ՀԱՄԱՏԵՍ ԱՒԵՏԱՐԱՆՆԵՐ

Ե­րեք «Հա­մա­տես Ա­ւե­տա­րան»նե­րը՝ Մատ­թէոս, Մար­կոս եւ Ղու­կաս ի­րենց ըն­թեր­ցող­նե­րուն կը ներ­կա­յաց­նեն Յի­սու­սի ան­ձը եւ գոր­ծը, ո­րոնց մա­սին ըստ բա­ւա­կա­նին ամ­բող­ջա­կան եւ խիստ կեն­դա­նի եր­րեակ պատ­կե­րը կը գծեն։ Բայց չոր­րորդ Ա­ւե­տա­րա­նին՝ Յով­հան­նէ­սի հետ մարդ կար­ծես Սրբա­րա­նին սրա­հին մէջ իսկ կը թա­փան­ցէ, եւ Աս­տու­ծոյ Որ­դիին հետ կ՚ու­նե­նայ այն­քան մտե­րիմ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն մը, որ գոգ­ցես Ա­նոր սրտին բա­բա­խում­նե­րը կը նշմա­րէ։ Մինչ­դեռ միւս ե­րեք Ա­ւե­տա­րան­նե­րը գլխա­ւո­րա­բար Նա­զա­րէ­թի, Մար­գա­րէին հրա­պա­րա­կա­յին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կը նկա­րագ­րեն ման­րա­մաս­նօ­րէն։

Ար­դա­րեւ Յով­հան­նէս հա­զիւ կը յի­շէ Ա­նոր հրա­պա­րա­կա­յին հրաշք­նե­րէն մէկ քա­նին, եւ ա­նոնք ալ՝ միա՛յն երբ կար­ծես ի­րեն ա­ռիթ մը կ՚ըն­ծա­յեն մաս­նա­ւոր խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րե­լու։ Չ՚ա­ւան­դեր Ա­նոր հրա­պա­րա­կա­յին եւ ժո­ղովր­դա­կան քա­րո­զու­թիւն­նե­րը, եւ ո՛չ մէկ իս­կա­կան ա­ռակ մը, այլ եւ մա­նա­ւա՛նդ մտեր­մա­կան վի­ճա­բա­նու­թիւն­ներ ու խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ։

Յով­հան­նէ­սի ա­ռաջ­նա­կանգ դի­տա­ւո­րու­թիւ­նը չէ՛ հայ­թա­թել կեն­սագ­րու­թիւն մը ա­ւե­լի՛ լիա­կա­տար եւ ա­ւե­լի ճշգրիտ, քան ա­նոնք՝ ո­րոնք ար­դէն հրա­պա­րա­կի վրայ կը գտնուէին։ Ե­թէ հոս հոն այն­պէս կը պա­տա­հի, որ կ՚ուղ­ղէ միւս Ա­ւե­տա­րա­նիչ­նե­րուն ա­ւան­դած­նե­րը, զորս ար­դէն ծա­նօթ կը հա­մա­րի, մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն մը չի տար այդ դի­տո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Իր գլխա­ւոր փա­փաքն է իր ըն­թեր­ցող­նե­րուն հա­ւատ­քը լու­սա­ւո­րել եւ հաս­տա­տել այն­պի­սի հա­ւատ­քի մը ա­ռաջ­նոր­դել զա­նոնք՝ որ «ըն­դու­նին» Յի­սու­սը, եւ «կեանք»՝ Ա­նոր մի­ջո­ցաւ, որ ե­րե­սան­կեալ խո­նար­հին յա­րու­ցե­լոյն ո­տիցն առ­ջեւ եւ Թով­մա­սի նման ը­սեն ա­նոր. «Իմ Տէ՛րս եւ իմ Աս­տուա՜ծս»։­

Այս կեր­պով է, որ եր­կու զու­գըն­թաց հո­սանք­ներ կ՚ե­րե­ւին իր Ա­ւե­տա­րա­նին մէջ։ Մէկ կող­մա­նէ կը պատ­մէ, թէ ի՛նչ­պէս ծնան ու զար­գա­ցած է հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն հա­ւատ­քը, եւ միան­գա­մայն ի յայտ կը բե­րէ ծա­գու­մը եւ ա­ճու­մը ան­հա­ւա­տու­թեան հա­կա­ռա­կորդ­նե­րուն, զորս «Հրեա­ներ» կը կո­չէ խիստ յա­ճախ։

