզի օրինակ մը տուի, որպէսզի դուք ալ իրարու ընէք այն՝ ի՛նչ որ ես ձեզի ըրի» (Յովհ. ԺԳ 14-15)։
«Եթէ մէկը քեզ հարսանիքի կամ խնջոյքի հրաւիրէ՝ սեղանին գլուխը մի՛ նստիր, քանի որ կրնայ ըլլալ որ քեզմէ աւելի՛ յարգելի անձ մըն ալ հրաւիրուած ըլլայ։ Այն ատեն քեզ եւ զայն հրաւիրողը պիտի գայ եւ քեզի ըսէ՝ Տեղդ իրեն տուր։ Եւ դուն խայտառակ ըլլալով՝ ամենէն վերջին աթոռին պիտի նստիս։ Ընդհակառակը՝ երբ կը հրաւիրուիս՝ գնա՛ եւ վերջին աթոռին նստէ, որպէսզի երբ քեզ հրաւիրողը գայ, ըսէ քեզի.- բարեկա՜մ, վե՛ր հրամմէ։ Այն ատեն դուն հրաւիրեալներուն մօտ պատուըուած պիտի ըլլաս։ Որովհետեւ՝ ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, իսկ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ» (ՂՈՒԿ. ԺԴ 8-11)։ Եւ դարձեալ. «Եւ ահա այսպէս, շատեր որ հիմա վերջին են՝ առաջին պիտի ըլլան, իսկ շատեր որ առաջին են՝ վերջի՛ն» (ՂՈՒԿ. ԺԳ 30)։
«Որովհետեւ ով որ ձեր բոլորին մէջ փոքրիկն է, ա՛ն է մեծը» (ՂՈՒԿ. Թ 48)։
«Եթէ ձեզմէ մէկը ուզէ մեծ ըլլալ՝ պէտք է ձեր բոլորին սպասաւորը ըլլայ, եւ եթէ ձեզմէ մէկը ուզէ առաջի՛ն ըլլալ՝ պէտք է բոլորին ծառան ըլլայ, քանի որ Մարդու Որդին ի՛նքն ալ, չեկա՛ւ ուրիշներու կողմէ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու եւ իր կեանքը շատերու համար որպէս փրկագին տալու» (ՄԱՐԿ. Ժ 43-45)։
Իսկ Առաքեալը Յիսուսի մասին կ՚ըսէ.
«Ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող իր եւ ուրիշներուն մասին խորհի այն՝ ի՛նչ որ կը տեսնէ Յիսուս Քրիստոսի մէջ, որ թէպէտ բնութեամբ Աստուած էր, եւ Աստուծոյ հաւասար ըլլալը հռչակելը իրեն համար Աստուծոյ պատիւը յափշտակել չէր նշանակեր, բայց կամաւորաբար ինքզինք այդ պատիւէն մերկացուց՝ ծառայական մեր բնութիւնը իր վրայ առնելով, եւ մարդոց պէս եղաւ ու մարդկային կերպարանքով ճանչցուեցաւ։ Ինքզինք խոնարհեցուց եւ Աստուծոյ հնազանդեցաւ յանձն առնելով մա՛հը, եւ այն ալ խաչի մահը։ Ասոր համար ալ Աստ-ւած զԱյն շա՜տ աւելի բարձրացուց եւ իրեն տուաւ այն անունը՝ որ վե՛ր է բոլոր անուններէն, որպէսզի Յիսուսի անունին ծունկի գան բոլորը, երկնաւորներն ու երկրաւորները եւ սանդարամետականները, եւ ամէն լեզու դաւանի թէ՝ Յիսուս Քրիստոս Տէ՛ր է, Հայր Աստուածը փառաւորելու համար» (ՓԻԼԻՊ. Բ 5-11)։ Եւ բոլոր խոնարհները կը լսուին Աստուծոյ կողմէ, ինչպէս կ՚ըսէ Սաղմոսերգուն։
«Չմոռցաւ նեղուածներու աղաղակը» (ՍԱՂՄ. Թ 12), «Տնանկներու ցանկութիւնը լսեցիր, ո՛վ Տէր. անոնց սրտերը պիտի հաստատես ու քու ականջը պիտի խոնարհեցնես…» (ՍԱՂՄ. Ժ 17)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 23, 2015, Իսթանպուլ