Եւ ո­րով­հե­տեւ Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ էր, որ Յի­սուս հան­դի­պե­ցաւ ա­մե­նէն յա­մառ եւ ա­մե­նէն մա­հա­ցու դի­մադ­րու­թեան։ Յով­հան­նէս կը պատ­մէ Յի­սու­սի յա­ջոր­դա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը մայ­րա­քա­ղա­քին, եւ հա­զիւ հազ կը յի­շա­տա­կէ Ա­նոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը Գա­լի­լիա­յի մէջ. մինչ­դեռ ա­ռա­ջին ակ­նար­կով, այն­պէս պի­տի թուէր միւս Ա­ւե­տա­րա­նիչ­նե­րուն հե­տե­ւե­լով, թէ Յի­սուս գրե­թէ եր­բեք այ­ցե­լած չէ՛ Հրէաս­տան…։

Ա­ւե­տա­րան­նե­րը թի­ւով չորս են։ Այս չորս Ա­ւե­տա­րան­նե­րէն ա­ռա­ջին ե­րե­քը, ինչ­պէս ը­սինք, նկա­տա­ռե­լի կեր­պով նմա­նու­թիւն­ներ ու­նին, մինչ Յով­հան­նէ­սի Ա­ւե­տա­րա­նը կը տար­բե­րի միւս ե­րեք Ա­ւե­տա­րան­նե­րէն։

Ա­նոնց լե­զուն, նիւ­թե­րը եւ ա­սոնց դա­սա­ւո­րու­մը բա­ւա­կան նման են ի­րա­րու, եւ ա՛յս է պատ­ճա­ռը, որ այս ե­րե­քը կը կո­չուին «Հա­մա­տե­սա­կան Ա­ւե­տա­րան­ներ»։ Բո­վան­դա­կու­թեան նմա­նու­թեան օ­րի­նակ կա­րե­լի է առ­նել (Մատ­թէոս Թ 2-8), (Մար­կոս Բ 3-12) եւ (Ղու­կաս Ե 18-26) հա­տուած­նե­րը։ Նոյ­նիսկ շատ մը հա­մար­նե­րու բա­ռե­րը նոյնն են, ինչ­պէս՝ (Մատթ. Ժ 22), (Մարկ. ԺԳ 13) եւ (Ղուկ. ԻԱ 17)։ Պարզ հա­շի­ւով մը կը տես­նենք, որ Մատ­թէո­սի Ա­ւե­տա­րա­նին մէջ կայ Մար­կո­սի բո­վան­դա­կու­թեան 91 առ հա­րիւ­րը, եւ Ղու­կա­սի մէջ՝ 53 առ հա­րիւ­րը։ Այս տե­սա­կի նմա­նու­թիւն­նե­րը հար­ցեր կը յա­ռա­ջաց­նեն՝ գտնե­լու հա­մար ե­րեք Ա­ւե­տա­րան­նե­րու ծա­գու­մը։ Ար­դեօք հե­ղի­նակ­նե­րը հա­սա­րա­կաց աղ­բիւր մը ու­նէի՞ն. ար­դեօք ան­ջա­տա­բար գրուա՞ծ էին։

Ե­րեքն ալ օգ­տա­գոր­ծած են ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պա­հած բե­րա­նա­ցի ա­ւան­դու­թիւ­նը՝ իր տար­բե­րակ­նե­րով, միա­ժա­մա­նակ օգ­տուե­լով գրա­ւոր ա­ռա­ջին ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րէ՝ ա­ռան­ձին խօս­քե­րու թէ՛ մաս­նա­կի եւ թէ ամ­բող­ջա­կան բա­ժին­նե­րու. նաեւ աչ­քի տակ ու­նե­նա­լով մե­զի ծա­նօթ «մէկ» եւ կամ «միւս» Ա­ւե­տա­րա­նը…։

Մէկ­դի թող­լով ա­մէն ինչ, որ ուղ­ղա­կի՛ չի նպաս­տեր իր հե­տապն­դած նպա­տա­կին, Յով­հան­նէս կը ճգնի կար­ծես մա­տով շօ­շա­փել տալ իր Տէ­րոջ թէ՛ ի­րա­կան մարդ­կու­թիւ­նը եւ թէ անժխ­տե­լի Աս­տուա­ծու­թիւ­նը։ Ինք­զինք ծած­կե­լով ըստ կա­րել­ւոյն, կը պատ­մէ իր անձ­նա­կան հա­ւատ­քին, ինչ­պէս նաեւ իր բա­րե­կամ­նե­րուն եւ բազ­մա­թիւ ու­րիշ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն հա­ւատ­քին պատ­մու­թիւ­նը։

Եւ այս պատ­կեր­նե­րուն քով կը զե­տե­ղէ ու­րիշ պատ­կեր­ներ, ո­րոնք ցոյց կու տան, թէ ո­րո՛նք են հա­ւատ­քի ճշմա­նիտ ար­գելք­նե­րը, եւ ի՛նչ­պէս պա­տա­հած է որ այն­քան շա­տեր չեն հա­ւա­տա­ցած հա­կա­ռակ այն­քա՛ն ա­պա­ցոյց­նե­րու եւ այն­քան հրաշք­նե­րու։

Գի­տենք, որ յետ մա­հուան Մա­րիա­մի՝ Յի­սու­սի մօր, զոր Ա­ռա­քեա­լը իր տու­նը ըն­դու­նած էր, վեր­ջա­պէս ե­կաւ հաս­տա­տուիլ Ե­փե­սո­սի մէջ՝ որ ա­ռա­ջին դա­րուն վեր­ջե­րը քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղե­ցիին ճշմա­րիտ մայ­րա­քա­ղաքն էր։

Ուս­տի Ա­ւե­տա­րա­նը իր շա­ռա­ւիղ­նե­րը կ՚ար­ձա­կէր մօտն ու հե­ռուն. գլուխ ու­նե­նա­լով այս բազ­ման­դամ հա­սա­րա­կու­թեան՝ կազ­մուած եր­բեմն Պօ­ղո­սի ձե­ռամբ իր ու­ղե­ւո­րու­թեան մի­ջո­ցին։

Յով­հան­նէս նախ եւ ա­ռաջ մաս­նա­ւոր բա­րե­կամն էր. ան որ իր Տէ­րոջ սիր­տը կը կար­դայ, ան որ Ա­նոր մտեր­մու­թեան մին­չեւ խո­րե­րը կը թա­փան­ցէ, եւ այս՝ կ՚ե­րե­ւի, թէ սկսած է այն ան­մո­ռա­նա­լի ժա­մէն, երբ հար­ցու­ցած էր Ա­նոր. «Ո՞ւր է քու օ­թե­ւանդ»։

­Կը թուի, թէ Յի­սուս ա­նոր նկատ­մամբ բո­լո­րո­վին մաս­նա­ւոր հա­մակ­րու­թիւն մը զգաց. ան­տա­րա­կոյս քա­նի որ կը զգար, թէ ան էր, որ ա­մե­նէն լաւ կը հասկ­նար զԻնք, եւ թէեւ Պետ­րոս պա­հեց միշտ իր ա­ռաջ­նոր­դու­թիւ­նը, թե­րեւս իր տա­րի­քին, բայց մա­նա­ւանդ իր նկա­րագ­րին բեր­մամբ, եր­բե՛ք չ՚ու­զեր կոր­զել Յով­հան­նէ­սէ այն ե­զա­կան դիր­քը՝ զոր ան կը գրա­ւէր իր Վար­դա­պե­տին մտեր­մու­թեան մէջ։ Ուս­տի, այս եր­կու ա­ռա­քեալ­նե­րուն բնու­թիւն­նե­րը եւ նկա­րա­գի­րը զի­րար կ՚ամ­բող­ջաց­նէին ա՜յն­քան հիա­նա­լիօ­րէն։

Քիչ ա­տե­նէն Յով­հան­նէս մնաց միա՛­կը բո­լոր Ա­ռա­քեալ­նե­րէն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 20, 2015, Իս­թան­պուլ  

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2015